Որոնել

2023.03.25 La resurrezione di Lazzaro

Եկեղեցական Գիտելիքներ Զ. Շաբաթ Քառասնորդաց (26 Մարտ_ 2 Ապրիլ 2023)

Շաբաթ օր` 1 ապրիլին, Հայ Եկեղեցին կը կատարէ յիշատակը Ղազարոսի յարութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Քառասնորդաց վեցերորդ շաբաթը կը կոչուի Գալստեան շաբաթ եւ նուիրուած է Յիսուսի-Քրիստոսի երկրորդ գալստեան, երբ աշխարհի վերջը պիտի գայ, դատելու համար բոլոր մարդկութիւնը։ 

Այս շաբթուայ ընթացքին կը կարդացուին զանազան բժշկութիւններու աւետարաններ:

Իսկ քառասնորդաց 40-րդ օրը, որ կը հանդիպի ուրբաթ օր, կը կարդացուի Յիսուսի խաչելութեան պահուն իր կատարած յանձնումը իր մօրը` Յովհաննէս առաքեալին, եւ Յովհաննէսը կարգելով իր տեղ` որպէս որդի Մարիամի։ Խաչելութեան յիշատակէն մէկ շաբաթ առաջ արդէն` Հայ Եկեղեցին կը յիշեցնէ թէ Յիսուսի մայրը փրկչակից եղաւ իրեն, խաչին տակ։

Կիրակի օրուան աւետարանը մեզ կը հաղորդէ սիրոյ պատգամը Քրիստոսի, թէ ինչպէս, աստուածսիրութիւնը ամենամեծ պատուիրանն ըլլալով հանդերձ` եղբայրսիրութիւնը կարելի չէ բաժնել անկէ։ Երկուքը միասին կը կազմեն հիմը բոլոր օրէնսդրութեան։ Իսկ ով որ խոնարհեցնէ ինքզինք, ան պիտի բարձրանայ։

Մեզի կը սորվեցնէ նաեւ զգուշանալ անոնցմէ որոնք, նման փարիսեցիներուն` իրենց կրօնասիրութիւնը կ՛իրագործեն պարզապէս երեւնալու համար ժողովուրդէն։ Մարդ եթէ պիտի պաշտէ զԱստուած, բոլոր սրտանց պէտք է կատարէ զայն։

Շաբաթ օր` 1 ապրիլին, Հայ Եկեղեցին կը կատարէ յիշատակը Ղազարոսի յարութեան։ Ղազարոս Յիսուսի բարեկամն էր, որ մահացած էր եւ գերեզման դրուած 4 օրէ ի վեր։ Յիսուս եկաւ եւ զինք դուրս կանչեց գերեզմանէն։ Երբ ժողովուրդը տեսաւ այս զգայացունց  հրաշքը, շատերը սկսան հաւատալ իրեն, ինչ որ նախանձը գրգռեց Փարիսեցիներուն ու Քահանաներուն. Այդ օրէն սկսեալ անոնք որոշեցին Յիսուսը սպաննել տալ,  Հռոմէական իշխանութենէ խնդրելով  որ զինք դատապարտէ մահուան։ Այս օր` Երեկոյեան ժամերգութեան ատեն, խորանի վարագոյրը հանդիսաւորապէս կը բացուի երբ դպիրները կ՛երգեն օրուան շարականը։

Կիրակի 2 Ապրիլը՝  Ծաղկազարդ է, տօն՝  Յիսուսի փառաւոր մուտքին ՜՜Երուսաղէմ՝՝։ Նաեւ երիտասարդութեան համաշխարհային օրն է ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2023, 07:46