Որոնել

2023.06.08 Messa patriarca Minassian a Aindjar

«Տէր, Սիրեցի քու տունիդ վայելչութիւնը». Գոհաբանական Սուրբ պատարագ Այնճարի մէջ

Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան «Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցիին նորոգութեան ու գեղազարդումին 10-ամեայ տարեդարձին առիթով՝ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Կիրակի, 4 Յունիս 2023, ժամը 10.30-ին, մատուցանեց գոհաբանական Ս. Պատարագը:

Այնճար, ընդհանրապէս, եւ Հայ Կաղոթիկէ Համայնքը, մասնաւորապէս, նորէն ապրեցան հրճուական ու պատմական օր մը, որ արձանագրուած պիտի մնայ անոնց տարեգրութեան մէջ:

Արդարեւ, Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան «Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցիին նորոգութեան ու գեղազարդումին 10-ամեայ տարեդարձին առիթով՝ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Կիրակի, 4 Յունիս 2023, ժամը 10.30-ին, մատուցանեց գոհաբանական Ս. Պատարագը:

Առընթերականերն էին Գերյ. Հ. Յովսէփ Ծ.Վ. Թոփալեան եւ Գերյ. Հ. Գառնիկ Ծ.Վ. Յովսէփեան: Սարկաւագն էր Եղբ. Գրիգոր Պոյաճեան: Երգեցողութիւնը կատարեց «Հէպոյեան» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Գերպտ. Հ. Արամ Աբրահամեանի եւ նուագակցութեամբ Պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի: Ներկայ էին Գերշ. Հ. Վարուժան Արքեպս. Հերկելեան, քաղաքապետութեան ու կուսակցութեան աւագանին եւ միութիւններու պատասխանատուներ: Վերակազմ Հ.Կ.Ե.Մ.-ի պարման-պարմանուհիներուն ներկայութիւնը կը յուսադրեն ապագան:

Տօնն էր Ամենասուրբ Երրորդութեան, որուն խորհուրդին մասին քարոզեց Ամենապատիւ Հայրապետը՝ յորդորելով եկեղեցիին լեցուցած հաւատացեալներս այնպէս ապրելու, որպէս զի, ինչպէս Յիսուս այսօրուայ աւետարանին մէջ յայտնեց, Հայրը, Որդին եւ Ս. Հոգին գան ու բնակին մեր մէջ: Նաեւ շնորհաւորեց 10 ամեակը՝ հայցելով Եռանձնեայ Աստուծոյ օրհնութիւնն ու մաղթելով հոգենորոգ վերելք՝ Աստուածամօր առաջնորդութեամբ:

Ս. Պատարագին աւարտին եւ անակնկալի կարգով՝ Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեան ժողովրդապետը, իր շնորհաւորական բարեմաղթանքին մէջ, յուզումնախառն բերկրանքով յայտնեց ներկաներուն, թէ մեր Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը 24 Յունիս 2023-ին կը բոլորէ 50-ամեայ յոբելեանն իր քահանայական ձեռնադրութեան, որուն հանդիսութիւնները պիտի կազմակերպուին յառաջիկայ շաբաթներուն Լիբանանի մէջ եւ այլուր:

«Մենք փափաքեցանք նախաձեռնող ըլլալ յոբելենական հանդիսութիւններուն» յայտարարութեամբ երբ իր խօսքը վերջացուց, մեր Համայնքին անունով եւ ներկաներուն ծափահարութեամբ, ժողովրդապետը նախշուն սկիհ մը ոսկեզօծ նուիրեց մեր Յոբելեար Կաթողիկոս-Պատրիարքին, որ յուզուած՝ փսփսաց անոր.«Եթէ գիտնայի, չէի ձգեր...»:

Աջահամբոյրի, շնորհաւորութեան եւ հիւրասիրութեան համար «Աղաճանեան կենդրոն»-ին մէջ հաւաքուած՝ հոս ալ երկու անակնկալներ դիպեցան: Առաջինն էր «Հայրապետական Գիր Օրհնութեամբ» պարգեւատրումը 2011-2013 տարիներուն ընթացքին մեր նորոգուած, ընդարձակուած ու գեղազարդուած «Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցիին բարերարին՝ Մագ. Գրիգոր Ք. Ճապուրեանին, որուն վիզէն մեր Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը անցուց «Սուրբ Վարդան» շքանշանը եռագոյն ժապաւէնով: Յանկարծակիի մատնուած եւ յուզուած՝ Մագ. Ճապուրեան սրտաբուխ խօսքերով արտայայտեց իր երախտագիտութիւնը:

Երկրորդն էր «Այնճարի Պատուոյ Քաղաքացի»-ութեան նորաստեղծ անձնաթուղթին յանձնումը, զոր Լիբանանէն բացակայ Պրն. Վարդգէս Խօշեան քաղաքապետին անունով կատարեց անոր Փոխը՝ Տօքթ. Խաժակ Այնթապեան:

Ապա, «Կարմի Լեռ Կոմիտէ»-ին անունով՝ Պրն. Եսայի Հաւաթեան հանդիսացաւ թարգմանը իր համագիւղացիներուն անհուն ցնծութեան եւ երախտապարտութեան՝ մեր Կաթողիկոս-Պատրիարքին հայրական հոգածութեան ու մշտական օժանդակութեան համար, ինչպէս ալ վերհանեց համարեա նորակերտ եկեղեցիին շինարարական ու հոգեշէն պայծառութիւնը: -Մեր համեստ ու պարզ Հայրապետը յայտնեց իր շնորհակալութիւնը:

Ստուգիւ, հրճուական ու պատմական մթնոլորտին մէջ ուրախ եւ գոհ էին բոլոր ներկաները, զորոնք հիւրասիրեց «Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» Համայնքին ժիր Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան անդամուհիները: Շատ արագ սահեցան ժամերը, որոնց ընթացքին մեր մարդասէր ու ժողովրդամօտ Հայրապետին հետ քաշուած խմբանկարներ եւ անձնական լուսանկարներ միշտ պիտի յիշատակեն այս հոգեպարար օրը, որ փակուեցաւ ընտանեկան ագապով՝ մեր բարերարին հիւրասիրութեամբ «Արեւ» ճաշարանին մէջ:

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2023, 12:28