Որոնել

2020.03.12 Talitha Kum, intervista Sr Bottani e Amb. Sally Axworthy sulla lotta alla tratta

Բոլոր ցամաքամասերը կը միանան աղօթքի մէջ` մարդավաճառութեան դէմ

Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի և խոկումի Օրուան նուիրուած շաբաթը մեկնարկած է Փետրուար 6ին և պիտի աւարտի Փետրուար 12ին
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Մարդավաճառութեան դէմ պայքարողները, անոր զոհերը և վերապրածները միասին ճամբայ ելած են, միասին կը քալեն: Ասիկա է Մարդկանց առևտուրի դէմ աղօթքի և խոկումի իններորդ Օրուան առանցքը՝ աշխարհի տարբեր անկիւններէ հազարաւոր մարդկանց մասնակցութեամբ, որոնք միաւորուելով տարբեր համայնքներէն ներս պիտի խորհրդածեն, աղօթեն և այդ ընդհանրական երևոյթի դէմ աշխարհին ուղերձ յղեն։

Բնաբանն է՝ «Քալել Արժանապատուութեան համար»

Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի և խոկումի Օրը հիմնադրուած է 2015 թուականին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հրամանով։ Այս տարի առաջին անգամ, 15 երիտասարդ ներկայացուցիչներ պիտի ժամանեն Հռոմ աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէն՝ մէկ շաբաթ մարդավաճառութեան վերաբերեալ հանդիպումներու և կազմաւորման դասընթացքներու համար:

Այս իններորդ Օրուան նուիրուած միջոցառումները սկիզբ առին՝ Փետրուար 6էն, անգլերէն և իտալերէն համամիութենական հսկումի աղօթքով, Սանթա Լուչիա ժողովրդապետութեան մէջ, որ կը գտնուի Հռոմի կենտրոնական թաղամասերէն մէկուն մէջ։

Փետրուար 8ն՝ Սուրբ Պախիթայի տօնին օրը, պիտի դառնայ միջոցառումի գագաթնակէտը՝ կը նախատեսուի աղօթքի և խոկումի առ ցանց ուխտագնացութիւն՝ ժամը 9․30էն մինչև 16․30:

Ուրբաթ՝ Փետրուար 10ին Քոնչիլիացիոնէ փողոցին վրայ, «Evolution Company of the Holy Dance» պարային խումբի և երիտասարդներու միջազգային ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, կազմակերպուած է մարդկանց առևտուրի դէմ պայքարի ֆլեշմոպ։

Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի և խոկումի Թ Օրը կ’աւարտի կիրակի՝ Փետրուար 12ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին։

Նշենք, որ նախաձեռնութիւնը համակարգուած է մարդկային առևտուրի դէմ պայքարի «Talitha Kum» միանձնուհիներու միջազգային ցանցի կողմէ, համագործակցութեամբ ի միջի այլոց Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութեան, Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան, Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցի, Միջազգային Քարիթասի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2023, 12:25