Արհ. Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանի զօրակցական այցը Քեսապ
Երեքշաբթի` 28 Փետրուար 2023-ին, կէսօրուայ ժամը 11։00-ին, Արհի. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան` Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի Ընդհանուր Փոխանորդը հովուական այցելութեամբ Լիբանանէն ժամանեց Քեսապ։
Այցելութեան նպատակն էր մօտէն հետաքրքրուիլ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալ ընտանիքներու կարիքներուն եւ երկրաշարժէն ետք անոնց կրած վնասներուն։
Գերապայծառ Տիրոջ առաջին հանգրուանը եղաւ «Ս. Միքայէլ» հայ կաթողիկէ եկեղեցին ուր Ան հաւատացեալներու մասնակցութեամբ գոհաբանական աղօթք մատոյց Աստուծոյ իր հովանիին տակ պահպանած ըլլալուն համար Աստուծոյ Ժողովուրդը ու նաեւ աղօթեց երկրաշարժի բոլոր զոհերուն համար։ Աղօթքէն ետք Արհիապատիւ Ասատուրեան գերապայծառը վանքիս «Աղաճանեան» դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ «Օժանդակ Մարմնին» հետ ու մօտէն տեղեկացաւ ժողովրդապետութեան վերջին օրերուն ապրած իրադարձութիւններուն ու կարիքներուն։
Կէսօրուայ ժամը 12։30-ին, Գերապայծառ Ասատուրեան պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Քեսապի Հայ Առաքելական «Ս. Աստուածածին» եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ տեղւոյն հոգեւոր Տեսուչ` Հոգեշնորհ Հայր Անդրանիկ Վրդ. Քիւրինմլեանէն եւ եկեղեցւոյ թաղական անդամներէն։
Գերապայծառ Տէրը նախ այցելեց «Ս. Աստուածածին» եկեղեցի եւ մօտէն ծանօթացաւ եկեղեցւոյ կրած վնասներուն, վերջերս Սուրիան հարուածող ահեղ երկրաշարժի հետեւանքով։ Ան ապա եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ քոյր համայնքի եկեղեցւոյ թաղականութեան հետ։
Միօրեայ այս այցելութեան աւարտին, երեկոյեան, Արհի. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան Քեսապէն հրաժեշտ առաւ ուղղուելով Հալէպ, շարունակելու համար իր մօտիկութեան եւ զօրակցութեան առաքելութիւնը, այնտեղ եւս տանելու համար մխիթարութիւն եւ սփոփանք։
Նշենք որ Արհ. Գերապայծառ Ասատուրեան տասնեակ տարիներու ընթացքին միշտ հետեւած է ու մօտիկ գտնուած է Քեսապի հայութեան, իր ու հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ աջակցութիւնն ու հոգատարութիւնը երբեք չպակսեցնելով անոնցմէ։
Թղթակից
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ