Որոնել

Արամ Ա այցելեց Աթէնքի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարան Արամ Ա այցելեց Աթէնքի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարան 

Յունաստանի Հայ Կաթողիկէներու վիճակաւոր` Յովսէփ Թ. Ծ. Վ. Պեզեզեանի բարի գալուստի խօսքը Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին

Այսօր յունահայութիւնը կը ցնծայ, որովհետեւ ցնծութեամբ կը հիւրընկալէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին Արժանաւոր Գահակալը․ արդ մեր աղօթքները կը բարձրացնենք առ Աստուած, որ ծաղկեալ պահէ Ձեր Կաթողիկոսական Գաւազանը եւ Ձեր իմաստուն հովուապետութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս․ Աթոռը շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը մեր Ազգին ու Եկեղեցւոյ, Հայրենիքին ու Արցախին եւ համայն մարդկութեան բարիքին համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն Ձեզի․․․

Ողջոյն Ձեզի Նորին Սրբութիւն Տ․Տ․ Արամ Վեհափառ Տէր,

Ողջոյն Ձեզի Սիրոյ ու Եղբայրութեան, Քրիստոսի Աւետարանին Եռանդուն քարոզիչ ու քրիստոսավանդ առաքելութեան յանձնառու առաքեալ,

Այսօր, Ձեր այս հայրապետական շնորհաբաշխ այցելութեամբ, յոյսի ու ցնծութեան ալիքներով ողողեցիք ողջ յունահայութեանը։

«ՕՐՀՆԵԱԼ Է ԱՆ ՈՐ ԿՈՒ ԳԱՅ ՏԻՐՈՋ ԱՆՈՒՆՈՎ՛։

Վեհափառ Տէր,

Յաճախ կը հետեւիմ Ձեր հայրապետական պատգամներուն եւ խնկաբոյր խօսքերուն, սակայն խոր յուզում յառաջացուց ներսս, վերջերս երկրաշարժի աղէտին պատճառով Ձեր ուղղած պատգամը ժողովուրդին, Հալէպ զօրացական այցելութեան առիթով, ըսելով․ « ԵԿԱԾ ԵՄ ՀԱԼԷՊ, ՁԵՐ ՑԱՒԸ ԲԱԺՆԵԼՈՒ, ՁԵՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՄԱՆԱԼՈՒ ԵՒ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ՅԱՌԱՋՈՒՑՈՒՑԱԾ ՎՆԱՍՆԵՐՈՒՆ ԱՒԵԼԻ ՄՕՏԷՆ ՏԵՂԵԱԿ ԴԱՌՆԱԼՈՒ»։

Հազիւ շաբաթ մը անցած երկրաշարժին, մեծ շքախումբով փութացիք Հալէպ, գօտեպնդելու սուրիահայութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը յայտնելու։

Այս ի՝նչ հայրական գութ սէր ու գուրգուրանք․․․

Վեհափառ Տէր, թոյլ տուէք Ձեզ կոչել ԲԱՐԻ ԵՒ ՔԱՋ ՀՈՎԻՒ։

ԲԱՐԻ ՀՈՎԻՒ, ժողովուրդին ցաւին բաժնեկից ըլլալով եւ յուսադրիչ խօսքերով մխիթարելով։

ԲԱՐԻ ՀՈՎԻՒ, պահելով ու պաշտպանելով պատմութեան մէջ առաջին քրիստոնեայ ազգին հաւատքն ու լեզուն։

ԲԱՐԻ ՀՈՎԻՒ, նոյնանալով մանուկներուն, տարեցներուն եւ մանաւանդ՝ մտային անկարողութիւն ունեցող մեր զաւակներուն հետ։

ՔԱՋ ՀՈՎԻՒ, պահանջելով Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին արդար իրաւունքները։

ՔԱՋ ՀՈՎԻՒ, Ձեր սրտագրաւ կոչը Հալէպ՝ Ձեր ձայնը միացնելով Սուրիոյ Եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հաւաքական ձայնին, պահանջելով Միջազգային Համայնքէն, վերջ տալու Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները եւ շուտով օժանդակելու ժողովուրդի կարիքներուն։

ԲԱՐԻ ԵՒ ՔԱՋ ՀՈՎԻՒ հօտին՝ եւ հօտին համար։

Այնպէս ինչպէս Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս, ինք որպէս հովիւ իր հօտին, ինքզինք նոյնացուց այնպէս ալ դուք Վեհափառ Տէր, Քրիստոսի հետեւողութեամբ կ՛ընծայաբերէք Ձեր անձը հօտին համար, որուն ծառայութեան դաշտը մեր ժողովուրդի համայնական կեանքն է իր բոլոր բնագաւառներով։

Վեհափառ Տէր,

Այժմ թոյլ տուէք, հակիրճ կերպով ներկայացնելու Հայ կաթողիկէ համայնքին պատմականը Յունաստանի հողերու վրայ, ուր այս տարի մեծ շուքով պիտի նշենք 100 Ամեակը։

Այս Ս․ Տաճարը որ հիմա կը գտնուիք, Անոր Ս․ Խորանին առջեւ, հարիւրամեայ կեանք մըն է, ուր հազարաւոր գաղթականներ եղեռնէն ճողոպրած՝ ապաստան գտած են։ Իսկապէս Յուշարձան մըն է։

1922 թուականին, գաղթական հայութեան հետ, մուտք կը գործեն Յունաստան 6000 հայ կաթողիկէ հաւատացեալներ եւ երկու քահանաներ։ Անոնք որպէս հաւաքականութիւն, սկզբնական շրջանին անկազմակերպ վիճակ մը կը ներկայացնեն։

1923, Մարտ 19-ին, Նախախնամութիւնը Յունաստան կը ղրկէ Աստուծոյ Ծառան՝ Հայր Կիւրեղ Զօհրապեան, Տրապիզոնէն աքսորուած, թուրքերու կողմէ, որ իր առաքելական եռանդը ի գործ կը դնէ, իր շուրջ հաւաքելով յունահայ կաթողիկէները դառնալով անոնց Բարի հովիւը, օժտելով համայնքը եկեղեցիներով, դպրոցներով, առաջնորդարանով։ Առաւել, բանալով աշխատանոցներ, որբանոցներ եւ Ծերանոց։ Քորֆու կ՛ըլլայ իր առաջին առաքելավայրը։

1923 Մարտ 23-ին, կը ժամանէ Քորֆու եւ արդէն Մայիս ամսուն մէջ ժողովուրդին առջեւ լայն կը բանայ դռները «Արարատեան» Վարժարանին։

Նոյն տարին, Հայր Զօհրապեան կը շրջի Յունաստանի այլ վայրերը եւ հարկը զգալով շուտով կը բանայ առաքելակայաններ, Սելանիկ, Վոլօ, Հռոդոս, Սամոս, Տէտէ Աղաճի որ այժմ Աղեքսանդրապոլիս կը կոչուի, Աթէնք, Գոգինեա եւ Գրէտէ։

1928-ին, Առաջնորդարանի կողքին կը հիմնուի Ֆիքսի, Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանը, որ կ՛ըլլայ աթէնահայութեան վստահութեան արժանացած վարժարան մը եւ նաեւ գաղութին Տունը։

Վեհափառ Տէր,

Այսօր յունահայութիւնը կը ցնծայ, որովհետեւ ցնծութեամբ կը հիւրընկալէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին Արժանաւոր Գահակալը․ արդ մեր աղօթքները կը բարձրացնենք առ Աստուած, որ ծաղկեալ պահէ Ձեր Կաթողիկոսական Գաւազանը եւ Ձեր իմաստուն հովուապետութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս․ Աթոռը շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը մեր Ազգին ու Եկեղեցւոյ, Հայրենիքին ու Արցախին եւ համայն մարդկութեան բարիքին համար։

Այժմ սրտաբուխ, անհամբեր կը սպասենք Ձեր քաղցրածոր խօսքերուն եւ ականջալուր Ձեր հայրապետական պատգամին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2023, 12:08