Որոնել

2023.05.12 VI domenica di Pasqua 'A' Gesù - Vangelo

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն. Տօն Գալստեան Սուրբ Հոգւոյն (Գործք Առաքելոց Բ. 1-13)

Իւրաքանչիւր Առաքեալի վրայ կրակէ լեզու մը կ'իջնէ

Այսօրուայ Աւետարանին մէջ կը տեսնենք Յիսուս' որ իր վերջին պատգամները կու տայ առաքեալներուն, Աւագ Հինգշաբթի գիշերը: Յովհաննէս աւետարանիչ այստեղ կը զետեղէ Քրիստոսի շատ մը խօսքերը, զոր հաւանաբար ըսած ըլլայ իր երեք տարուայ քարոզութեան ընթացքին. Հոս սակայն կը տեսնենք թէ անոնք աւելի անձնական են եւ մտերմիկ. Անոնք կ՛ուղղուին միայն իր շուրջը հաւաքուած 12-ին։

Գրեթէ բոլոր պատգամի երկայնքին, կը խօսի իր եւ Հօրը միջեւ եղած կապին եւ յարաբերութեան մասին. Կ՛ուզէ իրենց հասկցնել թէ ինք հրաժեշտ կ՛առնէ իրենցմէ եւ կը պատրաստէ զիրենք իր բացակայութեան. Մինչ առաքեալները կը կարծեն թէ տակաւին Քրիստոս երկար ատեն իրենց մէջ պիտի մնայ, ինք կը ջանայ իրենց բացատրել թէ իր մեկնումը այս աշխարհէն անմիջական դէպք մըն է, մի քանի օրերու հարց է։

Սակայն կու տայ նաեւ ապահովութիւն թէ զիրենք առանձին պիտի չթողու. Իրենց պիտի ղրկէ Մխիթարիչը, զոր կը կոչէ Սուրբ Հոգի։ Կը սկսի ահա յայտնութիւնը Ամենասուրբ Երրորդութեան երրորդ անձին, շատ պարզ կերպով, սակայն ոչ շատ յստակ, մանաւանդ թէ քօղարկուած Յիսուսի խօսքերուն ներքեւ։

Ի՞նչ է պաշտօնը այս Մխիթարիչին, ի՜նչ պիտի ընէ աշխարհի վրայ. Հակիրճ կերպով Յիսուս կ՛ըսէ իրենց. Ան ձեզի պիտի սորվեցնէ ամէն բան եւ պիտի յիշեցնէ ինչ որ ըսած էի ձեզի։ Մէկ խօսքով` ուսուցում Քրիստոսի ամբողջական պատգամին եւ յիշեցում Յիսուսի խօսքերուն եւ կատարած գործերուն աշխարհի վրայ իր կարճատեւ կեանքին ընթացքին. առաքեալները միայն երեք տարիէ ի վեր կը ճանչնային զինք։

Պենտեկոստէի օրը, Յիսուսի յարութենէն 50 օր ետք, իսկ համբարձումէն 10 օր ետք` յանկարծ հով մը կը փչէ Երուսաղէմի վերնատան մէջ, ուր առաքեալները հաւաքուած էին եւ ամբողջ սենեակը կը լուսաւորուի. Խոստացուած Մխիթարիչն է որ կու գայ իրենց վրայ, աներեւոյթ անձ մը որ սակայն կը յայտնուի հզօր եւ լուսաւոր նշաններով. Առաքեալները պիտի չտեսնեն Հոգին, ինչպէս որ կը տեսնէին Յիսուսը, սակայն վստահ են որ ան ներկայ է իրենց մէջ եւ կը ներշնչէ զիրենք։ Ահա այս ապահովութինն է որ կու տայ իրենց ուժ՝ հրապարակ ելլելու եւ անվախօրէն քարոզելու Քրիստոսի պատգամը։

Հոգեգալստեան օրը կը պատահի նաեւ լեզուներու հրաշքը։ Մինչ Բաբելոնի մէջ, աշտարակ շինելու ժամանակ, Աստուած խառնեց մարդոց լեզուները, որպէսզի իրար չհասկնային եւ աշտարակաշինութիւնը կիսատ մնար. այլեւս մարդկութիւնը պէտք չունի աշտարակի, երկինք հասնելու համար: Նոր կառոյց մը կու գայ փոխարինելու աշտարակը, անիկա Եկեղեցին է. Աստուած կը հաստատէ իր բնակութիւնը մարդկութեան մէջ, իր Եկեղեցւոյն միջոցաւ: Հոգիին առաջին հրաշքը ուրեմն մարդոց միութեան եւ միասնականութեան հրաշքն է, որով Աստուած կ՛ուզէ փրկել բոլոր մարդկութիւնը անխտիր եւ ոչ միայն ընտրեալ Հրեայ ազգը։

Հոգեգալստեան օրը կը սկսի Եկեղեցւոյ կեանքը, շարժման մէջ կը մտնէ այն նաւը որ մեզ պիտի տանի դէպի փրկութեան երջանիկ ափերը. Նաւավարը ինք Քրիստոս է, որ իր առաքեալներուն ու անոնց յաջորդներուն միջոցաւ` երկու հազարամեակէ ի վեր, յառաջ կը տանի ժամանակին մէջ այս դժուարին ճամբորդութիւնը, անցնելով խոչընդոտներու մէջէն եւ միշտ կանգուն պահելով Եկեղեցին, հիմնուած Պետրոս առաքեալի հաւատքին վրայ, որպէս անխախտ ժայռ մը, որուն երբեք պիտի չյաղթեն դժոխքի ուժերը. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2023, 07:48