Որոնել

2023.05.29   Festa di Pentecoste e della prima rep armena a Kessab

Քեսապի մէջ Հոգեգալստեան` Պենտեկոստէի տօն եւ Եռագոյնի օրհնութիւն

Պատարագի աւարտին հաւատացեալ հոծ բազմութիւնը հպարտութեամբ եւ բարձրաձայն երգեցին Հայաստանի քայլերգը։

Կիրակի, 28 Մայիս 2023֊ի առաւօտեան ժամը 10։00֊ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի «Ս. Միքայէլ» եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցանեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց տեղւոյն ժողովրդապետ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան։

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Լուսահոգի Վահան Սուլեանի մահուան Ա. տարելիցին առթիւ որմէ ետքը տեղի ունեցաւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 105 Ամեակին առթիւ։

Պատարագի աւարտին հաւատացեալ հոծ բազմութիւնը հպարտութեամբ եւ բարձրաձայն երգեցին Հայաստանի քայլերգը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2023, 08:00