Մարդավաճառութեան ողբերգութիւնը զինուած հակամարտութիւններու ներքեւ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Զինուած հակամարտութիւններու ազդեցութիւնը մարդու իրավունքներու վրայ, մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան աւելի մեծ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը՝ մարդավաճարութեան զոհերուն աւելի լաւ աջակցելու համար» Այս եղաւ «Մարդավաճառութիւնը զինուած հակամարտութիւններու մէջ եւ յետ հակամարտութեան իրավիճակէն ներս» միջոցառումին առանցքը ։
Մարդավաճառութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի 2022 թուականի ընդհանուր զեկոյցին մէջ կը պարզուի, որ աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ երեխաներ, կանայք եւ այդ մարդիկ ստրկութեան ենթարկուած են ու ամենաղքատները եւ աւելի խոցելիները առաւել վտանգի ենթարկուած են։
Վերոյիշեալ միջոցառումին ընթացքին, Մալթայի ինքնիշխան ուխտի դեսպան, տիար Միշել Վէութէյ մարդավաճառութեան դէմ պայքարին համար մաղթեց կառավարութիւններու, հաղորդամիջոցներու, աշխարհի կաճառներու եւ ձեռնարկութիւններու միջեւ աւելի սերտ համագործակցութիւն։
Երեխաները աշխարհի առաջնահերթութիւններու կեդրոնը
Ի սկզբանէ յատկապէս անչափահասները ներգրաւուած են այդ ողբերգական իրավիճակի մէջ, յատուկէն այն երկիրներուն մէջ ուր տեղի կ՝ունենան զինուած հակամարտութիւններ։ ՄԱԿ-ի անչափահասներու եւ զինուած հակամարտութիւններու մասին տարեկան զեկոյցին մէջ անչափահասներու առեւանգման դէպքերու թիւը աճած են 20 առ հարիւր։ Այս մասին յայտարարեց ՄԱԿ-ի անչափահասներու եւ զինուած հակամարտութիւններու ընդհանուր քարտուղարութեան ներկայացուցիչ, Վիրճինիա Կամպա Տէ Փոթկիէթէր։
Ուքրանիոյ մէջ պատերազմ ու վկայութիւններ
Ուքրանիոյ մէջ Քարիթասի պատասխանատու, Նաթալիա Հոլինքա նշեց, որ Ուքրանիոյ Քարիթասը շարունակեց պաշտպանել ամենախոցելի անհատները, որոնց դիմադրութիւնը ակնյայտօրէն ծանր փորձութեան տակ կը գտնուի երկրի մէջ սանձազերծուած պատերազմի պատճառաւ, որուն հետեւանքով աճեցաւ մարդավաճառութեան վտանգներն ու զոհերուն թիւը։
Լիբանանի ներկայ իրավիճակը
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի ներկայ կացութեան վերոյիշեալ միջոցառումի ընթացքին նշուած է, որ 2019ին սկիզբ առած Լիբանանի տագնապը աւելիով սրուեցաւ համաճարակի պատճառաւ։ Բազմաթիւ դժուարութիւններ, ներառեալ քաղաքական եւ տնտեսական, միացած պարենային ապահովութեան հետ ինչպէս նաեւ դեղերու բարձր գինին՝ ստիպեցին Լիբանացիները լքելու իրենց հայրենիքը ու Լիբանանցի գաղթականները եւ փախստականները յատկապէս կը տառապին բժշկական օգնութեան պակասէն։ Այս մասին յայտարարեց ՄԱԿ-ի անչափահասներու մարդկային իրաւունքներու կոմիտէի անդամ, տիկին Միքիքօ Օթանի ընդգծելով աւելի համագործակցութեան եւ տարբեր կազմակերպութիւններու համատեղ աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը՝ ըլլայ պաշտպանելու համար մարդկային էակները, ըլլայ բարձրացնելու մարդավաճառութեան ողբերգութեան իրազեկութեան մակարդակը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ