Որոնել

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի 

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս եպիսկոպոսի ողբը Եդեսեայի անկումին

Հաղորդաշար (5) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով ։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

1136ի աշնան տխրալուր գոյժ մը սուգով կը պատէ Շնորհալի երկու եղբայրները՝ Գրիգորիս Կաթողիկոսն ու Ներսէս եպիսկոպոսը։ Սուլտան Մահմուտ ասպատակելով Քեսունի շրջակայքը աւերած ու հրկիզած էր իրենց ուսումնարանը՝ Կարմիր վանքը։

Ծանր եւ դժուար տարիներ էին. տարածաշրջանը արշաւանքներու եւ ասպատականութիւններու թատերաբեմ դարձած էր։ Սակայն Եդեսեայի լատին տիրակալները իրենց կարողութեան համեմատ կը փորձէին պահպանել եւ խաղաղութիւնն ապահովել իրենց տէրութեան սահմաններէն ներս։

Բիւզանդիոնի Յովհաննէս Պերբերօժէն կայսրը իր բանակներով ժամանած էր Կիլիկիա ահ ու սարսափ տարածելով ամէնուր, անխնայ աւերելով Տարսոնը եւ Ատանան, Մամեստիա եւ Անարզաբա քաղաքները եւ գերեվարելով Լեւոն իշխանն ու իր կորիւնները։

Ներսէս Շնորհալի 1137ին յիշատակարանի մը մէջ կը գրէ. «զիս ալ Հայոց կաթողիկոս Տէր Գրիգորի եղբայր եւ անարժան եպիսկոպոսս՝ Ներսէսը յիշեցէք ի Քրիստոս, որ Հայոց վանքերէն կողոպտուած եւ աւարառուած այս գիրքը յոյներէն գնեցի, երբ Հոռոմներու թագաւորը Կիլիկեցիներու աշխարհ եկաւ եւ երկիրը յափշտակեց ազգով եւ հաւատքով հայ՝ Լեւոն իշխանէն։ Բազում վանքեր եւ եկեղեցիներ աւերեցին եւ տէրունական խաչեր խորտակեցին եւ քինախնդրաբար աներեւակայելի հարուածներ հասցուցին մեր ազգին»։

Այս ասպատակութիւնները վերջ պիտի գտնէին միայն Յովհաննէս Կոմնենոս կայսրի վաղաժամ մահով, որ վրայ կը հասնի 1143ին, որսի ընթացքին թունաւոր նետէ մը վիրաւորուելով։

Տարի մը չանցած՝ 1145ին Ներսէս իր եղբօրորդիին՝ երիտասարդ Ապիրատի իշխանիկի խնդրանքով ականատեսի ճշտութեամբ եւ մանրամասնութիւններով կը պատմէ Ուրհայի կործանումը:

Հալէպի իշխանը՝ Էմիր Իմատ ալ-դին Զանգին - թարգմանաբար՝ Կրօնքի սիւն -  1144ի աշնան պատերազմի կ՚երթայ Տիարպեքիրի Օրթոքեան իշխան՝ Էմիր Քարա Արսլանի դէմ: Ճամբան, լրտեսները կը տեղեկացնեն թէ Ճոսլին Բ. Եդեսեայի կոմսը իր զօրքով քաղաքէն հեռանալով կ՚աճապարէր Զանգիի թիկունքն անցնելով վերադարձի ճանապարհը փակել: Զանգին կը հրամայէ իր բանակին, որ «մոխրական» կը կոչուէր հագած վերարկուի գոյնով, արշաւել եւ պաշարել Եդեսիա քաղաքը։ Ճոսլին կ՚ապաստանի Թլպաշար օգնութիւն ակնկալելով Երուսաղէմէն եւ Անտիոքէն, բայց ի զուր։ Եդեսիա մնացած փոքրաթիւ խաչակիրները ամիս մը շարունակ հերոսաբար կը պաշտպանեն քաղաքը, սակայն Դեկտեմբեր 23ին, շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 7ին թշնամիները կը յաջողին խրամատել պարիսպը եւ քաղաք ներխուժել։ Աներեւակայելի սպանդ, աննկարագրելի եւ ահարկու գազանութիւններ կը կատարուին ամէնուր, այնքան որ Շնորհալի խօսք չի գտներ արտայայտելու այդ սարսափելի աւերածութիւնն ու պղծութիւնները:

Ներսէս Շնորհալի լաւատեսական շունչով կ՚աւարտէ իր «Ողբ Եդեսեայի» երկը՝ խաչակիրներու շուտափոյթ վերադարձը եւ Եդեսեայի վերականգնումը մաղթելով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2023, 07:30