Որոնել

2023.05.31 Cardinal Gregorio Pietro XV Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (27)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Վարդանանց հերոսամարտի ԺԵ. դարադարձի առթիւ տուած պատգամին:

ԻԷ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Վարդանանց հերոսամարտի ԺԵ. դարադարձի առթիւ տուած պատգամին:

 

1951-ին՝ հայութիւնը կը նշէր Վարդանանց հերոսամարտի ԺԵ. դարադարձը: Այս առթիւ՝ Աղաճանեան Կարդինալ – Պատրիարքը յիշատակի ոսկեզօծ մետալներ պատրատել կու տայ ձեռամբ իտալացի արուեստագէտ հայասէր վարպետներու, անմահացնելու համար յիշատակը Վարդանանց հերոսամարտին: Արդարեւ, Աւարայրի ճակատամարտը մեր ազգային ու եկեղեցական պատմութեան ամենամեծ, ամենասխրալի դէպքերէն մէկն է: Իսկապէ՛ս, Կարդինալ Աղաճանեանին վրայ մեծ տպաւորութիւն թողած է Վարդանանց խորհուրդը, որուն մէջ ան հայու հարազատ ոգին կը տեսնէր: Ծիրանաւոր Հայրապետը զանազան առիթներով՝ իր ճառերու ընթացքին հետեւեալ սրտաբուխ գաղափարները արտայայտած է. «Վարդանանց պատմութեան մէջ այնպէս՝ ինչպէս զայն կը ներկայացնէ մեզի Եղիշէի ոսկեղէն մատեանը, կը գտնենք լուսատու ձայնը քրիստոնէական կեանքի ապրումին: Ղազար փարպեցի պատմիչը եւս կը բացատրէ մեզի Վարդանանց խորհուրդը: Այդ խորհուրդը կը կայանայ անոնց մեզի փոխանցած պատգամին մէջ. «Իմացեալ մահը անմահութիւն է», «Վասն Յիսուսի, վասն Հայրենեաց՝ յառա՛ջ»:

Եթէ դիւցազներգակ պամիչը Եղիշէն կարդանք, պիտի տեսնենք որ մեր Հայրերը ո՛չ միայն զէնք բարձրացուցին, այլ աղօթքով ամրացուցին իրենք զիրենք և իրենց աղօթքին վսեմագոյն աղաչանքն ալ էր. «Տէր Աստուած թոյլ մի՛ տար որ Ս. Եկեղեցիդ դառնայ այպն կատականաց թշնամւոյն». Եկեղեցիդ ծաղրելի չդառնայ քու թշնամիներուդ ձեռքը: 451 Մայիս 25-ին, մեր Հայրերը, Վարդանանք զօրավարք և ամբողջ բանակը այդ մեծ ճակատամարտին հոգեպէս պատրաստուեցան: Անոնք ամբողջ գիշերը աղօթքով անցուցին. Սեղաններ կանգնեցին: Անոնք որոնք որ մկրտուած չէին մկրտուեցան: Բոլորը Ս. Հաղորդութեան մօտեցան.  և զօրացած այսպէս դիմագրաւեցին այն զոհաբերութիւնը, որ իրենց առջեւ կը ցցուէր և որուն իրենք կ'երթային, գիտնալով հանդերձ որ թիւով աւելի նուազ էին քան թշնամիները. բայց գիտէին թէ հոգւով անպարտելի էին»:

Հետեւաբար, «Վարդանանց տօնակատարութեամբ պէտք չէ բաւականանաք վաղանցուկ զգացումներով. Ո՛չ: Վարդանանց յիշատակը գեղեցիկ առիթ մըն է դարձեալ մտաբերելու Վարդանի տեսլականը: Վարդանանց հերոսամարտը խղճի ազատութեան ի խնդիր մղուած պայքար մըն է. որուն մէջ կայ նաեւ քաղաքացիական ազատութիւնը: Խղճի ազատութիւնը Վարդանանց համար հաւատքի ազատութիւն էր»: Այս Ճառերուն մէջ մասնաւոր կերպով անդրադարձած է նաեւ եկեղեցական դասուն դերակատարութեան հայ ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական օրերուն. «Մենք չէինք ունենար Վարդան մը, եթէ անոր կողքին չունենայինք մեր մեծ եկեղեցականները՝ Ղեւոնդները:

Ուստի որպէսզի Վարդանանց տեսլականը կարենայ յաւերժանալ հայ ազգին մէջ, պէտք է որ բարձր մնայ հայ եկեղեցականութեան պատիւը, բարձր մնայ հայ եկեղեցականութեան համբաւը»: «Վարդանանք իրենց եկեղեցական դասին միջոցաւ Պարսից Յազկերտ արքային առջեւ դրին իրենց պատասխանը, ամուր վէմի վրայ հաստատուած հաւատքի այս խօսքը. «Յայսմ հաւատոց ոչ ոք կարէ խախտել զմեզ, ո՛չ հրեշտակք և ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուր և ո՛չ հուր. ո՛չ ջուր, ո՛չ ամենայն զինչ և են դառն հարուածք»: Անդրադարձած է նաեւ հայ ընտանիքի  կարեւորութեան, ըսելով. «Մենք չէինք ունենար Վարդան մը, եթէ չունենայինք Սահականոյշ մը, Վարդանի մայրը, որ կրօնասիրութեան և հայրենասիրութեան մէջ կրթէր մեր անմահ հերոսը»: Վարդանանց դիւցազնամարտը կը մնայ անջնջելի, անոր ոգեկոչումը կը հանդիսանայ յաւէտ ներշնչարան մը բարձրացումի, վսեմացումի, ազնուացումի, մեր հոգիին ու սրտին»:

Հուսկ՝ բոլոր դարերու Յազկերտներուն երեսն ի վար պէտք ենք գոչել. «Եթէ կ'ուզէք խլել մեր սրտէն Աստուծոյ սէրը, Քրիստոսի հաւատքը, ինչ ալ մեզի խոստանանք, մենք այդ բոլորը ոչինչ կը նկատենք»: Այս էր Վարդանանց խորախորհուրդ պատգամը, այդ պէտք է ըլլայ նաեւ մեր համոզումը: Ահա Վարդանանց ճակատամարտէն 15 դար ետք, մեր բաղձանքն է և մեր ջանքն է շարունակել սերունդը Ղեւոնդեանց, առ ի ծառայութիւն մեր բազմաչարչար ժողովուրդին:  

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2023, 08:00