Վենետիկի Մխիթարեան դպրեվանքէն ներս Սուրբ Ներսէս Շնորհալիին նուիրուած տօնակատարութիւններ
Մխիթարեան միաբանութիւնը Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի մահուան 850 ամեակի յոբելինական տարուան առիթով ծրագրած է պանծացնել Հայոց Հայրապետի յիշատակը զանազան հանդիսութիւններով։
Տօնակատարութիւններու աշխատանքային Յանձնախումբի անդամներն են՝ Հ. Վահան Վրդ. Օհանեան, Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան եւ Հ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեան։
Ամբողջ տարուան ընթացքին Ս. Ղազարի մայրավանքի Մխիթար Աբբահօր Գրադարանին մէջ կը ցուցադրուին Մխիթարեան տպարանէն լոյս տեսած Ս. Ներսէս Շնորհալիի երկերը, թարգմանութիւնները եւ հայերէն եւ օտարալեզու ուսումնասիրութիւնները։
Միաբանութեան հիմնադրութեան յիշատակի օրերուն, 8-10 Սեպտեմբերին, Շնորհալի Հայրապետի խնկաբոյր աղօթքներով եւ շարականներով ճոխացած սուրբ եւ անմահ Պատարագ կը մատուցուի Ս. Ղազարի եկեղեցւոյ մէջ։ Տօնախմբութիւններու ծիրէն ներս կը կայանայ հոգեպարար երաժշտութեան համերգ մը, Վենետիկի Ս. Գէորգ (Սան Ճորճիոյ) կղզիի տաճարին մէջ եւ ժամերգութիւն Վենետիկի Ս. Մարկոս մայր տաճարի մէջ։ Երգեցողութիւնը պիտի կատարէ «Սաղմոսերգու» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ խմբավար Վահէ Բէգոյեանի։
Ս. Ղազարի Ճեմարանը եռօրեայ միջազգային գիտաժողով մը կազմակերպած է Հոկտեմբեր ամսուն 20-ին Ս. Ղազարի մայրավանքին մէջ «Ս. Ներսէս Շնորհալի եւ Կիլիկեան վանականութիւնը» խորագրով։
Այս առիթով Մխիթարեան հրատարակչատունը լոյս պիտի ընծայէ իտալերէն լեզուով Շնորհալի Հայրապետի վարքը, շարականներու ծաղկաքաղ մը, ինչպէս նաեւ «Ընդհանրական Թուղթ»ը։
«Հաւատով Խոստովանիմ» Մխիթարեան հրատարակութեան բազմալեզու աղօթագիրքը եւս կը վերահրատարակուի այժմէական թարգմանութեամբ եւ յաւելեալ արդի լեզուներով։
Աղբիւրը՝ Վենետիկի Մխիթարեան դպրեվանքի կայքէջը
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ