Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Կաթողիկոսական օծումը եւ ատենախօսութիւնը

Հաղորդաշար (11) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով ։

Երբ Ս. Ներսէս Շնորհալի Թորոս եւ Օշին իշխանները հաշտեցնելու միջնորդութեան յաջող առաքելութենէն Հռոմկլայ կը վերադառնայ, իր վատառողջ եղբօր՝ Գրիգորիս Կաթողիկոսի պնդումներուն զիջելով՝ կը ստանձնէ կաթողիկոսական ծանր պատասխանատուութիւնը, որ շատ անգամ մերժած էր՝ անարժան եւ անպատրաստ համարելով իր անձը:

Ծաղկազարդի տօնին, 17 Ապրիլ 1166ին, Հռոմկլայ կը հաւաքուին շրջակայ եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, սուրբ Լերան վանականներ եւ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը՝ մասնակցելու համար նոր Կաթողիկոսի օծման արարողութեան:

Այս բոլորին եւ յատկապէս իր հոգեկան ապրումներուն մասին անձամբ ինքը՝ Ներսէս Շնորհալին կը պատմէ, ձեռնադրութենէն առաջ հաւաքուած հոգեւորականներուն ուղղած իր ատենախօսական ճառին մէջ:

Դէպքերու համառօտ նկարագրութենէն ետք հրապարակայնօրէն կը խոստովանի իր անարժանութիւնը, նախ շեշտելով որ Աստուծոյ ծառայութեան համար իր անձը քառաձի կառքի նման չէր լծած՝ իմաստութեամբ, ողջախոհութեամբ, արիութեամբ եւ արդարութեամբ, որպէսզի քառատրոփ արշաւէր եւ առաջնորդէր Աստուծոյ ժողովուրդը: Ապա կը թուարկէ կաթողիկոսութեան գերազանցութիւնը եւ անձնազոհ հովիւի յատկանիշները. միջնորդ, դէտ, բժիշկ, քաւիչ, վարդապետ, դաստիարակ, դայեակ, մշակ, կերակրիչ, լոյս, աղ, եկեղեցւոյ գլուխ եւ քահանայապետ, դատաւոր եւ հազարապետ:

«Քանզի ոչ անուշահոտ վարքով սպասաւոր եղայ սրբութեան իւղին՝ սրբութեան ժամանակ, ոչ իմ անձս նուիրեցի որպէս աստուածահաճոյ կենդանի սուրբ պատարագ՝ պատարագուած անպատարագելի ոչխարին քահանայութեամբ եւ ոչ ալ հանգստեան ջուր խմցուցի եւ կամ իմաստութեամբ դալար վայրեր արածեցի սակաւաթիւ հօտիս տեսչութեան ժամանակ»:

Այս տողերուն մէջ Շնորհալի կը թուարկէ իր կեանքի հանգրուանները՝ մկրտութիւնը, քահանայութիւնը եւ եպիսկոպոսութիւնը, շեշտելով իւրաքանչիւրին բնորոշ հանգամանքը եւ իր թերացումը: Սարսափահար՝ մտատանջութեան կը մատնուի, որ չըլլայ թէ ընդունելու պարագային՝ փառամոլութեան ծուղակն իյնայ, իսկ չընդունելով՝ Աստուծոյ ծրագիրներուն անհնազանդ գտնուի եւ պատժուի:

«Այս մտավախութիւններուն այլ ելք չունիմ՝ եթէ ոչ ձեր աղօթքներով. որովհետեւ եթէ անսուտ հրամանին համաձայն, ուր երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին՝ անոնց հետ է Քրիստոս, ո՛րքան առաւել եւս պէտք է հաւատալ որ բոլորին Աստուածը ներկայ է հոգեւորական խնդրի մը համար Իր անունով հաւաքուած այսքան սրբազան հայրերու մէջ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2023, 07:55