Որոնել

2019.05.10 Gesù buon pastore - vangelo della domenica

Զ. Կիրակի Յինանց (Յովհաննէս Ժ. 1-10) Յիսուս կ'ըսէ. Ես եմ բարի հովիւը:

Մեզ առաջնորդող ձայնը պէտք է միայն մեր Տիրոջ Յիսուսի կոչն ըլլայ, որովհետեւ ան միայն կրնայ մեզ տանիլ ճշմարտապէս դէպի փրկութիւնը մեր անձին. Իր ձայնին միայն մտիկ ընելով, մենք կրնանք ապահով ըլլալ թէ պիտի հասնինք անվտանգ կերպով այն յաւիտենական երջանկութեան որուն սահմանուած ենք, մուտք գործելով այն նեղ ու խոնարհ դռնէն, որ մեզ կը տանի դէպի փրկութիւն
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յիսուս ինքզինք կը կոչէ հովիւ ոչխարներու փարախին, եւ այս նմանութեամբ ան կ՛ուզէ ցոյց տալ թէ ինք կը հովուէ քրիստոնեայ ժողովուրդը եւ միեւնոյն ատեն կը տածէ անոնց վրայ իր բարերար իշխանութիւնն ու հովանաւորութիւնը։ Քրիստոս յատուկ սէր ու գուրգուրանք կը տածէ մեզմէ ամէն մէկու հանդէպ. Ան կը ճանչնայ մեզմէ իւրաքան-չիւրը անձնապէս եւ զայն կը կանչէ իր անունով, ինչպէս որ կ՛ըսէ այս առակին մէջ։

Երբ մէկը դուրսէն դիտէ ոչխարներու հօտ մը, որեւէ զանազանութիւն չի կրնար դնել անոնց միջեւ, իրեն համար բոլոր ոչխարներն ալ նոյնն են. Սակայն հովիւ մը, որ ականատես եղած է իւրաքանչիւր ոչխարի ծննդեան, զայն խնամած ու մեծցուցած է տարիներու ընթացքին, եւ հաւանաբար անոր անուն մըն ալ տուած է, զանազանելու համար միւսներէն, անշուշտ թէ կրնայ որոշել իւրաքանչիւր ոչխար եւ զայն իր անունով կանչել, որովհետեւ զանոնք կը ճանչնայ առանձնապէս։Նոյնպէս ալ Քրիստոս, որ ստեղծած է մեզ, մեր մկրտութեան օրը մեզի անուն տուած է, մեր ծնողքին միջոցաւ, մեր ամէն մէկ քայլին հետեւած է, մանաւանդ մեր հոգեւոր կեանքի մէջ կատարած ընթացքին ընդմէջէն, անշուշտ թէ յատուկ սէր ու գուրգուրանք կը տածէ մեզի հանդէպ եւ մեզ կը պահպանէ բոլոր չար փորձանքներէն։

Արդ ամէն քրիստոնեայ որ կը հետեւի Քրիստոսի կոչին եւ յանձն կ՛առնէ անոր տուած պատգամին հնազանդիլ, կը նմանի այն ոչխարին որ կը լսէ իր հովիւին ձայնը, կը ճանչնայ զայն եւ քայլ առ քայլ կը հետեւի անոր։ Օտարին, այսինքն անոր որ կը քարոզէ ուրիշ ճշմարտութիւն մը, կամ այլ խոստումներ կ՛ընէ, անոր ետեւէն չ՛երթար, որովհետեւ անոր ձայնը անծանօթ է իրեն։ Լիուլի վստահութիւն ունի իր տիրոջ վրայ, որ զինք կը կերակրէ, կը խնամէ ու կը պահպանէ։
Ոդիսէսի առասպելական պատմութեան մէջ, կը հանդիպինք դրուագի մը, ուր ան իր նաւաստիներուն հետ պիտի անցնէր ծովանուշներու աշխարհէն. Իրեն ըսուած էր թէ այնքան անուշ էր անոնց ձայնը որ նաւով հոնկէ անցնող բոլոր նաւաստիները կը հրապուրէր եւ ամէնքը ծով կը նետուէին ու կը խեղդուէին։ Որպէսզի իր նաւաստիները չլսէին անոնց ձայնը եւ ծովամոյն չըլլային, անոնց ականջները խցել տուաւ մեղրամոմով. Իսկ ինք` հետաքրքիր իմանալու անոնց հրապուրիչ ձայնը, խնդրեց որ զինք կապեն նաւուն կայմին եւ մինչեւ այդ տեղէն անցնիլը բնաւ չքակեն իր կապերը, նոյնիսկ եթէ թախանձագին պաղատէր իրենց։ Ան լսեց ծովանուշներու հրապուրիչ ձայնը, աղաչեց իր նաւաստիներուն որ քակէին իր կապերը, բայց ի զուր, որովհետեւ անոնք բառացիօրէն հնազանդեցան իր հրամաններուն, եւ այսպէս ինք եւս ազատեցաւ չարաչար մահուընէ։

Հրապուրիչ ձայներ շատ կան աշխարհի վրայ, որոնց միակ նպատակն է մեզ հրապուրել եւ ապա դէպի կորուստ առաջնորդել. Եթէ մեր ականջները սեղմ կերպով չփակենք այդ ձայներուն դիմաց, եթէ մեր ձեռքերն ու ոտքերը չի կապենք, կրնանք շուտով սայթաքիլ չարի բոլոր հրապոյրներուն առջեւ։

Մեզ առաջնորդող ձայնը պէտք է միայն մեր Տիրոջ Յիսուսի կոչն ըլլայ, որովհետեւ ան միայն կրնայ մեզ տանիլ ճշմարտապէս դէպի փրկութիւնը մեր անձին. Իր ձայնին միայն մտիկ ընելով, մենք կրնանք ապահով ըլլալ թէ պիտի հասնինք անվտանգ կերպով այն յաւիտենական երջանկութեան որուն սահմանուած ենք, մուտք գործելով այն նեղ ու խոնարհ դռնէն, որ մեզ կը տանի դէպի փրկութիւն Ամէն։

Հայր Յովսէփ Վրդ. Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2023, 08:03