«Նահատակները` հաւատքի լոյս». Աղօթքի հսկում
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Զատկուայ տօնին առ ի պատրաստութիւնը Սանդ Էճիտիոյ հասարակութիւնը երկուշաբթի 3 ապրիլին Հռոմի Սանթա Մարիա Ին Թրասթերվերէ Պազիլիքային մէջ կազմակերպեց աղօթք հսկում մը նուիրուած բոլոր անոնց որոնք Ի եւ ԻԱ դարերու ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցին հաւատքին համար։ Աղօթքի երեկոյթը գլխաւորեց Կարդինալ Եու Հուէնկ-սիքը, Կղերի Վերատեսչութեան Վերատեսուչը, որ այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ կարեւորեց նահատակներուն դերը Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։
Մարտիրոսները վարած մոմեր են, որոնք իրենց բոցը աւելիով կ՛աճեցնեն մէկը միւսի կողքին, նման Սուրբ գիշերուան Զակտական լոյսին։ Մաղթանքն է` որ պատերազմէն վիրաւոր այս ժամանակահատուածին մէջ «անոնց վկայութիւնը մեզ զօրացնէ հաւատքի մէջ եւ մեր մէջ վարէ սիրոյ կրակը, որ մեզի օգնէ յոյս ունենալու` որ չարն ու մահը պիտի յաղթահարուին», ըսաւ ի միջի այլոց Կղերի Վերատեսչութեան վերատեսուչը հաստատելով, որ Ի եւ ԻԱ դարերը ճանչցան «զանգուածային» նահատակութիւնը աւելի քան քրիստոնէական սկզբնական շրջանին եւ ասկէ մեկնակով ընդգծեց, թէ մենք պարտական ենք անոնց` որոնց զէնքերը եղան «սէրն ու կարեկցութիւնը»։
Կարդինալ Լածծարուս Եու ՀԷունկ-սիքը յիշեց ապա իր Քորէական հողը` որ «թռչուած է նահատակներու արիւնով» ապա աղօթք բարձրացուց Ուքրանիայի նահատակներուն եւ աշխարհի մէջ զոհուած բոլոր քրիստոնեաներուն համար մասնաւորապէս յիշելով վերջին ամիսներուն նահատակուած կղերականները։
Ծիրանաւորը ապա յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց Սանդ էճիտիոյ հասարակութեան, որ Սուրբ Բարթողոմէոս եկեղեցիին մէջ Ի եւ ԻԱ դարերու նահատակներուն յատկացուց յատուկ վայր մը` «վառ պահելով անոնց յիշատակը» ըսաւ Կարդինալ Եու ՀԷունկ-սիքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ