Որոնել

2020.06.06 Sacro Cuore di Gesù Cristo

Ձօն Յիսուսի Սուրբ Սրտին` Հ. Ղեւոնդ Վ. Ալիշան

Յունիս ամիսը Յիսուսի Սուրբ Սրտին նուիրուած ամիս

Հեռացէք ինծմէ սին հրապոյրներ աշխարհի,

Որոնց ետեւէն աւա՜ղ մոլորած կ՚երթայի.

Ահա գըտայ իմ միակ ցանկալի գանձս բարի,

Երկրպագելի եւ սուրբ սիրտը իմ Յիսուսի։

Կ՚երկրպագեմ Քեզի աննկարագրելի Սի՜րտ իմ Աստուծոյ,

Քեզի՝ ակնաղբիւրիդ եւ ընդունարանիդ գերագոյն սիրոյ.

Ո՜վ դուն պատճառ կեանքիս, յոյսի եւ ամէն բարիքի,

Հրեշտակներուն թաքնուած, ինծի տրուած՝ գոհացում հոգիի։

Դուն բոլոր իղձերուս հարստութիւն ցանկալի,

Որուն չկայ հաւասար ոչ երկնքի մէջ եւ ոչ երկրի.

Որ սիրոյս համար Գողգոթայի վրայ յօժարաբար խոցուեցար,

Եւ արիւնընթաց ճամբով զիս սրտիդ մէջն առար։

Ո՜հ, եթէ կիրքերէն ցնորած քեզմէ բաժնուիմ,

Այդքան մաքուր քաղցր սիրոյդ գգուանքէն զրկուիմ,

Ըրէ այնպէս, փրկուիլ ուզեմ՝ կեանքի բոյնիդ վերադառնամ,

Եւ այնտեղ փափաքիմ ապրիլ յարաժամ։

Հ. ՂԵՒՈՆԴ Վ. ԱԼԻՇԱՆ (գրաբարէ թարգմանուած)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2023, 07:29