Որոնել

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ 

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի աղօթքը «առ Երկնաւոր Հայր»

Բայց ամէն բանէ առաջ պահպանէ մեզ մեր այս Քսանմէկերորդ դարաշրջանի մեծ գայթակղութենէն որ է անաստուածութիւնը, որն ընդհանրապէս, գիտակցաբար եւ բոլորովին կը մերժէ Աստուծոյ մասին խօսիլը, լռութիւն կը պահէ ու կ'ուզէ մոռացութեան ենթարկել Քրիստոսը եւ Անոր սուրբ Աւետարանը, եւ կը ծածկէ ու կը հերքէ Անոր Յարութեան խորհուրդը:
Ունկնդրէ

Աղօթք առ Երկնաւոր Հայր

Ով Երկնաւոր Հայր, թոյլ մի՛ տար, որ մենք ենթարկուինք ամենօրեայ փորձութիւններուն. Այ՛ն փորձութիւններուն որոնց ենթարկուեցան քու ժողովուրդդ Քառասուն տարիներու ընթացքին անապատին մէջ: Ա՛յն փորձութիւններուն որոնց ենթարկուեցաւ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս՝ քառասուն օր ծոմապահութենէ ետք անապատին մէջ:

Հեռու պահէ մեզ նաեւ այն բոլոր փորձութիւններէն, որոնց միշտ կ'ենթարկուինք եւ որոնք կը խախտեն մեր հաւատքը՝ դրամն ու հարստութեան տենչանքը, հեղինակութեան եւ հռչակաւոր դառնալու փափաքը եւ կամ իշխանութեան հասնելու ձգտումէն:

Բայց ամէն բանէ առաջ պահպանէ մեզ մեր այս Քսանմէկերորդ դարաշրջանի մեծ գայթակղութենէն որ է անաստուածութիւնը, որն ընդհանրապէս, գիտակցաբար եւ բոլորովին կը մերժէ Աստուծոյ մասին խօսիլը, լռութիւն կը պահէ ու կ'ուզէ մոռացութեան ենթարկել Քրիստոսը եւ Անոր սուրբ Աւետարանը, եւ կը ծածկէ ու կը հերքէ Անոր Յարութեան խորհուրդը:

Ով Հայր Երկնաւոր, հեռացուր նաեւ մեզմէ ներկայ խաւարային ժամուն փորձութիւնը՝ ուր չարը կը փառաբանուի որպէս բարի եւ բարին կը որակուի չարով: Հեռացուր մեզմէ մրափելու եւ քունէ տարուելու ժամէն, որուն ենթարկուեցան աշակերտներդ Գեթսէմանիի պարտէզին մէջ:

Պահպանէ մեզ, ով Հայր Երկնաւոր, դարուս գերագոյն գայթակղութենէն՝ ամբարտաւան ու ինքնահաւան Հպարտութենէն, որմով մարդ արարածը ինքզինք այդքան վիթխարի ու հսկայ կը տեսնէ՝ որ դժբախտաբար նոյնիսկ ամենադոյզն տեղն անգամ չէ թողած Քու Տէրութեանդ համար իր կեանքին մէջ:

Ով Հայր Երկնաւոր, ազատէ մեզ հպարտութենէն եւ սորվեցուր մեզի որ ըլլանք հեզ եւ խոնարհ սրտով Յիսուսի՝ Քու Միածին Որդիիդ նման: Ամէն:

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2023, 09:09