Որոնել

2021.02.15 Messa di requiem in suffragio del Cardinal Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (17)

Այսօրուան մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Ա. Յ. Հայ Քոյրերու Միաբանութեան նկատմամբ ունեցած գնահատութեան:

ԺԷ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուան մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Ա. Յ. Հայ Քոյրերու Միաբանութեան նկատմամբ ունեցած գնահատութեան:

Կարդինալ Աղաճանեան Հռոմ գտնուած միջոցին՝ Հռոմի հայկական գաղութին տուած մխիթարական այցելութիւններու նախօրէին՝ իր առաջին ձեռնարկութիւնը կ'ըլլայ այցելել Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Մայր Տունը: Հայ քոյրերը մեծ ուրախութեամբ կ'ընդունին Հոգեւոր Տէրը, որովհետեւ այդ օրերուն՝ մասնաւոր սփոփանքի կարիքն ունէին: Այս մխիթարիչ պահուն՝ Կարդինալը առ ի երախտագիտութիւն Հայ Քոյրերու եկեղեցանուէր և ազգանուէր գործունէութեան, հետեւեալ պատգամը կ'ուղղէ. «Մեծ մխիթարութիւն մը կը զգամ Անարատ Յղութեան Քոյրերով՝ որոնք ծածկուած կ'ապրին, բայց ի՜նչ բեղուն կեանք մը կ'անցնեն, անապատները ովասիսներ ընելով: Կը զգամ որ հայ ազգը լի է ընտիր ձիրքերով, գաղափարապաշտ է, յարատեւ, տոկուն, բայց անհրաժեշտ է անոր միութիւնը. ինչպէս որ Եղիշէի մէջ կը կարդանք. «Զուգութիւն՝ մայր բարեաց, անզուգութիւն՝ ծնող չարեաց»:

Հոգեւոր Տէրը Ա. Յ. Հայ Քոյրերու Միաբանութեան հիմնարկութեան 100-ամեակի պատմական թուականին    առթիւ՝ կը դրուատէ մեծամեծ արժանիքները Հայ Քոյրերուն, որոնց ներկայացնելով նոյնինքն Յիսուս Քրիստոս՝ տիպար կրօնաւորական Աղքատութեան, Հնազանդութեան և Ողջախոհութեան, կը սրտապնդէ զանոնք յառաջանալու միշտ դէպի կատարելութիւն»: Այս առթիւ՝ իր «Օրհնութեան, շնորհաւորութեան ու մաղթանքի» թուղթին մէջ Հոգեւոր Տէրը անգամ մը եւս կը դրուատէ գաղափարը արտայայտելու իրենց Յիսուսանուէր սրտերու երախտագիտութիւնը առ Աստուած, առ Տիրամայրն Անարատ, Մայր Կուսութեանց, և աստուածառեալ հիմնադիր Հայրապետին (Հասունեան Պատրիարքին): Ապա ակնարկելով անոնց զոհաբերական կեանքին՝ կը ջատագովէ կուսակրօնութիւնը որ սնունդ կ'առնէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան խորհուրդով, որ «ցորեան է երիտասարդաց և գինի անուշարար կուսից»:

Ուշագրաւ է թէ Կարդինալ Աղաճանեան ստէպ խոր գնահատանք կ'արտայտէ հայ քոյրերուն, որոնք կարողացած են զանազան վայրերու մէջ հայութեան կողքին՝ լարել իրենց խաղաղ տաղաւարները և ծաղկեցնել ընտիր ածուներ հայ մանուկներու դաստիարակութեան համար: Սոյն հաւաստումին իբր փաստ՝ կ'ընդգծէ թէ՝ «Հայ ընտանիքները փութացած են անվերապահ վստահութեամբ յանձնել ձեր խնամքին իրենց սրտի հատորները, և հայութիւնը ամէնուրեք գնահատած է ձեր թանկագին գործունէութիւնը և երախտապարտ է ձեզի»: Ի վերջոյ կցելով ջերմագին մաղթանքներ աղօթքի՝ կը հայցէ Աստուծմէ սիրելի Միաբանութեան անդրագոյն, արդիւնալից յոբելեաններ, և կու տայ իր Հայրապետական օրհնութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2023, 07:51