Որոնել

2023.04.15   Misericordia divina

Աստուածային Ողորմութեան Տօնը

«Կը փափաքիմ որ ողորմութեան տօնը ըլլայ ապաստան ու պատսպարան բոլոր հոգիներուն։ Մարդկութիւնը խաղաղութիւն պիտի չգտնէ մինչեւ, որ չդիմէ իմ ողորմութեանս ակնաղբիւրին (Օրագիր 699)». ըսած է Յիսուս Քոյր Քովալսքային։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Զատկուայ յաջորդող առաջին Կիրակին, զոր հայկական ծէսի օրացոյցին համաձայն կը կոչուի Նոր Կիրակի, Տօնն է Աստուածային Ողորմութեան։

Յիսուս յատուկէն կը խնդրէ, այդ օրը Խոստովանիլ եւ Ս. Հաղորդութիւն ստանալ, նաեւ ամէն օր կէսօրուայ ժամը «3»ին Աստուածային Ողորմութեան վարդարանը աղօթել, որովհետեւ Աստուած միշտ ողորմած է, ամէն օր, ուր որ ալ ըլլանք, մեզի ցոյց կու տայ Իր Սէր։ Արդարեւ Աստուածային Ողորմութեան օրը յատուկ օր մըն է, ուր իւրաքանչիւր մեղաւոր առիթը ունի, իր անցեալը Ողորմած Աստուծոյ ձեռքը ձգել եւ ամէն բան նոր սկսիլ։

Հռոմի Եկեղեցին որոշած է Աստուածային սիրոյ Ողորմութեան տօնը կատարել մեկնելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խնդրանքէն, որ անցեալ դարու ընթացքին ինքզինք յայտնեց` որպէս տոգորուած սիրոյ ողորմութեամբ, գլխաւորապէս երկու անձերու, Սրբուհի Ֆաուսթինա Քովալսքա անունով լեհ մայրապետին եւ Քոյր Սբերանցայիմ, որ վախճանեցաւ 1983-ին։ Այս վերջինը հիմնեց Ողորմած Սիրոյն զոյգ միաբանութիւնները, քոյրերու եւ վարդապետներու, ինչպէս նաեւ շինել տուաւ սքանչելի սրբավայր մը Իտալիոյ Ումպրիա շրջանի` Քոլլեվալենցա գիւղին մէջ։

Աստուածային Ողորմութեան կիրակին հաստատուած էր երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին կողմէ, Քոյր Ֆաուսթինա Քովալսքայի սրբադասումին օրը՝ 30 ապրիլ 2000ին։ Նոյնինքն Յիսուսն է` որ Քոյր Ֆաուսթինայէն խնդրած է յիշատակել այդ օրը. «Կը փափաքիմ որ ողորմութեան տօնը ըլլայ ապաստան ու պատսպարան բոլոր հոգիներուն։ Մարդկութիւնը խաղաղութիւն պիտի չգտնէ մինչեւ որ չդիմէ իմ ողորմութեանս ակնաղբիւրին (Օրագիր 699)» ըսած էր Յիսուս Քոյր Քովալսքային։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2023, 08:00