Որոնել

2019.03.29 parabola del padre misericordioso vangelo della domenica

Երրրորդ կիրակի Քառասնորդաց Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ անառակ որդին (Ղուկաս 15, 11-32)

Մեր ամէնուս կեանքին մէջ, նիւթականը այնքան մեծ տեղ գրաւած է, որ յաճախ կը մոռնանք մեր հոգիով զբաղիլ, կամ գէթ մտածել թէ անմահ հոգի մը ունինք, որուն փրկութեան համար եւս ջանք պէտք է թափենք. այն ատեն միայն երկնքի դռները լայն բացուած կ՛ըլլան մեր առջեւ եւ Տէրը ձեռքերը բաց` կը սպասէ մեր ժամանումին։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այս կիրակին՝ հայ ծէսին մէջ կը կոչուի Անառակի կիրակին, ուր Յիսուս կը պատմէ առակ մը: Հարուստ մարդու մը որդին է որ, յետ մսխելու հօրը ժառանգութիւնը, ետ տուն կը դառնայ: Սակայն աւելի ճիշդ պիտի ըլլար զայն կոչել` Ողորմած հօր առակը։ ստուգիւ, եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ այս առակին ընթերցումով, քառասնորդաց շրջանին, ապաշխարելու եւ երկնաւոր մեր Հօրը ողորմութեան վրայ վստահելու։

Որդւոյն գործած յանցանքը կրկնակի է, որովհետեւ նախ` իր ժառանգութիւնը կը պահանջէ հօրմէն երբ տակաւին ան ողջ է. ապա երկրորդ` կը լքէ իր տունը եւ կ՛երթայ աշխարհ, անառակ կեանք մը ապրելու համար, հեռու իր ընտանիքէն։ Ամէն երիտասարդ, երբ որոշ տարիքի մը հասնի, կ՛ուզէ ազատուիլ հօր եւ մօր իշխանութենէն, ազատ ու անկախ ապրիլ եւ իր բոլոր փափաքները իրականացնել անսանձ կեանք մը ապրելով. Սակայն չ՛անդրադառնար թէ այսպէսով կը հեռանայ զինք սիրող եւ իր վրայ գուրգուրացող իր ծնողքէն ու հարազատներէն, կարծելով գտնել այդ սէրը ուրիշ շրջանակներու մէջ։

Փորձառութեան շրջան մը կայ կեանքին մէջ զոր կամայ թէ ակամայ, ամէն անձ կ՛ապրի, որու ընթացքին, վստահած իր անձնական ուժերուն, կը փորձէ կանգուն մնալ եւ դէմ դնել ամէն տեսակի դժուարութիւններու։ Իսկ եթէ այս առակը հոգեւոր գետնի վրայ դնենք, պիտի տեսնենք թէ ինչպէս ամէն մարդ, տակաւ առ տակաւ կը հեռանայ Աստուծմէ եւ, իր ստացած կրօնական ու բարոյական դաստիարակութեան սկզբունքներն անտե-սելով, կ՛ապրի այնպիսի կեանք մը ուր ամէն ինչ միայն նիւթականի կը կապուի։

Մեր ամէնուս կեանքին մէջ, նիւթականը այնքան մեծ տեղ գրաւած է, որ յաճախ կը մոռնանք մեր հոգիով զբաղիլ, կամ գէթ մտածել թէ անմահ հոգի մը ունինք, որուն փրկութեան համար առաւել ջանք պէտք է թափենք. այն ատեն միայն երկնքի դռները լայն բացուած կ՛ըլլան մեր առջեւ եւ Տէրը ձեռքերը բաց` կը սպասէ մեր ժամանումին։

Տիրոջ ձեռքերը, սիրող հօր մը նման՝ միշտ պատրաստ են մեզ ընդունելու, սակայն մէկ պայմանաւ, որ մենք կատարենք առաջին քայլը դէպի մեր Արարիչն ու Հայրը։ Նման անառակ որդիին, որ վերջապէս մտածեց, յետին չքաւորութեան մէջ, թէ ինք հայր մը ունի, ընտանիք մը ունի եւ հոն` կարող է գտնել ամէն հանգիստ եւ օգնութիւն. Ինքիրեն ըսաւ. Ելլեմ երթամ հօրս մօտ եւ խնդրեմ որ զիս ընդունի հօրենական տան մէջ, գէթ որպէս մէկը իր ծառաներէն։

Ապաշխարութեան առաջին քայլը կը կայանայ իր կացութենէն դուրս գալու մէջ, ցեխէն վեր բարձրանալու մէջ։ Ելլեմ մեղքերու տիղմէն, դուրս գամ նիւթական եւ այլ մտահոգութիւններու մղձաւանջէն, որպէսզի կարենամ իմ հոգիիս փրկութեան մասին մտածել եւ, զղջալով իմ անցեալ կեանքիս վրայ, ջանամ մօտենալ իմ նախնական արդարութեանս եւ անմեղութեանս, Տիրոջ հոգածու խնամքին ներքեւ։

Այս առակը մեզի ցոյց կու տայ թէ Տէրը ամէն օր անհամբեր կը սպասէ մեզի եւ պատրաստ է տալու մեզի մեր նախնական փառքն ու հանգստութիւնը, նոյնիսկ եթէ մենք մեզ արժանի չենք զգար անոր։ Մեր վրայ պիտի դնէ անմեղութեան պատմուճանը եւ մեր մատին պիտի անցընէ ոսկիէ մատանին, որպէսզի մեզի տայ այն իշխանութիւնը որ ունէինք երբ որոշեցինք լքել զինք եւ հեռանալ իրմէ։ Մեր տեղը չէ կորսուած երկնքի արքայութեանը մէջ, այլ՝ մեծ խնամքով պահուած է։ Ապաշխարանքով ու աղօթքով միայն պիտի կարենանք մտնել այնտեղ, եւ գրաւել մեզի յատկացուած տեղը. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2023, 07:50