Ս․ ՆԵՐՍԷՍ ԼԱՄԲՐՈՆԱՑԻ (1153_1198) - "Հայ եկեղեցւոյ շարակնոցը հարստացնող հայրերը" (6)
Ս. Ներսէս Լամբրոնացի՝ աւազանի անունով Սմբատ, Օշին իշխանի որդին եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի եղբօր աղջկան որդին: Ծնած է 1153-ին, Կիլիկեան Հայաստան: Լամբրոնացի կոչուած է իր հայրենական Լամբրոն բերդի անունով, որ կը պատկանէր իր հօր մեծ հօր՝ Օշին իշխանին:
ԺԲ. դարու հանճարեղ հրապարակախօս, հռետոր, կրօնական-քաղաքական գործիչ (որ մեծ ներդրում ունեցած է Կիլիկեան թագաւորութեան հաստատման նուիրական գործին), փիլիսոփայ, երաժիշտ, թարգմանիչ (ան հին եւ նոր թարգմանութիւններով կազմած է «Վարք հարանց» ժողովածոն եւ այլ գործեր), շարականագիր (վերջինիս մեկնաբանութեամբ եւ ուսումնասիրութեամբ եւս զբաղած է) եւ մատենագիր:
1175-ին, 22 տարեկան հասակին Ս. Ներսէս Շնորհալիէն կը ստանայ եպիսկոպոսական աստիճան, ծառայելով Տարսոն, Լամբրոն, Սկեւռայի մենաստանը, Սեւ Լեռները եւ այլուր:
Լամբրոնացիի գիտութիւնն ու սրբակեացութիւնը շատերուն նախանձը գրգռած է:
Ան գրած է արձակ եւ չափածոյ գործեր, շարականներ, տաղեր եւ «Գովեստ Ներբողական» պոէմը: Անոր 23 շարականները՝ յարութեան «Այսօր Յարեաւ ի մեռելոց», Համբարձման տօնի «Ծագումն Միածնի» եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի նուիրուած, որոնք ունին աշխուժ չափ եւ ի տարբերութիւն հայկական ապաշխարութեան տխուր տրամադրութիւններուն, կենսուրախ եւ կենսախինդ են, որոնց երաժշտութիւնն անգամ ինք յօրինած է, ուր զգալի է Ս. Ներսէս Շնորհալիի ազդեցութիւնը:
Իր գլխաւոր երկն է՝ «Պատարագամատոյցի մեկնութիւն»ը, Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացիի «Պարապմանց գրքի» ապա «Առակաց գրքի», Սաղմոսի, 12 մարգարէներու մեկնութիւնը: Ունի ճառեր եւ թարգմանութիւններ: Նշանաւոր է իր «Ատենաբանութիւն»ը, որով սէր եւ խաղաղութիւն կը քարոզէ քրիստոնեայ եկեղեցիներու միջեւ:
Ս. Ներսէս Լամբրոնացիի շահեկան աշխատասիրութիւններէն մէկն է «Օրէնքներու հաւաքածոն», որ քաղուած է յոյն եւ լատին աղբիւրներէ: Լամբրոնացին իր երկերուն իբրեւ յաւելուած նկարագրած է նաեւ ժամանակակից դէպքերը: Լամբրոնի սուրբը գրած է, վարք-յիշատակարաններ՝ «Գրիգոր Նարեկացի»: Ներսէս Լամբրոնացին սուրբերու շարքին դասուած է իր պապուն՝ Ներսէս Շնորհալիի նման:
Ս. Ներսէս Լամբրոնացիի շարականները ծաղկեցուցին եւ եկեղեցական երգն ու երաժշտութիւնը հասցուցին զարգացման գագաթնակէտին: Մեծ լիցք հաղորդեցին հայ հոգեւոր երգին եւ հարստացուցին շարակնոցը: Ան հայ հոգեւոր երգին մէջ ներմուծեց ազգասիրական, հայրենասիրական ձգտումները, որոնք նորութիւն էին, որով մինչ այդ թերի էին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ