Որոնել

2023.05.29   Messa per il Centenario della scuola San Gregorio - Ashrafieh

Աշրաֆիէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանի հիմնադրութեան 100 ամեակը

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յայտնեց, թէ Սուրբ Զոհը կը մատուցուի Յիսուսեան միաբանութեան եւ բոլոր հաւատացեալներու դիտաւորութեան, որպէսզի Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհէ ուժն ու կորովը, ի սպաս կրթական ու մշակութային հաստատութիւններու գոյատեւման համար՝ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ: Ան եզրափակեց, հաստատելով, թէ կաթողիկէ վարժարանները միշտ պիտի մնան ու գոյատեւեն, հաւատք, գիտութիւն, բարոյական ու մարդկային արժէքներ դաստիարակելով ժողովուրդի զաւակներուն:

Աշրաֆիէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանի հիմնադրութեան 100 ամեակին առթիւ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը նախագահեց յոբելենական Սուրբ Պատարագին՝ վարժարանի շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ՝ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհի. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի, խումբ մը քահանաներու եւ սարկաւագներու, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան: 

Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց օրուան պատգամը, որուն մէջ ներկայացուց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանի հարիւրամեայ տարիները, որոնք յատկանշուեցան բարոյական, մարդկային, կրօնական ու ընկերային մեծ արժէքներով: Ան ըսաւ, թէ վարժարանը, որ կը կրէ Հայ Եկեղեցւոյ հիմնադիր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին անունը, դիմագրաւեց զանազան դժուարութիւններ եւ շարունակեց գոյատեւել սերունդէ սերունդ մինչեւ այսօր, որպէս մշակութային, կրօնական ու ընկերային նուիրական հաստատութիւն մը:

Ան ապա անդրադարձաւ վարժարանի հիմնադրութեան Յիսուսեան հայրերու նախաձեռնութեամբ, որոնք առաջին պատերազմէն ետք՝ Սուրբ Երկիրէն անցան Լիբանան ու Սուրիա, եւ գրկաբաց ընդունեցին հայ որբ մանուկները եւ ջարդէն վերապրող ընտանիքները: Այդ սերունդները, որոնք այս կրթօճախին մէջ ապաստան գտան ու կրթութիւն ստացան, ապա օտար երկիրներ անցան ու հոն մեծ յաջողութիւններ գտան, այսօր Լիբանան վերադարձան միասնաբար տօնելու համար վարժարանին հարիւրամեայ յոբելենականը: 

Հոգեւոր Տէրը աւելցուց, թէ անոնք վերադարձան իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու համար Յիսուսեան միաբանութեան եւ բարձր գնահատելու անոր վսեմ առաքելութիւնը՝ ի նպաստ նոր սերունդներու կրթութեան ու գիտութեան: Ան նաեւ նշեց, որ Յիսուսեան միաբանութեան շարքերուն մէջ գտնուած են ու կը գտնուին հայ կրօնաւորներ, որոնք միւս եղբայրներուն հետ միասին իրենց կեանքը նուիրած են նոր սերունդներու կրթութեան ու դաստիարակութեան համար: 

Հարիւր տարիներ յետոյ, վարժարանը կը շարունակէ իր իսկական սիրոյ ու ներումի առաքելութիւնը կրթական ասպարէզին մէջ, ներշնչուելով Սուրբ Աւետարանէն ու Քրիստոսի Խօսքէն, ինչպէս որ ըսաւ Հոգեւոր Տէրը:

Ան յայտնեց, թէ այսօրուան պատգամը՝ շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան պատգամ է. անարատ սիրոյ պատգամ է, եղբայրական պատգամ է, որ կը յորդորէ մեծ թափով շարունակել այս վսեմ առաքելութիւնը, որ իր կարգին ուղղուած է ոչ միայն հայերուն, այլ բոլոր անոնց, որոնք կրթութիւն ու գիտութիւն կը խնդրեն այս կեանքին մէջ: 

Այնուհետեւ, Հոգեւոր Տէրը իր պատգամին մէջ յիշեց հայր Սահակ Քէշիշեանի կողքին, Յիսուսեան միաբանութեան հիմնադիր հայրերէն՝ հայր Յովհաննէս Մսըրեանը, որ կը ծառայէր եւ միշտ կը գտնուէր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ՝ երջանկայիշատակ կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքի կողքին: Ան նաեւ յիշեց հայոց լեզուի գրաբարագէտ՝ Հայր Կոլտեն Պախը, որ գրած ու թարգմանած է շատ մը հատորներ Յիսուսեան հայ միաբաններուն մասին, որոնք մեծ նուիրումով ու զոհաբերութեամբ գործած են Լիբանանի սուրբ հողին վրայ:  

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յայտնեց, թէ Սուրբ Զոհը կը մատուցուի Յիսուսեան միաբանութեան եւ բոլոր հաւատացեալներու դիտաւորութեան, որպէսզի Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհէ ուժն ու կորովը, ի սպաս կրթական ու մշակութային հաստատութիւններու գոյատեւման համար՝ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ: Ան եզրափակեց, հաստատելով, թէ կաթողիկէ վարժարանները միշտ պիտի մնան ու գոյատեւեն, հաւատք, գիտութիւն, բարոյական ու մարդկային արժէքներ դաստիարակելով ժողովուրդի զաւակներուն:

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2023, 08:01