Սիւնհոդոսը` որպէս Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցիներուն վերանորոգում
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Թուրքիոյ և Սիրիոյ մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժի զոհերուն համար աղօթքով եւ վիրաւորներու և բնական աղէտէն տուժածներու ապաքինման խնդրանքով է որ բացումը կատարուեցաւ Միջին Արեւելիքի Կաթողիկէ եկեղեցիներու ցամաքային սիւնհոդոսը ներկայացնող 7 փետրուարին կայացած մամլոյ ասուլիսին։
Արդարեւ յառաջիկայ 13էն 18 Փետրուարին Լիբանանի` Հարիսայի շրջանին մէջ գտնուող Պեթանիա կեդրոնին մէջ նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին որոշումով 2021ին սկիզբ առած եւ 2024 աւարտող` «Սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ ի նպաստ. Հաղորդութիւն. Մասնակցութիւն. Առաքելութիւն» բնաբանով Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Սիւնհոդոսին Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն տարածաշրջանային փուլը։
Լրատուամիջոցներու վերոնշեալ հանդիպումը ուստի մեկնարկումը եղաւ տարածաշրջանային այս փուլին։ Սիւնհոդոսը արդարեւ ուղեւորութիւն մըն է եւ միշտ Քահանայապետի կամքով ան ունեցաւ տարբեր հանգրուանները, որոնցմէ առաջինը եղաւ Սիւնհոդոսական ընթացքին բացումը, ապա տեղական եկեղեցիներուն մէջ սիւնհոդոսին նշումը հուսկ` տարածաշրջանի մակարդակով հաւաքը հուսկ տիեզերական ժողովը որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ։
Տարածաշրջանային մակարդակով սիւնհոդոսը եւս ունի իր բնաբանը «Լայնեցուցէք ձեր վրանի տարածքը» (Եսայի 54,2)։
Ընդգծել Աստուծոյ Ժողովուրդին ինքնութիւնն ու կոչումը
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին` Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոս Գերապայծառ ժիւլ Պութրոս բացատրեց Քահանայապետին կողմէ առաջարկուած սիւնհոդոսին ուղեւորութիւնը, նշելով, թէ ինչպէս համայն աշխարհին մէջ եպիսկոպոսները Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ կեդրոնացան Աստուծոյ Ժողովուրդին հետ քալելու եւ անոնց հետ հոգեւոր երկխօսութիւն հաստատելու աշխատանքին վրայ, որմէ բխած առաջարկներու եզրակացութիւնները ուղարկուեցան «Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղարութեան», որուն հիման վրայ շարադրուեցաւ տարածաշրջանային փուլի աշխատանքային թղթածրարը։
Գերապայծառ Պութրոս նշեց նաեւ, որ այս տարածաշրջանային փուլը պատասխաններ կամ որոշումներ կայացնելու համար չէ եղած այլ կ՛ուզէ ըլլալ «ընդհանուր հոգևոր տեղաշարժի վիճակ՝ ի նշան զօրակցութեան, ընդգծելու Աստուծոյ ժողովրդի ինքնութիւնը և անոր կոչումը` որպէս Եկեղեցի աշխարհի սրտին մէջ»:
Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու 120 ներկայացուցիչներ
Խօսք առաւ Հայր Խալիլ Ալուանը որ Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ պատրիարքներու Խորհուրդին ընդհանուր քարտուղարն է եւ Սիւնհոդոսական նիստի ընդհանուր համակարգող, որ նշեց, թէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիները եւս իրենց կարգին Սուրբ Աթոռին ուղարկեցին իրենց համադրութիւնները։ Արդարեւ` Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Քարտուղարութեան ներկայացուեցան` ազգային եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու 112 ու Միջին Արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիներու 13 զեկոյցներ, բացի միաբանութիւններու, աշխարհական շարժումներու եւ ընկերակցութիւններու ու այլ հասարակութիւններու զեկոյցները»։
Հայր Ալուան ապա նշեց, թէ Միջին Արեւելքի տարածաշրջանի Սիւնհոդոսին պիտի մասնակցին Կաթողիկէ Պատրիարքներէն բացի, քրիստոնեայ հասարակութիւններուն մաս կազմող եւ ընկերութեան զանազան խաւերու պատկան 120 ներկայացուցիչներ, որոնք պիտի ժամանեն, Սուրիայէն, Եգիպտոսէն, Յորդանանէն, Իրաքէն, Սուրբ Երկիրէն եւ Ծոցի երկիներէն ու կը պատկանին Մարոնիթ, Ղպտի Կաթողիկէ, Յոյն Կաթողիկէ, Ասորի Կաթողիկէ, Հայ Կաթողիկէ, Քաղդէացի եւ Լատին եկեղեցիներուն։ Իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ օրթոտոքս եւ բողոքական եկեղեցիները ներկայացնող պատուիրակներ։
«Ժողովի ընթացքին պիտի որդեգրուի աշխատանքային նոր մեթոդաբանութիւն, որ պիտի հիմնուի ունկնդրութեան, հոգեւոր խօսակցութեան եւ հոգեւոր զատորոշումի վրայ» դիտել տուաւ Հայր Ալուանը։
Կիներն ու երիտասարդները
Խօսք առաւ նաեւ Փրոֆ. Տիկ Միրնա Ապպուտ Ալ Մուզաուաքը, որ այս սիւնհոդոսական ընթացքը նկատեց Եկեղեցւոյ կեանքին «նոր ուժականութիւն պարգեւող» ընթացք, ընդգծելով որ իւրաքանչիւր մկրտեալ պատասխանատու է եւ հիմնական մաս է Եկեղեցւոյ, «մենք կը քալենք, կ՛աղօթենք, կը խորհրդածենք եւ կը կառուցենք միասին», հաստատեց Ան, յատուկէն անդրադառնալով կիներու դերակատարութեան ու անոնց կարեւորութիւն ու ձայն տալու հարկաւորութեան։
Տիկին Ալ Մուզաուաքը նկատել տուաւ նաեւ թէ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս երիտասարդներուն ձայնի բացակայութիւնը ընդհանրական մտահոգութիւն մըն է ակնարկելով Երիտասարդներուն նուիրուած վերջին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին։ Այս առնչութեամբ Մամլոյ ասուլիսին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ժիւլի Ժորժ անունով Ղպտի կաթողիկէ երիտասարդուհի մը, որ իր վկայութիւնը տուաւ Եգիպտոսի մէջ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս երիտասարդներու դերակատարութեան մասին.։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ