Որոնել

WhatsApp-Image-2023-06-28-at-18.32.14.jpg

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ Մինասեան բացումը կատարեց սենեակ-թանգարանին որուն մէջ իր մահկանացուն կնքած էր Աստուծոյ Ծառայ Աղաճանեան Կարդինալը

Սենեակին մէջ Աստուծոյ Ծառայ՝ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան ապրեցաւ իր հիւանդութեան վերջին շրջանին եւ այտեղ կնքեց իր մահկանացուն, Հռոմ, 16 Մայիս 1971-ին, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մայրավանքին մէջ:
Ունկնդրէ լուրը
Բացում  սենեակ-թանգարանին որուն մէջ իր մահկանացուն կնքած էր Աստուծոյ Ծառայ Աղաճանեան Կարդինալը
Բացում սենեակ-թանգարանին որուն մէջ իր մահկանացուն կնքած էր Աստուծոյ Ծառայ Աղաճանեան Կարդինալը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ Մինասեան Կաթողիկոս- Պատրիարքը բացումը կատարեց այս սենեակին, որուն մէջ Աստուծոյ Ծառայ՝ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան ապրեցաւ իր հիւանդութեան վերջին շրջանին եւ ուր իր մահկանացուն կնքեց Հռոմ, 16 Մայիս 1971-ին, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մայրավանքին մէջ: 

Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հալէպի թեմին առաջնորդը՝ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարանին հայրերը եւ միաբան քոյրեր: 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, օրհնութենէն ետք, Աստուծոյ երախտապարտ ըլլալով՝ իր շնորհակալական խօսքն ուղղեց միաբան քոյրերուն եւ մասնաւորապէս Մայր Արուսեակ Սաճոնեան մեծաւորուհիին, որ ուզեց յարգել Աստուծոյ Ծառան՝ վերականգնելով պատմական ու հոգեւոր կապը երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեան Աստուծոյ Ծառային եւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան կուսաններուն միջեւ:

Բացում  սենեակ-թանգարանին որուն մէջ իր մահկանացուն կնքած էր Աստուծոյ Ծառայ Աղաճանեան Կարդինալը
Բացում սենեակ-թանգարանին որուն մէջ իր մահկանացուն կնքած էր Աստուծոյ Ծառայ Աղաճանեան Կարդինալը

Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը շարունակեց.«Ասիկա իւրայատուկ առիթն է, որ ցոյց կու տայ Կարդինալ Աղաճանեանի մեծ սէրը Եկեղեցիին հանդէպ, որուն համար պատրաստ էր իր կեանքը նուիրել մինչեւ վերջին շունչը, ա՛յն Եկեղեցիին համար, որ Քրիստոսի կենդանի Խորհրդական Մարմինն է»:

Բացում  սենեակ-թանգարանին որուն մէջ իր մահկանացուն կնքած էր Աստուծոյ Ծառայ Աղաճանեան Կարդինալը
Բացում սենեակ-թանգարանին որուն մէջ իր մահկանացուն կնքած էր Աստուծոյ Ծառայ Աղաճանեան Կարդինալը

Այս սենեակին մէջ կը ցուցադրուին Կարդինալ Աղաճանեանէն յիշատակելի նմոյշներ, որոնք պահպանուած են միաբան քոյրերուն կողմէ, ինչպէս՝ զգեստն ու գլխարկը, վերարկուին կոճակները: Ձախ կողմ գտնուող փոքրիկ սեղանը «խորանն» էր: Նաեւ կը գտնուին Աստուծոյ Ծառային մահուան օրէն բաժակ մը, ինչպէս ալ անոր ներքնաշապիկէն քրտինքով թրջուած փոքր կտոր մը: - Այսօր, անոնք կրնան ցուցադրուիլ հաւատացեալներուն:

Բացում  սենեակ-թանգարանին որուն մէջ իր մահկանացուն կնքած էր Աստուծոյ Ծառայ Աղաճանեան Կարդինալը
Բացում սենեակ-թանգարանին որուն մէջ իր մահկանացուն կնքած էր Աստուծոյ Ծառայ Աղաճանեան Կարդինալը

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եզրափակեց իր խօսքը՝ յիշելով եւ յիշեցնելով Կարդինալ Աղաճանեանի՝ Աստուծոյ Ծառային հետեւեալ խօսքերը.«Քրիստոնէաբար ապրելով ու գրկելով տառապանքը՝ աղօթելու կատարեալ ձեւերէն մին է»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2023, 09:51