Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հաշտարար

Հաղորդաշար (10) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով ։

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի ոչ միայն իր ժողովուրդին եւ եկեղեցականներուն յարգանքը կը վայելէր, այլ որպէս հոգեւոր եւ մարդկային արժէքներու կրող, անձամբ գործադրող եւ ապա միայն քարոզող հոգեւորական՝ բարեհամբաւուած էր նաեւ հայ իշխանաւորներու շրջապատէն ներս։ Այս իսկ պատճառով իր եղբօր՝ Գրիգորիս Կաթողիկոսի կողմէ որպէս հաշտարար ուղարկուեցաւ Թորոս եւ Օշին իշխաններու միջեւ ծագած խռովութիւնը փարատելու համար։

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այս երկուքը Կիլիկիոյ հայ իշխանական մեծագոյն ընտանիքներու պարագլուխներն էին։ Իրենց հակառակութեան պատճառը Բիւզանդիոնն էր։

Թորոս իշխանը որ տիրացած էր լեռնային Կիլիկիոյ՝ յոյներու տկարութենէն օգտուելով 1151ին իր իշխանութեան սահմանները կ՚ընդարձակէ նուաճելով դաշտային Կիլիկիան։ Յոյներու կայսրը՝ Մանուէլ 1153-1156, երեք տարի շարունակ, նախ յունական զօրքով ապա Իկոնիայի Սուլթանին եւ հուսկ Անտիոքի կառավարիչին միջոցով չի յաջողիր Թորոս իշխանը շղթայակապ Կոստանդնուպոլիս տանիլ։ Կայսրը կը ստիպուի մեծ նաւատորմիղով անձամբ ժամանել Կիլիկիա 1158ին եւ ամիսներ շարունակ ասպատակելով ամբողջ երկիրը՝ չի յաջողիր բռնել Թորոս իշխանը, մինչեւ որ 1159ի գարնան լատին իշխաններու միջնորդութեամբ Թորոս հաւատարմութիւն կը խոստանայ Մանուէլ կայսրին եւ միասին փառաւոր մուտք կը գործեն Անտիոք՝ 1159ի Ապրիլի 12ին։ Բոլոր քրիստոնեայ իշխանները կ՚ակնկալէին որ Մանուէլ կայսրի գլխաւորութեամբ պիտի արշաւեն Նուրէտտինի դէմ՝ վերջնականօրէն ազատելու համար իսլամներու ասպատակութիւններէն։ Սակայն անբացատրելիօրէն Կայսրը աճապարանքով կը վերադառնայ Բիւզանդիոն, բոլորի մօտ յուսախաբութիւն եւ անվստահութիւն առաջացնելով։ 1163ին Կիլիկիոյ յոյն տեղապահը՝ Կայսրի խնամի Անդրոնիկոս Եւփորպեն դուքսը նենգամիտ խարդաւանքով դաժանաբար կը սպաննէ Թորոսի փոքր եղբայրը՝ Ստեփանէն։ Թորոս այս արարքով արձակուած կը համարի հպատակութեան իր խոստումի կապանքները եւ վրէժխնդրութեամբ բազմահազար յոյներ կը կոտորէ եւ կրկին կը տիրանայ դաշտային Կիլիկիոյ։ Լամբրոնի տէր Օշին իշխանը կայսրին հաւատարմութեան ուխտով ինքզինք պարտաւոր կը զգայ դէմ ելլել Թորոսի։ Ահա այսպիսի եղբայրասպան պատերազմի մը առաջքն առնելու համար Գրիգորիս Կաթողիկոս կը շտապէ իր հարազատ եղբայրը՝ Ներսէս Շնորհալին միջնորդ եւ հաշտարար ղրկել երկու իշխաններուն մօտ, որոնցմէ Օշին ամուսնացած էր իրենց եղբօր՝ Շահանի դստեր՝ Շահանդուխտի հետ, իսկ Թորոս հռչակուած էր ոչ միայն որպէս արդարասէր եւ խոհեմ այլ նաեւ յարգալից եւ բարեպաշտ քրիստոնեայ։

Ս. Ներսէս Շնորհալիի խաղաղասէր, հանդարտաբարոյ եւ սիրազեղ միջամտութեամբ երկու իշխանները կը հաշտուին։ Այս առիթով, 1164ին Օշին կ՚ընկերանայ Շնորհալիի մինչեւ Մամեստիա եւ կը ծանօթացնէ Մանուէլ կայսրի փեսային՝ Ալեքս Աքսուխի, հանճարեղ եւ պայծառամիտ մարդ։ Այս հանդիպումը առիթ կը հանդիսանայ որ Ալեքս իշխանը աւելի հանգամանալից կերպով ճանչնայ հայ եկեղեցւոյ դիրքորոշումը, հաւատքն ու ծէսը։ Այս հանդիպումէն ծնունդ պիտի առնէ բիւզանդական եկեղեցւոյ հետ համերաշխ երկխօսութեան նամակագրութիւնը։

Շնորհալի այս առաքելութեան աւարտին անձամբ կը ծանօթանայ Օշինի փոքր զաւակին՝ տասներկուամեայ Սմբատիկին հետ, ապագայ Ս. Ներսէս Լամբրոնացին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2023, 08:13