Սուտանի մէջ Պապական նուիրակը «Իրավիճակը լուրջ է, յուսանք որ քաղաքացիական պատերազմ չծագի»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուտանի մէջ արդեն չորրորդ օրն է, որ բախումներ տեղի կ՝ունենան, մէկ կողմէ Սուտանի պետական բանակին եւ միւս կողմէ «Թատախոլ Սարիհ» անունով ճանչցուած բանակին միջեւ։ Կան հարիւրաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ եւ ռազմական գործողութիւնները տարածուած են ամբողջ երկրի քաղաքներուն մէջ։
«Վատիկան Նիւզ»ի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին Սուտանի մէջ առաքելական նուիրակ, գերապայծառ Լուիս Միէկէլ Քարպատա յայտնեց թէ արդեն երրորդ օրն է, որ տեղի կ՝ունենան բախումներ, Սուտանի պետական բանակի եւ զինեալ ուժերուն միջեւ։ Օրեր, շաբաթներ լարուածութենէն ետք, դժբախտաբար արդեն սկիզբ առաւ պատերազմը, ըսաւ Պապական նուիրակը աւելցնելով որ Սուտանի մէջ իրավիճակը շատ ծանր ու դժուար կացութեան մէջ է, ծանր մարտեր կը գրանցուին, ըլլայ մայրաքաղաքին ըլլայ երկրի տարբեր քաղաքներուն մէջ։
Սուտանի մէջ պապական նուիրակը յարեց, թէ Սուտանի ժողովուրդը կը գտնուի շատ մտահոգ վիճակի մէջ ու անոնց կեանքը վտանգի տակ է, յատուկէն քաղաքացիներուն կեանքը, որոնք փակուած են իրենց բնակարաններուն մէջ առանց դուրս ելլելու, առանց շուկայ երթալու, որովհետեւ իսկապէս կացութիւնը շատ վտանգաւոր է։
Գերապայծառ Լուիս Միկէլ Մունոզ Քարտապա, տեղեկացուց, որ Պապական նուիրակին պալատը կը գտնուի քաղաքին հիւսիսային շրջանին մէջ ուր կը գտնուին դեսպանատուները, վարչապետին բնակարանը ու դժբախտացար երեկ՝ կացութիւնը շատ վատթարացած է, խումբ մը զինեալներ մտած էն Պապական պալատը, խնդրելով պալատին պարտէզը օգտագործել՝ որպէս դիրք թշնամիներուն դէմ պայքարելու համար։ Սակայն Աստուծոյ շնորհիւ, կէս ժամ ետք զինեալները հեռացած են պալատէն առանց ոչ մէկ առկած պատճառելով։
Գերապայծառ Մունոզ Քարտապա, հետեւելով ֆրանիսկոս Պապին անցեալ կիրակի, մարեմեան աղօթքին ընթացքին Սուտանի ժողովուրդին յղած կոչին, խնդրեց պատերազմի դերակատարներէն կասեցնել հակամարտութիւններն ու գտնել երկխօսութեան եւ խաղաղութեան լուծումներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ