Որոնել

2023.03.11 parabola del giudice iniquo

5-րդ Կիրակի Քառասնորդաց Անիրաւ Դատաւորի Առակը (Ղուկաս ԺԸ. 1-14)

Աղօթքը մեր հոգեւոր զէնքն է որով կրնանք ամէն ինչ ստանալ Աստուծմէ։ Անով նաեւ կը դիմադրենք չարին փորձութիւններուն եւ կը զօրանանք բարեգործութեան մէջ. Անով կ'աւելցնենք ամէն օր մեր հաւատքը եւ յոյսը աստուածային կեանքի ու անոր ընծայած բարիքներուն հանդէպ։ Անով կը դառնանք առաքինի քրիստոնեաներ, օրինակելի եւ կարող՝ օգնութեան փութալու բոլոր տկարներուն ու անկեալներուն։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Քրիստոսի պատմած առակը կը հայի այսօր Աղօթքին: Քառասնորդաց շրջանի երեք կարեւորագոյն պարտականոթիւններէն մին աղօթքն է: Առօրեայ մեր սովորական աղօթքներէն բացի, այս 40 օրերու ընթացքին, աւելի շատ եւ աւելի ջերմօրէն աղօթելու ենք, ընդունելու համար Տիրոջմէն մեզի համար լաւագոյն շնորհքները:

Յիսուս՝ այսօրուայ իր պատգամը մեզի կ'ուղղէ, զարմանալի կերպով՝ ժխտական անձնաւորութեան մը պատկերին տակ: Անիրաւ եւ կաշառակեր դատաւոր մըն է, որ կը յետաձգէ աղքատ այրիի մը դատը, յուսալով ճոխ նուէր մը ստանալ անկէ: Իսկ խեղճ այրին, իր դատին եւ իրաունքին տէր կը կանգնի իր ունեցած զէնքերովը, այսինքն արցունքով ու անդադար պաղատելով: Յարատեւութիւն պէտք է աղօթքին մէջ:

Մեր առօրեայ կեանքին մէջ, յաճախ այն զգացումը կ'ունենանք թէ Աստուած մտիկ չ'ըներ մեզի եւ կ'անտեսէ մեր խնդրանքները: Ուրեմն մեզի կ'իյնայ, նման այս այրի կնոջ, աղաչել ու պաղատիլ երկնաւոր Հօր, առանց յոգնելու եւ առանց ձանձրանալու, որպէսզի ի վերջոյ արժանի ըլլանք ընդունելու մեր խնդրանքները։ Աղօթքի այս ձեւը նորութիւն մըն է Քրիստոսի բերնին մէջ, որովհետեւ նախապէս ան ըսած էր թէ պէտք չկայ Տէրը ձանձրացնելու մեր անդադար աղօթքներովը, որով ան արդէն գիտէ թէ ինչ բանի պէտք ունինք եւ առատօրէն կու տայ մեզի մեր խնդրելէն իսկ առաջ։

Աղաչանք ու պաղատանք յատուկ են Քառասնորդաց շրջանին. խորանին վարագոյ-րը բակ է եւ մենք այժմ կը գտնուինք, նման դրախտէն արտաքսուած Ադամին ու Եւային, Աստուծոյ տեսութենէն դուրս, որպէսզի լացով ու ապաշխարանքով քաւենք մեր մեղքերը եւ արժանի ըլլանք աստուածային ողորմութեան։ Մեր խոնարհ կեցուածքը Աստուծոյ առջեւ, մեր յարատեւութիւնը աղօթքի մէջ, մեր յոյսը թէ ան պիտի չլքէ մեզ ու պիտի կատարէ մեր խնդրանքները, մեզ կ՛ապահովեն Աստուծոյ ողորմութեան նկատմամբ։

Եթէ այսօրուայ առակին դատաւորը, որ անիրաւ մարդ մըն էր, կաշառակեր ու անողորմ, ի վերջոյ տեղի կու տայ աղքատ այրիի մը թախանձանքներուն եւ կը հաճի արդարութիւն ընել ու տալ անոր իրաւունքը, Աստուած, որ արդար է, գթած ու ողորմած, պիտի պարգեւէ մեզի այն շնորհքները զորս թախանձագին կը խնդրենք իրմէ։

Աղօթքը մեր հոգեւոր զէնքն է որով կրնանք ամէն ինչ ստանալ Աստուծմէ։ Անով նաեւ կը դիմադրենք չարին փորձութիւններուն եւ կը զօրանանք բարեգործութեան մէջ. Անով կ'աւելցնենք ամէն օր մեր հաւատքը եւ յոյսը աստուածային կեանքի ու անոր ընծայած բարիքներուն հանդէպ։ Անով կը դառնանք առաքինի քրիստոնեաներ, օրինակելի եւ կարող՝ օգնութեան փութալու բոլոր տկարներուն ու անկեալներուն։

Աշխարհը միշտ պատրաստ է մեզ հրապուրելու եւ նորանոր միջոցներով կը ջանայ մեզ ձգել չարի ու մեղքի ծուղակին մէջ։ Մենք ալ` ինչպէս արդի զինուորը որ չի գոհանար հին զէնքերով, այլ միշտ նոր ու գերարդիական զէնքերու կը դիմէ իր երկրին պաշտպանութեան համար, հարկ է որ նորոգենք մեր զէնքերը, այսինքն նորանոր եւ աւելի ուժեղ աղօթքներ գտնենք, կամ ստեղծենք, որպէսզի պայքարինք չարին բոլոր սադրանքներուն դէմ, դիմադրելով արդի աշխարհին մատուցած բոլոր խոչընդոտներուն։ Որքան արդիականացնենք մեր զէնքերը, այնքան յաջողապէս կը յաղթանակենք չարին եւ կը խուսափինք անոր որոգայթներէն։ Միշտ կրկնենք Հայր Մեր-ի խօսքերը. «Մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ փրկեա ի չարէ»: Ամէն:

Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2023, 07:50