Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (20)
Ի. Հաղորդում
Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի մասնակցութեան Ա. Յ. Միաբանութեան հիմնադրութեան դարադարձի տօնակատարութեան:
1947-ին, Ա. Յ. Հայ Քոյրերու Միաբանութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով՝ Վսեմաշուք Աղաճանեան Կարդինալը կ'այցելէ Լիբանանի մէջ Հայ Քոյրերու բոլոր հաստատութիւնները: Այս եղանակաւ, ան յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ անոնց կատարած մարդասիրական առաքելութեան վրայ: Յատկապէս յատուկ գովասանքով կ'արտայայտուի Քոյրերու հովանաւորութեան ներքեւ գտնուող վարժարաններուն, որոնք Լիբանանահայ իրականութեան մէջ՝ յատուկ տեղ կը գրաւէին: Իրաւամբ, այդ հաստատութիւնները կը յատկանշուէին իրենց խնամքով, հոգատարութեամբ, մաքրութեամբ և կարգապահութեամբ, ինչպէս նաեւ խստաբարոյ դաստիարակութեամբ, և կրթական բարձր մակարդակով:
Կարդինալը շեշտը կը դնէր Անարատ Յղութեան Միաբանութեան առաքինազարդ քոյրերուն հոգատարութեան ներքեւ գտնուող Զմմառու մէջ կառուցուած աղջկանց որբանոցին վրայ, որ իրենց վարժարաններու հետ միասին պսակը կը կազմէր անոնց ամբողջանուէր առաքելութեան: Կարդինալի յարգանքը իր գերագոյն արտայայտութիւնը կը գտնէ Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հիմնադրութեան (1847 Յունիս 5-ին) առաջին դարադարձի (100-ամեան) շքեղ տօնակատարութեամբ, որ տեղի կ'ունենայ Պէյրութի մէջ:
Այսպէս, Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը Յունիս 5-ին, Պուրճ Համուտի Ս. Ագնէսի վարժարանի բակին մէջ Հայրապետական Պատարագ կը մատուցանէ, ի ներկայութեան հոգեւորական դասուն, Պետական Անձնաւորութիւններու, ազգային և օտար միութիւններու ներկայացուցիչներու: Այս առթիւ՝ Պատարագի երգեցողութիւնը վարժօրէն կը կատարէ Ս. Ագնէսի դպրոցի երգչախումբը: Պատարագի ընթացքին՝ Կարդինալը իր քարոզին բնաբան կ'ընտրէ Սիրաքի գիրքէն հետեւեալ խօսքը. «Ծաղկեցէք իբրեւ շուշան, հարէք հոտ և օրհնեցէք երգով, օրհնեցէք զՏէր ի գործս ամենայն» (ԼԹ. 19): Ան ներկայացնելէ ետք Ա. Յ. Միաբանութեան կրթական, մշակութային, մարդասիրական, ընկերային գործունէութիւնները, զոհողութիւններն ու ծառայութիւնները՝ հիւսելով անոնց գովքը, կ'ըսէ. «Դուք այնքա՜ն խորունկ համոզումներով և զոհաբերական կեանքով արիացած, դուք առաքինափայլ Քոյրեր կը յաւերժացնէք մեր մէջ Հռիփսիմեանց և Գայեանեաց Կոյսերու հրեշտականման դասը, պատրաստ միշտ անոնց նման ձեր կեանքն ալ զոհելու, միայն թէ հաւատարիմ մնաք ձեր ուխտերուն, ինչպէս պատահեցաւ ազգային Մեծ Եղեռնի օրերուն, երբ ձեր նախնիքներէն ոչ աննշան հոյլ մը մարտիրոսական բոսորափայլ արիւնով ներկեցին իրենց շուշանները, հիւսելով ձեզի համար անմահական պսակը, որ վերապահուած է երկնքի մէջ ընտրեալներուն»:
Առաւել, հարիւրամեակի առթիւ, Վսեմաշուք Կարդինալը առ ի երախտագիտութիւն անոնց ամբողջանուէր ծառայութեան՝ գաղափարը կ'ունենայ Անարատ Յղութեան Քոյրերու կեդրոնական ամարանոց մը կառուցանել Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան վանքին հարեւանութեան գտնուող բլրակի մը վրայ, որպէսզի ամառնային արձակուրդի շրջանին այնտեղ համախմբուէին, միասին կատարելու տարեկան աւանդական հոգեւոր ամփոփումը և ի պահանջել հարկին՝ վանական ժողովներ գումարել: Այս երդիքը ի սկզբանէ ծառայեց նաեւ որպէս ապաստանարան հայ որբ պարմնուհիներու, տէր կանգնելով, դաստիարակելով, և հարուստ գիտութիւն և հաստատուն նկարագիր և բարոյական սկզբունքներ ջամբելով անոնց: Այսպիսով, Աղաճանեան իր գնահատական կեցուածքով և զօրակցութեամբ, իսկ Ա. Յ. Միաբանութիւնը իր նուիրական ծառայութեամբ՝ կ'անմահացնէին առաջին Հայ Կաթողիկէ Կարդինալ՝ Անտոն Պետրոս Թ. Հասունեան Կաթողիկոս Պատրիարքի յիշատակը (1866-1880), որու նախաձեռնութեամբ հիմը դրուած էր Ա. Յ. Հայ Քոյրերու Միաբանութեան, 1847-ին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ