Սիւնհոդոս. Մերձաւոր Արևելքի Եկեղեցիներուն միասնութեան, երկխօսութեան եւ վերանորոգումի մարտահրաւէրները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Լոյս տեսաւ Պեթանիա – Հարիսայի մէջ անցեալ 13էն 17 Փետրուարին գումարուած Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն սիւնհոդոսականութեան մասին սիւնհոդոսի աւարտական փաստաթուղթը։
Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին տարածաշրջանի մէջ ապրող կաթողիկէ ընտանիքի բոլոր անդամները` Եգիպտոսէն, Սուրիայէն, Յորդանանէն, Սուրբ Երկիրէն, Իրաքէն, Լիբանանէն եւ Արաբական ծոցի երկիրներէն, առաջնորդութեամբ` Մարոնիթ եկեղեցւոյ պատրիարք` Կարդինալ Պշարա Ալ Ռայիին, Անտիոքի Ասորիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Ինգնատիոս Եուսէֆ Եունանին, Յոյն Մելքիդ եկեղեցւոյ Պատրիարք` Եուսէֆ Էլ Ապսիին, Պաղտատի Քաղդէացի եկեղեցւոյ Պատրիարք` Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոյի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ եւ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք գերապայծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլային։
Աղօթք, զատորոշում, խորհրդածութիւն
Հանդիպման աշխատանքները կեդրոնացան աղօթքի, հոգեւոր զատորոշումի եւ խորհրդածութեան վրայ, որուն աւարտին հաւաքի մասնակիցները ընդգծեցին Եկեղեցւոյ կեանքին հայող հիմնական կէտերը եւ ներկայացուցին տարբեր առաջարկներ։
«Սիւնհոդոսականութիւնը մեր Արևելեան եկեղեցիներու ժառանգութեան էութիւնն է» հաստատեցին անոնք ընդունելով նաեւ որ, բազմազանութեան մէջ միասնութիւնը անոնց վկայութիւնն է, եւ թէ «Եկեղեցիներու միասնական արմատները հիմքն են մէկ առաքելութեան»։
Աշխարհականներու դերը
Ընդգծուեցաւ ապա աշխարհականներու ներկայութեան յատկութիւնը և, ի մասնաւորի երիտասարդներուն դերը, իրենց ակնկալիքներով, ինչպէս նաև կանանց ներդրումի կարեւորութիւնը եւ անոնց «մասնակցութիւնը որոշումներու կայացման գործընթացին և ծառայութեան մէջ»։
Ծէսին կեդրոնականութիւնը
Աւարտական փաստաթուղթին մէջ ապա հաստատուեցաւ «ծէսին» կեդրոնականութիւնը եւ կոչ ուղուեցաւ «ծիսակատարութեան բարեկարգումներուն» ի նպաստ, որ «համահունչ ըլլան երիտասարդներու ակնկալիքներուն հետ, պահպանելով անոր էութիւնն ու խորհրդանիշերը»։ Կոչ ուղղուեցաւ նաեւ վերանորոգելու եկեղեցական կառոյցները, զանոնք դարձնելով աւելի սիւնհոդոսական։
Ստեղծագործ երկխօսութիւն
Կաթողիկէ հասարակութիւնները կանչուած են «վերանորոգուած եւ ստեղծագործ» համամիութենական երկխօսութեան մը, ու «եկեղեցական եւ կրօնական» տարբերութիւններուն նկատմամբ բացուածքի, ունկնդրութեան, երկխօսութեան, համակեցութեան, համագործակցութեան եւ միութեան միջոցաւ, «ցոյց տալու համար Միակ Աստուծոյ դիմագիծը»։
Լրատուամիջոցներու կարեւորութիւնը
Այլ կէտի մը մէջ մատնանշուեցաւ խոնարհ Եկեղեցի ըլլալու հարկաւորութեան, «նման մանանեխի հատիկին, որ կոչուած է աճելու, վերապրումի եւ գաղթականութեան մերժումի մարտահրաւէրներու ընդմէջէն», հուսկ կոչ ուղղուեցաւ որդեգրելու ընտանիքին, կիներուն ու երիտասարդներուն յատկացուած «մասնագիտական հովուական ծառայութիւն» մը ու ընդգծուեցաւ «լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերուն կարեւորութիւնը, որպէս Եկեղեցւոյ ձեռքերուն մէջ արդիւնաւէտ գործիքներ` պատշաճ եւ լիակատար կերպով «փոխանցելու համար անոր պատգամը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ