Որոնել

Տիրամայրն ու Յիսուս Մանուկը Տիրամայրն ու Յիսուս Մանուկը 

«Մարիամի ներկայութիւնը մեր կեանքերէն ներս» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Կոյս Մարիամը այն անձն է որ կ'ունկնդրէ ամէնուն խնդրանքները եւ զանոնք կը պահէ իր սրտին մէջ : Պատկեր մը ամէն մկրտուած անձի Եկեղեցւոյ մէջ որ կը իշէ ուրիշներուն կեանքը, անոնց համեստօրէն եւ պարզօրէն ընկերակցելով :
Ունկնդրէ լուրը

Եկեղեցին յատկացուցած է ամբողջ Մայիս ամիսը մեր Երկնային Մօր : Այս գարնանային սիրուն ամիսը՝ ծաղիկներու եւ գեղեցիկ զգացումներու ամիսն է : Ան նաեւ մայրերու տօնին ամիսն է, մայրը ըլլալով հասարակութեան մէջ ամենահարազատ եւ ամենայարգելի անձը : Նազարէթի Կոյսը, իր պարզ պատասխա-նով՝ «Թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» եղաւ Եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէութեան պատմութեան ամենակարեւոր անձնաւորութիւնը: Այս կինը պատասխանատուութիւնը յանձն առաւ ղեկավարելու մարդկութեան նաւը դէպի ազատում եւ խաղաղութիւն :

Ամէն քրիստոնեայ կը նկատէ մայիս ամիսը Մարիամի ամիսը, բայց ինչո՞ւ Անարատ Կոյսին տրամադրել ամբողջ ամիսը և ինչո՞ւ Մարիամի անձը այսքան կարեւորութիւն ունի Եկեղեցւոյ համար : Բազմաթիւ պատճառներ կան, զոր առաջին քրիստոնեաները նշանակեցին երբ կը գրուէին Աւետարաններն ու կարեւոր թուղթերը՝ մեր մէջ աճեցնելու համար Աստուծոյ վստահութիւնը :

Մարիամը այն առաջին անձն է որ ստացաւ Հրեշտակին այցելութիւնը, եւ իր «Այո» պատասխանով, կարելիութիւնը տուաւ Փրկիչին աշխարհ գալու: Պատկեր մը մարդկութեան որ հանդիպում կ'արտօնէ : Պատկեր մը եկեղեցիին՝ որպէս հաւաքատեղի մկրտեալներու, որոնք իբր կարեւոր եւ անհրաժեշտ պաշտօն ունին Քրիստոսը աշխարհ բերելու եւ հիմնելու աշխարհ մը ուր իր խօսքերը մարմին կ'առնեն :

Կոյս Մարիամը այն անձն է որ կ'ունկնդրէ ամէնուն խնդրանքները եւ զանոնք կը պահէ իր սրտին մէջ : Պատկեր մը ամէն մկրտուած անձի Եկեղեցւոյ մէջ որ կը իշէ ուրիշներուն կեանքը, անոնց համեստօրէն եւ պարզօրէն ընկերակցելով :

Մարիամ միշտ ներկայ է նոյնիսկ խաչին ոտքը՝ վայր ամէն չարչարանքներու, ան նաեւ ներկայ է Յարութեան առաւօտը երբ ամէն բան վերջացած կը թուէր : Պատկեր մը եկեղեցիին եւ մեր ամէնուս, որ ուրիշներու փորձանքներու ընթացքին, պէտք ենք մօտենալ, օժանդակել, սփոփել կամ պարզապէս ներկայ ըլլալ, յատ-կապէս երբ ամէն ինչ վերջացած կը թուէր : Ո՞վ գիտէ : Ոչինչ կրնայ արգելք հանդիսանալ որպէսզի սէր մը ծնի եւ նորէն ծնի:

Եկեղեցին մեզմէ կը խնդրէ ամրացնել մեր հաւատքը եւ ճանչնալ մեր պատասխանատուութիւնը՝ խոկալով Մարիամի խորհուրդին վրայ, մեր Փրկիչին Մայրը, քանի որ իր կեանքով իր ազատագրիչ դերով, ամէն եւ կ'անդրադառնանք անոր հաւատքին ու վստահութեան խորութեանը : օր Կոյսը հեռացաւ եւ զիջեցաւ իր բոլոր ունեցածներէն եւ ընտրեց հետեւիլ իր ճակատագրին, պարզապէս ըսելով «Թող ըլլայ, ինծի քու խօսքիդ համաձայն»:

Կոյսին ներկայութիւնը անհրաժեշտ է քրիստոնեայ ընտանիքի մը կեանքի մէջ, քանի որ ան սէր եւ խաղաղութիւն կը ներշնչէ, եւ Մայր ըլլալով՝ կը համախմբէ ընտանիքի մը անդամները : Իր մայրական սիրտը լի է սիրով եւ այս պատճառով իրեն աղօթող ծնողներուն եւ զաւակներուն միջեւ երբեք վէճեր տեղի չեն ունենար :

Եթէ կը փափաքինք ներքին եւ հոգեկան խաղաղութիւն ունենալ, պարտինք ապրիլ Մարիամի ուխտը՝ Մայրը մեր Փրկչին, եւ զինք ընտրել որպէս մեր պաշտպանը ինչէս որ Հայր Աստուած զինք ընտրեց Մայր Նոր Կտակարանին : Երբ իր խորհուրդն ու ներկայ արիւնը կ'ապրինք, պէտք է ապահով ըլլանք որ ինքն է միակ ու զօր միջոցը հասնելու Քրիստոսին :

Մայիս ամիսը մեզ կը քաջալերէ երթալու դէպի Կոյսը՝ այս Մայրը լի ջերմութեամբ, եւ իրմէ խնդրել ոյժը որպէսզի ապաշխարենք: Ինքն է որ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի Քրիստոս՝ որ մեզ կը սպասէ իր վարդապետին միջոցաւ:

Այսպէսով է որ Քրիստոսի խաղաղութիւնը կ'ապրինք մեր ընտանիքին եւ մեր մէջ, եւ այսպէսով ալ կ'ըլլանք իսկական խորաններ Սուրբ Հոգիին, ինչպէս որ ըսած է Սուրբ Պօղոսը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2023, 07:00