Որոնել

Աթէնք համամիութենական աղօթք Աթէնք համամիութենական աղօթք 

Համամիութենական աղօթք՝ Աթէնք .«Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ

Աղօթքներ ու Սուրբ Գրային ընթերցումներ կատարուեցան հայերէն ու յունարէն լեզուներով, ինչպէս նաեւ շարականներ բարձրացան եկեղեցւոյ մէջ, յայտարարելով Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ժայռի նման հզօրութիւնը, որ չի ցնցուիր մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն դիմաց: Յընթացս Սուրբ Արարողութեան, Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց իր պատգամը։

Ջերմ ու եղբայրական մթնոլորտի մը մէջ, Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հարիւրամեակին առիթով, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը նախագահեց համամիութենական աղօթքը՝ Աթէնքի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Հայր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Յունաստանի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ` Գերյ. Յովսէփ Ծ.Վ. Պեզեզեանի, Յունաստանի եպիսկոպոսաց խորհուրդի առաջնորդներուն, բազմաթիւ քահանաներու, ինչպէս նաեւ միաբան քոյրերու եւ հաւատացեալներու:

Աթէնք համամիութենական աղօթք
Աթէնք համամիութենական աղօթք
Համամիութենական աղօթք
Համամիութենական աղօթք

Աղօթքներ ու Սուրբ Գրային ընթերցումներ կատարուեցան հայերէն ու յունարէն լեզուներով, ինչպէս նաեւ շարականներ բարձրացան եկեղեցւոյ մէջ, յայտարարելով Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ժայռի նման հզօրութիւնը, որ չի ցնցուիր մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն դիմաց:

Այնուհետեւ, Յունաստանի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ` Գերյ. Յովսէփ Ծ.Վ. Պեզեզեան ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ Յունաստանի տարբեր Եկեղեցիներու ներկացուցիչներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս արարողութեան: Ան շեշտեց, որ միաբան սիրով կը շարունակեն Եկեղեցիները Յունաստանի բարելիր հողին վրայ, ուր երկրի բոլոր զաւակներն ու բնակիչները կ’ապրին ամենայն համերաշխութեամբ ու խաղաղութեամբ: Ան նաեւ ընդգծեց Հոգեւոր Տիրոջ հայրապետական այցելութեան կարեւորութիւնը, անդրադառնալով անոր դրական նշանակութիւններուն, որոնք յոյս եւ ապաւէն կը շնորհեն Եկեղեցւոյ զաւակներուն համար:

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարք
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարք

Յընթացս Սուրբ Արարողութեան, Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

«Զի բարի կամ զի վայելուչ, զի բնակեն եղբարք ի միասին» (Սղմ. 132):

Պատուական եւ սիրեցեալ Եղբայրներ ի Քրիստոս,

Սաղմոսերգուին այս ցնծագին կանչը կ’արտայայտէ մեր սրտին հրճուանքը այս պահուն, երբ կը գտնուինք Ձեր մէջ՝ աղօթակից ըլլալով ու միասնաբար զԱստուած փառաւորելով:

Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան այս օրերուն բերկրանքն ունինք գտնուելու մարդկութեան հնամենի քաղաքակրթութեան բնօրրանն ու առաքելակոխ այս երկիրը՝ Յունաստանը:

Գոհութիւն կը մատուցենք Բարձրեալին, որ իր առատ պարգեւներով շնորհազարդեց Յունաստանը, յոյն ժողովուրդը եւ այն բոլորը, զորոնք քրիստոնէական-եղբայրական սիրով ընդունած ու հիւրընկալած է յոյն ժողովուրդը: Անոնց շարքին են մեր հայ ժողովուրդին զաւակները:

Վաղնջական ժամանակներէն յայտնի են հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն բարեկամական եւ եղբայրական փախյարաբերութիւնները, որոնք, Աստուածորդիին աշխարհ գալով, այլեւս թեւակոխած են աւետարանական անքակտելի եղբայրութեան շեմը:

Չմտնելով երկար պատմական հոլովոյթներուն մէջ՝ կը յիշեցնեմ միայն, որ հայոց մեծագոյն հոգեւորականներ եւ աշխարհականներ իրենց փայլուն ուսումն ու հոգեմտաւոր կերտուածքը ստացած են հելլենական ափերուն:

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարք
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարք

Հայ սուրբերու յիշատակութեան սրբազան մատեան Յայսմաւուրքը առատ է յունազգի սուրբերով, որոնք յաւերժապէս միացած են Քրիստոսի Յաղթական Եկեղեցիին՝ Տիրոջ յաւիտենական հանգիստին մէջ միանալով սուրբերու բազմութեան:

Հուսկ, յիշատակելի է հայազգի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը, որ, 405 թուականին, Աստուծոյ լոյսով կատարեց հայ լեզուին գիրերու գիւտը: Անոնց գեղագիրը (graphic designer) հանդիսացաւ յոյն արուեստագէտը՝ Հռոփանոս, Սամոսատ քաղաքէն:

Այս գիւտին շնորհիւ՝ մեր Հայ Ժողովուրդը կարողացաւ վերապրիլ պատուհասներ, յիշել ու պահպանել սուրբ նախնիքներէն իրեն աւանդուած սրբազան կտակն ու հաւատքը:

Չենք կրնար չյիշել Ապրիլեան այս օրերը, երբ բարեշնորհ եւ արդարամիտ ժողովուրդները իրենց յարգանքի տուրքը կը բերեն Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն, որոնց Հայրենիքը այսօր ենթակայ է անարդարութիւններու, քաղաքական ճնշումներուն ու ռազմական արհաւիրքներուն:

Յունաստանի պետութիւնը 1996 թուականին պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ինչպէս նաեւ եղբայրական ու հաւատակից Յոյն Ժողովուրդը ցայսօր եւ յետայսու իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած՝ յիշելով համօրէն աստղահոյլը նահատակներուն:

Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը՝ Ֆրանչիսկոս Պապը, 12 Ապրիլ 2015-ին, իր քարոզին մէջ, իրաւացիօրէն անուանեց Հայասպանութիւնն «20-րդ դարուն առաջին Ցեղասպանութիւն»:

Սակայն, Սրտցաւով հաստատելու ենք, թէ ան միակը չմնաց: Յաջորդեցին այլ ցեղասպանութիւններ: Համայն մարդկային ընտանիքը պարտաւոր է դատապարտել հիները՝ այսպէս կանխելով եւ թոյլ չտալով նորերը…:

Աղօթական այս պահուն եւ մանաւանդ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական Յարութեան այս ժամանակաշրջանին մէջ, ամրացնենք մեր հաւատը՝ յիշելով մեր Փրկչին խօսքը. «Չկայ աւելի մեծ սէր, քան իր կեանքը զոհել իր բարեկամներուն համար» (Յվհ. 15,15):

Գօտեպնդուած Տիրոջ խօսքով՝ մենք կը յիշենք թէ՛ յոյն եւ թէ՛ հայ նահատակները, որոնք մարտիրոսացան ի սէր իրենց քրիստոնէական հաւատքին եւ իրենց ազգային ինքնութեան:

Հուսկ, մեր խօսքը կ’աւարտենք վաղքրիստոնէական նշանաւոր աստուածաբան Տերտուղիանոսի այս ուղիղ սահմանումով. «Հիմն Եկեղեցւոյ է արիւն նահատակաց»:

Վստահ ենք, թէ միատեղ ու համերաշխ ապրելով՝ մեր երկու ժողովուրդներուն նահատակ քոյրերուն եւ եղբայրներուն արիւնը կը մնայ այն սնուցող աւիշը, որ մեզ պիտի պահէ յարուցեալ Տիրոջ փրկարար ու յաւերժացնող Աջին հովանիին տակ: Ամէն»:

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարք
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2023, 08:54