Որոնել

Հարաւայիn Սուտանի դաշտէ մը առնուած լուսանկար Հարաւայիn Սուտանի դաշտէ մը առնուած լուսանկար  (nicolaberti_cuamm)

Մարքօ Իմփալիացցօ «Զէնքերու չարաշահումին դէմ պէտք է վերստին առաջարկել խաղաղութեան դիւանագիտութիւնը»

Սան Էճիտիօ բարեսիրական հաստատութեան նախագահ, տիար Մարքօ Իմփալիացցօ, Հարաւային Սուտանի մէջ խաղաղութեան հաստատման ծիրէն ներս, Նիւ Եորքի ՄԱԿ անվտանգութեան խորհուրդի փոխանցեց խաղաղութեան աշխատանքային ծրագիր մը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հարաւային Սուտանի մէջ սանձազերծուած պատերացզի խաղաղ լուծման համար կարգ մը երկիրներու կողմէ նախաձեռնուած ծրագիրներուն շարքին, Սան Էճիտիօ բարեսիրական հասարակութիւնը եւս խաղաղութեան ծրագիր մը պատրաստեց ու զայն փոխացնեց ՄԱԿ ի անվտանգութեան խորհուրդին անդամներուն։ Սան Էճիտիօ հասարակութիւնը սոյն ծրագիրը իրականացուցած է ընդառաջելով Արաբական էմիրութիւններու անվտանգութեան խորհուրդի հրաւէրին։

Այս մասին, Նիւ Եորքէն, «Վատիկան Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց ՍաՆ Էճիտիոյ հասարակութեան նախագահ, տիար Մարքօ Իմփալիացցոն, որուն տեղեկութիւններուն համաձայն, Հռոմի Սան Էճիտիոյ հասարակութենէն ներս պատրաստուած է «Հռոմի նախաձեռնութիւն» ծրագիր, որ կը համախմբէ այն բոլոր հակառակորդները, որոնք կառավարութեան հետ չեն ստորագրած խաղաղութեան համաձայնագիրը, Ֆրանչիսկոս Պապին Ճուպա քաղաք այցելելէ ետք պատերազմի խաղաղ լուծման համար սկիզբ առած աշխատանքներու ծիրէն ներս։

Սան Էճտիոյ հասարակութեան նախագահը ապա անհրաժեշտ նկատած է ամբողջացնել Միացեալ Ազգերուն ամէն օր կատարած աշխատանքը, որովհետեւ ըսած է Ան, պէտք է հասնիլ հոն ուր որ հաստատութիւնները չեն հասնիր, հետեւաբար քրիստոնեայ հասարակութիւնները, նման Սան Էճիտիօ հասարակութեան ինչպէս նաեւ շատ մը այլ իրականութիւններ ունին յաւելեալ արժէք մը, ամէն օր ներկայ գտնուելու անձերու մօտ ունկնդրելու համար ժողովուրդներու իսկական կարիքները» ըսաւ Տիար Մարքոն, աւելցնելով որ քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսը մասնաւորապէս բարձր գնահատած է այս փոխլրացումը։

Սան Էճտիոյ հասարակութեան նախագահը ապա նշած է թէ եկեղեցին մեծ կարեւոր դեր կը կատարէ, որովհետեւ ժողովուրդին խաղաղութեան մասին կը խօսին ու խաղաղութեան համար կ՝աղօթքէ, ինչ որ անհրաժեշտ է եւ պէտք չէ չմոռնալ , սկսեալ Ֆրանչիսկոս Պապին ուսուցումներէն, ըստ որոնց միայն միասին է ,որ կը փրկուինք, տիեզերական եղբայրութեան մէջ։

Անդրադառնալով Ուքրանիոյ մէջ պատերազմէն յառաջացած տագնապներուն, Տիար Մարքօ Իմփալիացցօ նկատել տուաւ, որ պակասը կայ խաղաղութեան դիւանագիտութեան, շեշտելով որ պէտք է վերադառնալ աշխատելու խաղաղութեան համար եւ խաղութեան դիւանագիտութիւն կատարելու ներգրաւելով հնարաւոր դերակատարները, աշխարհի մէջ խաղաղութեան գործընթացները վերահաստատելու համար
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2023, 08:38