«Ես անարժան ու մեղաւոր ծառայ մըն եմ, աղօթեցէք ինծի համար» Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Շաբաթ` 24 Յունիս 2023ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ը իր Քահանայական ձեռնադրութեան յիսուն ամեակին առիթով Նափոլիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ սրբավայր կատարած ուխտագնացութեան ծիրէն ներս, կէսօրէն ետքը ժամը հինգին հայածէս գոհաբանական հայրապետական սուրբ պատարագ մատուցեց, առընթերակայութեամբ Արհ. Պետրոս Արք. Միրեաթեանի եւ Գերյ. Ծ. Վ. Նարեկ Նաամոյանի, որուն սկիզբը տեղի ունեցաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ Նափոլիի Արքեպիսկոպոս` Տոմենիքօ Պաթթալիայի միջեւ եղբայրական պատգամներու ու նուէրներու փոխանակումը։
Արարողութեան ներկայ էին Նափոլիի Արքեպիսկոպոսական Թեմի Օգնական Եպիսկոպոսը` Գերապայծառ Կայեթանօ Քասթելլիի, Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ` Գերապայծառ Ռամի Ալ Քապալանի ու Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ Գերապայծառ Շահատէ Ապպուտ, ՀՀ Հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան Տիար Կարեն Նազարեանն ու իր կողակիցը, Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչ Տիկ Քրիստինէ Մեհրապեքեան, Հայ Քոյրերու Անարատ Յղութեան միաբանութեան մեծաւորուհի` Մայր Արուսեակ Սաճոնեան իր միաբանակից քոյրերու հետ միասին, Հայ Կաթողիկէ կղերական դասի անդամներ, ու Հռոմէն եւ իտալիոյ տարբեր վայրերէն այս առիթով Նափոլի ժամանած բազմաթիւ հայ ուխտաւոր հաւատացեալներ։
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մեկնաբանելով Բարի Հովիւին նուիրուած ընթերցուած աւետարանական հատուածը, ուզեց նախ եւ առաջ գոհութիւն մատուցել Աստուծոյ, իրեն պարգեւած շնորհքներուն համար, «ինծի անարժան ու անպէտք մեղաւոր ծառայիս» ըսաւ Ան, ներկայ հաւատացեալներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար, ապա հաստատեց, որ «Բարի Հովիւը կը ճանչնայ իրենինները, բայց մենք, ի տարբերութիւն անոր, պարզապէս կը ջանանք այդ մէկը ընել»։
«Բարի Հովիւը իր կեանքը կու տայ հօտին համար, կը ներէ անոնց սխալները, կ՛օգնէ` որպէսզի անոնք յառաջ ընթանան, Ան կը քալէ մեղաւորներուն հետ, անոնց կը ծառայէ...այս է այն ինչ որ ըրաւ մեր Տէրը ` Յիսուս» յարեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հրաւիրելով ներկաները խղճի քննութիւն մը կատարելու եւ իրենք իրենց հարց տալու. «Ի՞նչ կ՛ընենք մենք, երբ մենք փոխանակ մեր եղբօր մէջ տեսնելու բարիքները կը ջանանք ի յայտ դնել անոր դերութիւնները»։
«Եկեղեցւոյ մէջ յիսուն տարիներ ծառայելէ ետքը, ես ինձ անարժան կը զգամ Յիսուս Քրիստոսի ներկայացուցիչը ըլլալու, ես պարզ մեղաւոր մըն եմ, որ կը ջանայ մաքրուիլ ու բիւրեղանալ, որպէսզի արժանի ըլլամ քալելու հօտին առջեւէն։ Հօտին հետը` որպէսզի հեռու չըլլամ անոնցմէ, որովհետեւ վախ ունիմ, որ երբ անոնց առջեւէն քալեմ, ես միայնակ մնամ, հեռանամ անոնցմէ ու երբ իմ փրկչիս մօտ ներկայանամ` դատարկ ձեռքերով ներկայանամ» ըսաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ապա նշեց, թէ «մեզմէ իւրաքանչիւրս բարի հովիւ է, իրեն իւրայատուկ կոչումին հիման վրայ, ապա հրաւիրեց միասին աղօթել Հաւատամքը»։
Սուրբ Զոհի աւարտին Արհ. Պետրոս Արք Միրեաթեանը յանուն կղերական դասին ու հաւատացեալներուն` Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ-ի Քահանայական ձեռնադրութեան յիսուն ամեակին առիթով` Անոր նուիրեց մատանի մը ի նշան հաւատարմութեան Աստուծոյ եւ իրեն յանձնուած առաքելութեան ու հօտին։
Սրբազան Արարողութեան յաջորդեց Սուրբ Գրիգորի անուան վանքի գաւիթին մէջ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ-ի Քահանայական Ձեռնադրութեան յիսուն ամեակին նուիրուած արարողութիւնները աւարտեցան Կիրակի` 25 Յունիս 2023ի, ժամը 09։30ին, Նափոլիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ հայկական ծէսով մատուցուած Սուրբ Պատարագով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ