Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի Հաւատով Խոստովանիմ աղօթքը

Հաղորդաշար (9) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով ։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Շ­նոր­հա­լիի սի­րա­կէզ հո­գին չգո­հա­ցաւ «Բան Հա­ւա­տոյ» եր­կա­րա­շունչ «սի­րա­վէպ­»ով, ու­զեց ան­պայ­ման Ս. Հո­գիէն բոր­բո­քած՝ հր­դե­հած սր­տէն բոցկլ­տա­ցող կայ­ծե­րով բո­ցա­կի­զել ամէն­քը ան­խտիր, սի­րոյ կրա­կի բո­վէն ան­ցած մաք­րա­մա­քուր ոս­կե­ղէն աղօթք­նե­րով, կարճ, դի­պուկ եւ կուռ, խօ­սուն եւ մին­չեւ սր­տի խոր­քը խո­ցող եւ ան­մի­ջա­պէս զո­վաց­նող, ամո­քող, բու­ժող եւ ան­մա­հա­կան բա­լա­սա­նի նման վե­րա­կանգ­նող եւ կեն­սա­գոր­ծող խն­կա­բոյր աղօթ­քով։ Իր հօ­տի հո­գե­ւոր առող­ջու­թեամբ մտա­հոգ՝ օրուան իւ­րա­քան­չիւր ժա­մուն յար­մար դե­ղա­հա­տը պատ­րաս­տե­լու ձեռ­նա­մուխ եղաւ, եւ հո­գե­սիրտ աղ­բիւ­րէն յոր­դա­ռատ զե­ղու­մով ծնան 24 ադա­ման­դա­կուռ տու­ներ, 24 ան­գին ակ, 24 մար­գա­րիտ ու գո­հար, որ կը պա­րու­նա­կեն քրիս­տո­նեայի կա­րե­ւո­րա­գոյն հա­ւա­տա­լիք­նե­րը, խն­դիր­նե­րը, կա­րիք­նե­րը, իղ­ձե­րը, ար­ցունքն ու սէ­րը։ Եւ այս­պէս ծնաւ «Հա­ւա­տով խոս­տո­վա­նիմ» աղօթ­քը։

­«Իր սիրտն այն­քան վառ ու պայ­ծառ էր, - կը գրէ Հ. Ղե­ւոնդ Ալի­շան, - այն­քան լցուած սուրբ գա­ղա­փար­նե­րով եւ իղ­ձե­րով՝ որ կար­ծեմ թէ երբ մտա­ծեց քրիս­տո­նեայի յար­մար աղօթք մը գրել՝ շու­տով շա­րադ­րեց. գու­ցէ մէկ շուն­չով, մէկ օրուայ մէջ, առանց փնտ­ռե­լու ու­րիշ լոյս բա­ցի ճշ­մա­րիտ լոյ­սէն՝ Քրիս­տո­սէ»։­

Ա­ղօթ­քին կցուած յի­շա­տա­կա­րա­նին մէջ Շնոր­հա­լի կը նշէ որ թէեւ պի­տի փա­փա­քէր որ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը մէ­կա­կան տուն աղօթք բարձ­րաց­նէին ամէն ժա­մը մէկ, սա­կայն հասկ­նա­լով որ քի­չե­րուն հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լար, կը յանձ­նա­րա­րէ որ այս աղօթ­քը օրա­կան հինգ ան­գամ, կամ չորս եւ կամ երեք՝ առա­ւօտ, կէ­սօր եւ իրի­կուն կա­տա­րեն, իսկ ան­կա­րե­լիու­թեան պա­րա­գային գո­նէ ան­գամ մը ըսեն, կամ քա­նի մը տուն գոց սոր­վին եւ եկե­ղեց­ւոյ բո­լոր օրա­կան աղօթք­նե­րուն տեղ ար­տա­սա­նեն։ Ահա թէ որ­քան հո­վուա­կան գուր­գու­րան­քով տո­չո­րուած էր իս­կա­կան հո­գե­ւոր բա­րի հո­վի­ւը։

­Հոս կ՚ու­զեմ յի­շել թէ ի՛նչ­պէս այս աղօթ­քը մին­չեւ այ­սօր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դի շուր­թե­րուն է եւ շատ շա­տեր, ծեր թէ երի­տա­սարդ, կը շա­րու­նա­կեն ոչ միայն ար­տա­սա­նել, այլ սր­բա­լոյս հայ­րա­պե­տի խօս­քե­րը իւ­րաց­նե­լով, իր յանձ­նա­րա­րա­ծի նման՝ այս խն­կա­բոյր աղօթ­քը՝ առ Աս­տուած կը բարձ­րաց­նեն սր­տի խոր­քէն, իւ­րո­վի, ան­ձամբ յօ­րի­նա­ծի թար­մու­թեամբ։

­Շա­տեր սո­վո­րու­թիւն ըրած են կա­րե­ւոր քն­նու­թե­նէ առաջ մտ­քի բա­ցու­թիւն խնդ­րե­լու հա­մար՝ «Ի­մաս­տու­թիւն Հօր Յի­սուս­»ը ար­տա­սա­նել, կամ ճամ­բոր­դու­թե­նէն առաջ աղօ­թե­լու հա­մա­պա­տաս­խան «Պա­հա­պան ամե­նայ­նի»ն տու­նը, եւ կամ չար սա­տա­նայի ազ­դե­ցու­թե­նէն ազա­տե­լու հա­մար՝ «Խ­նա­մող արա­րա­ծոց­»ը, զղջ­ման հա­մար՝ «Դար­ձու­ցիչ մո­լո­րե­լոց­»ը, իսկ «Աղ­բիւր ան­մա­հու­թեան­»ը՝ գոր­ծած մեղ­քե­րու վրայ լա­լու հա­մար, մա­հուան լա­ւա­գոյն կեր­պով պատ­րաստ գտ­նուե­լու հա­մար՝ «Պար­գե­ւիչ ողոր­մու­թեան­»ը, հո­գին խա­ղա­ղու­թեամբ աւան­դե­լու հա­մար՝ «Բա­րե­րար Տէր­»ը, ար­ժա­նի ըլ­լա­լու հա­մար Քրիս­տո­սի լոյ­սը տես­նե­լու՝ «Լոյս ճշ­մա­րիտ Քրիս­տոս­»ը, վեր­ջին դա­տաս­տա­նին չդա­տա­պար­տուե­լու հա­մար՝ «Դա­տա­ւոր ար­դար­»ը, բո­լոր սի­րե­լի­նե­րը Աս­տու­ծոյ բա­րեխ­նամ հո­գա­տա­րու­թեան յանձ­նե­լու հա­մար՝ «Ա­մե­նախ­նամ Տէր­»ը, եւ ի վեր­ջոյ, որ­պէս­զի Աս­տուած ըն­դու­նի մեր աղօթք­նե­րը եւ կա­տա­րէ մեր խնդ­րանք­նե­րը՝ «Փա­ռա­ւո­րեալ Տէր» սկզբ­նա­ւո­րու­թեամբ տու­նը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2023, 07:39