ACS 2023 Զեկոյց. Կրօնական ազատութիւնը անարգուած է աշխարհի աւելի քան 60 երկիրներուն մէջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Աշխարհի վրայ 325 միլիոն քրիստոնեաներ ենթարկուած են Հալածանքի եւ կրօնական խտրականութեան։ Այս մէկը ի յայտ կու գայ Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Քահանայապետական հիմնարկի «ACS 2023» հաշուետուութենէն, որուն ներկայացումը տեղի ունեցաւ 22 Յունիսին` Հռոմի Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Իտալական դեսպանութեան մէջ։
Կրօնական ազատութեան կացութիւնը վատթարացած
Զեկոյցի պարունակութեան ներկայացումը կատարեց Ալեսսանտրօ Մոնթետուրոն, Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Իտալիոյ մասնաճիւղի տնօրէնը որ նշեց` թէ կրօնական ազատութեան կացութիւնը բարելաւումի մէջ չէ ու թէ աշխարհի 196 երկիրներէն 61ին մէջ տակաւին կը գործադրուին կրօնական խտրականութիւններ ու նաեւ թէ 4,9 միլիառ անձ, մոլորակի բնակչութեան 62 առ հարիւրը, կ՛ապրին երկիրներու մէջ, ուր կրօնական ազատութիւնը ծանրապէս սահմանափակ է։
Միջազգայինն հասարակութեան անշարժութիւնը
Ներկայացուած թիւերը կը վերաբերին 2021ի Յունուարէն մինչեւ 2022 դեկտեմբեր ժամանակահատուածի քննարկումին, ուր ի յայտ կու գայ նաեւ, թէ 49 երկիներու մէջ կառավարութիւններն են անոնք` որոնք կրօնական պատճառներու համար կը հալածեն իրենց քաղաքացիները, միջազգայինն հասարակութեան անշարժութեան դիմաց։
Զեկոյցին մէջ կան կարմիրով նշուած 28 պետութիւններ, որոնք կրօնը ազատօրէն դաւանելու աշխարհի ամենավտանգաւոր վայրեր համարուած են։ Այլ 33 նահանգներ նարնջագոյն են, որ կը վկայէ խտրականութեան բարձր մակարդակը։
Ափիրկէն ամենաբռնարար ցամաքամասը
Ափրիկէն դժբախտաբար կը շարունակէ ըլլալ ամենաբռնարար ցամաքամասը, ուր աճած են ժիհատիսթներու յարձակումները։ Ափրիկէին կը հետեւի Չինաստանը եւ Հիւսիսային Քորէան, ուր մարդու իրաւունքները եւ կրօնի ազատութիւնը խախտուած է։ Հնդկաստանը եւս մաս կը կազմէ այն երկիրներուն` ուր հալածանքի չափանիշերը աճում արձանագրած են։
ACS զեկոյցը կը դատապարտէ նաեւ մտքի, խղճի և կրօնի ազատութեան աճող սահմանափակումները այն երկրներուն մէջ, որոնք մաս կը կազմեն Եւրոպայի անվտանգութեան և համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ):
Չեղարկման մշակոյթը
Արդարեւ վերջին երկու տարիներու ընթացքին, իրենց հաւատքը բացայայտ կերպով արտայայտել և ապրիլ ուզող անձանց նկատմամբ, Արևմուտքը «քաղաքավար հալածանքի» մթնոլորտէն անցած է համատարած «չեղարկման մշակոյթի» և «բռնի խօսքի», որ բնութագրուած է ուժեղ ընկերային ճնշումներով, որոնց նպատակն է մարդիկը հպատակեցնել ամենանորաձեւ գաղափարական հոսանքներուն։
Կրօնական ազատութիւնը մայրն է բոլոր ազատութիւններուն
Այս մասին արտայայտուելով Կարդինալ Մաուրօ Փիաչենցան, որ Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկի միջազգային նախագահն է, դիտել տուաւ, թէ քսան դարերու պատմութեան մէջ քրիստոնեաները միշտ ալ հալածուեցան ու հաստատեց` թէ «կրօնական ազատութիւնը մայրն է բոլոր ազատութիւններուն որովհետեւ անոր հետ կապուած են` մտքի և խօսքի ազատութիւնը, արտայայտուելու և համախմբման ազատութիւնը, խղճի և պաշտամունքի ազատութիւնը»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ