Որոնել

Լիբանանի մէջ սինոդի մասնակցող եպիսկոպոսները Լիբանանի մէջ սինոդի մասնակցող եպիսկոպոսները 

«Եկեղեցւոյ աւանդութեան անհրաժեշտութիւնը» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Ներկայի մարտահրաւէրներու դէմ դնելու համար, պէտք է վերադառնանք մեր հայրերու աւանդութեան: Եւ ինչպէս որ իրենք կարողացան Քրիստոսի զօրութեամբ յաղթելու, մենք ալ պիտի կարենանք իրենց աւանդութեան հետեւելով յաղթելու:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Աշխարհի իրադարձութիւնները քառասմբակ արագութեամբ յառաջ կ'երթան. ըլլայ գիտական, քաղաքական, բժշկական, կենսաոլորտային փոփոխութեան եւ այլ մարզերու մէջ: Սրբազան քահանայապետը ի տես այս բոլորին, եկեղեցին սիւնհոդոս հրաւիրեց, որպէսզի ան կարենայ աշխարհի յառաջխաղացքին համապատասխան քայլերով Ս. Հոգիին զօրութեամբ վերանորոգուի:

Սիւնհոդոսի մասնակիցները սկսան քննարկել եկեղեցին վերակազմակերպելու համար առնուելիք քայլերու մասին: Սակայն կարեւոր կէտ մը կար, որ բոլորին աչքէն կը վրիպէր. փոխանակ եկեղեցւոյ դարաւոր փորձառութեան եւ անոր աւանդութեան դառնալու, սիւնհոդոսի մասնակիցները կը փորձէին լուծումներ գտնել նման այն աշխարհի մտածելակերպին, որմէ կը գանգատէին:

Դարեր եւ դարեր եկեղեցին անցած է ամէն տեսակի տագնապներէ. հալածանք եւ նահատակութիւն, պատերազմներ եւ գաղթ, սով եւ հիւանդութիւն, եւ ասոնց բոլորին վրայ կար նաեւ եկեղեցական կեանքի խռովութիւնները: Իր Տիրոջ զօրութեամբ եկեղեցին կարողացաւ հաստատ մնալ եւ յաղթական դուրս գալ: Ասոր համար ալ իւրաքանչիւր պատարագի սկիզբը կ'աղօթենք Աստուծոյ՝ « Թագաւոր երկնաւոր զեկեղեցի քո անշարժ ( ուրիշ եկեղեցիներու մօտ հաստատ) պահեայ»: Եկեղեցւոյ զօրութիւնը կը կայանայ իր առաքելական աւանդութեան վրայ հաստատ մնալուն մէջ: Քրիստոս աշխարհին տուաւ նախ իր եկեղեցին, որ իր կարգին զանազան աւանդութիւններու միջոցաւ՝ գրաւոր եւ ծիսական կիրառութեամբ, շարունակեց փոխանցել հաւատքը յաջորդ սերունդներու:
Ներկայի գիտութեան զարգացումը այնքան կուրացուցած է մարդու միտքը, որ կը կարծէ գիտութիւնը ամէն ինչի պատասխան ունի: Սակայն առարկայական նայուածքով մը մեր շուրջը կրնանք տեսնել, որ ոչ միայն գիտութիւնը ամէն ինչի պատասխան չունի, այլ շատ մը տեղեր սխալ եզրակացութիւններու կը յանգի:

Սիւնհոդոսը իր վերջնական նիստը պիտի ունենայ այս տարուայ վերջաւորութեան, ապա յառաջիկայ տարուայ մէջ պիտի աւարտի:

Շատ կարեւոր է արդի մտածելակերպով չմօտենալ հարցեր լուծելու համար, այլ միշտ կառչած մնանք առաքելական աւանդին եւ փորձառութեան: Մեծագոյն օրինակը, թէ ինչ աւեր կրնայ բերել մարդկային մտածելակերպը, բողոքականութեան եկեղեցւոյ ապաստամբութիւնն է: Եկեղեցին կ'անցնէր տագնապալի ժամանակներէ: Որպէս լուծում Օգօստինեան քահանայ մը իր անձնական կարծիքներու վրայ հիմնուած, բաժանեց եկեղեցին: Նոյն իրավիճակի մէջ կ'ապրէր Ասիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսը: Սակայն ան վերադառնալով քրիստոնէական աւանդութեան, վերանորոգեց եկեղեցին եւ լոյս դարձաւ շատերուն:

Ներկայի մարտահրաւէրներու դէմ դնելու համար, պէտք է վերադառնանք մեր հայրերու աւանդութեան: Եւ ինչպէս որ իրենք կարողացան Քրիստոսի զօրութեամբ յաղթելու, մենք ալ պիտի կարենանք իրենց աւանդութեան հետեւելով յաղթելու:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2023, 08:51