Որոնել

Քառասնորդաց, անապատ Քառասնորդաց, անապատ 

«Մեծ պահքի Պատգամը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Մենք, որպէս մկրտուած քրիստոնեաներ, ժառանգորդներ եւ հետեւորդներն ենք, ոչ միայն Եղիային, այլ Քրիստոսի: Ամէն անգամ որ իրար բարեւենք « Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց» ողջոյնով, կը պատասխանենք ըսելով՝ «եւ մենք վկաներն ենք այդ յարութեան»:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Մեծ Պահքի ժամանակաշրջանին, երկնքի դռները լայն կը բացուին, որպէսզի քրիստոնեան կարենայ աստուածային շնորհքներ եւ առատ օրհնութիւններ ստանալ: Այսուհանդերձ, մարդը շատ յաճախ անհաղորդ կ'ըլլայ այդ երկնային օրհնութիւններուն: Այս իմաստով Եսայի մարգարէն կը գրէ՝ «Բայց ձեր ու ձեր Աստուծոյն միջեւ բաժանում ձգողը ձեր անօրէնութիւնները եղան։ Ձեր մեղքերը անոր երեսը ձեզմէ ծածկեցին, որ չլսէ» (Ես. 59:2)։ Այո՛, անհաղորդ կ'ըլլանք աստուածային շնորհքներուն, որովհետեւ մեր մեղքերը կը կաշկանդեն Աստուծոյ գործը մեր մէջ: Սակայն բարի լուրը այն է, որ մենք պիտի չդատուինք որովհետեւ մեղաւորներ ենք, ինչպէս եկեղեցւոյ սուրբ հայրերն կ'ըսեն, այլ որովհետեւ չգացինք Քրիստոսի քով բուժուելու համար: Պահոց շրջանը մեզ կը յիշեցնէ այս իրականութեան մասին:

Ընդհանուր առմամբ ներկայ քրիստոնեային իրականութիւնը հետեւեալը կը յայտնէ մեզի՝ ան (քրիստոնեան) եկեղեցիին մէջն է, բայց չապրիր որպէս անոր կենդանի անդամը. կը ճաշակէ Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը, բայց կարող չէ ցոյց տալու, որ Քրիստոս կ'ապրի իր մէջ. խոստովանանք կ'ընէ, սակայն չուզեր ձերբազատուիլ իր մեղքերէն. քրիստոնեայի կերպարը հագած է, սակայն իր գործերը ուրիշ իրականութիւն ցոյց կու տան: Քրիստոս մարդացաւ, մահն ու դժոխքը խափանեց, երկնքի դռները բացաւ, որպէսզի կարենանք երանութիւնը ապրիլ Իր հետ, սակայն մարդը յամառօրէն կը շարունակէ դուրս մնալ սրբութեան եւ փրկութեան ճանապարհէն:

Ինչո՞ւ ... Պատասխան փնտռելու նպատակով միասնաբար տեսնենք Եղիսէ մարգարէին պատմութիւնը:
Երբ Աստուած Եղիա մարգարէն մրրիկով երկինք վերցուց, Եղիսէ իր վերադարձի ճամբուն վրայ, Եղիային վրայէն ինկած վերարկուն առաւ եւ ջուրերուն զարկաւ եւ ըսաւ՝ «Եղիային Տէր Աստուածը ո՞ւր է հիմա»։ Երբ ջուրերուն զարկաւ, անոնք մէկ կողմն ու միւս կողմը բաժնուեցան ու Եղիսէ անցաւ: Եղիսէի աղաղակը՝«Եղիային Տէր Աստուածը ո՞ւր է հիմա» ցոյց կու տայ, թէ ան կը փնտռէր Եղիայի Աստուածը եւ կը փափաքէր շարունակել իր ճամբան Եղիայի ընթացքով: Եւ իսկապէս ան իր նախնիին օրինակին հետեւեցաւ եւ Աստուած նոյն ձեւով գործեց իր հետ:
Եղիսէի պատկերը Յորդանան գետին դիմաց կը ներկայացնէ քրիստոնեան դժուարութիւններու ընդառաջ: Եղիսէ մարգարէին համար խոհեմութիւն չէր յանձնուիլ իր դիմաց գտնուող «ջուրերուն» առջեւ. եւ կամ փնտռել ելքի տարբեր հնարաւորութիւններ. եւ կամ ալ մնալ այնպիսի վիճակի մը մէջ, որ կարծէք ոչ մէկ յարաբերութիւն ունէր Եղիա մարգարէին եւ անոր Աստուծոյ հետ: Ան չինկաւ յուսահատութեան մէջ, այլ աղաղակեց՝ «Ո՞ւր է Եղիայի Աստուածը»: Երկինքն անմիջապէս պատասխանեց, եւ նորէն Յորդանանի ջուրերը բաժնուեցան ինչպէս պատահած էր Եղիայի ժամանակ:

Մենք, որպէս մկրտուած քրիստոնեաներ, ժառանգորդներ եւ հետեւորդներն ենք, ոչ միայն Եղիային, այլ Քրիստոսի: Ամէն անգամ որ իրար բարեւենք « Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց» ողջոյնով, կը պատասխանենք ըսելով՝ «եւ մենք վկաներն ենք այդ յարութեան»: Վկայ ենք Քրիստոս փրկագործական արարքին, սակայն Եղիսէի չափ հաւատք չունինք մեր դիմաց գտնուող ջուրերը ճեղքելու: Կ'աղաղակե՞նք. այո՛: Բայց ոչ Աստուծոյ: Մեր աղաղակը զԱստուած փնտռելու համար չէ, այլ ապարդիւն գանգատ մըն է, որ օդին մէջ ցնդի: Մոռցած ենք մեր նախնիներուն հաւատքի աւանդը եւ այդ պատճառով փոխանակ դիմելու մեր հայերու Աստուծոյն, կը նախընտրենք Չարին սուտերուն հաւատալ եւ հետեւաբար կը մնանք անոր կապանքներուն մէջ:

Մեր քրիստոնէական կեանքը կարելի է նմանեցնել հետեւեալ պատկերին: Երբ հանդիպինք խեղճ եւ աղքատ մարդու մը, կը յուզուինք: Եւ որպէսզի մեր խիղճը հանդարտեցնենք, կ'օգնենք իրենն եւ ապա երես դարձնելով կը մեկնինք: Պարտականութիւն մը կատարած կ'ըլլանք, պարզապէս հանգիստ զգալու համար: Շատ յաճախ մեր յարաբերութիւնն ալ Աստուծոյ հետ միեւնոյնն է: Մեր կրօնական պարտականութիւնները կը կատարենք, ապա երես դարձնելով կը մեկնինք ապրելու Աստուծմէ հեռու կեանք մը: Մեր տուներուն, գործատեղիներուն, դպրոց/համալսարաններուն եւ կամ յարաբերութիւններուն մէջ մեզ տեսնողը, երբեք այն տպաւորութիւնը չունենար, որ Քրիստոսի հետեւորդներն ենք: Կը մօտենանք Աստուծոյ միայն խնդրելու իրմէ, որպէսզի Ան մեր փափաքներն ու ցանկութիւնները օրհնէ. ապա երես կը դարձնենք եւ կը հեռանանք: Ետքը կը զարմանանք, ինչո՞ւ երկինքը փակ է մեզի համար:

Եբրայեցիներու հեղինակը կը գրէ՝ «Ուստի մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը» (Եբր. 12:1)։ Այս վկաները կը բարեխօսեն մեզի համար եւ իրենց օրինակով կը քաջալերեն մեզի: Փոխանակ մենք զմեզ իրարու հետ համեմատելու, նայինք սուրբ հայրերուն, նայինք «Յիսուսին՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին» (Եբր. 12:2), որոնք յաղթեցին աշխարհին, ինչպէս Քրիստոս ինք ըսաւ, ապա մենք ալ պիտի ապրինք երկնային օրհնութիւններ: Այս է Մեծ Պահոց Պատգամը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2023, 08:22