Ասսիզիի մէջ աղօթքի, ծոմապահութեան նախաձեռնութիւն Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Իտալիոյ Ասսիզիի սրբավայրին մէջ կազմակերպուած է Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար աղօթքի եւ ծոմապահութեան նախաձեռնութիւն, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 24էն-26 փետրուարին։
Ուքրանիոյ մէջ պատերազմէն ճիշդ մէկ տարի ետք, Ասսիզիի փոքրիկ եղբայրներու կողմէ կազմակերպուած վերոյիշեալ նախաձեռնութիւնը պիտի իրականանայ աղօթքի, խորհրդածութիւններուն եւ ծոմապահութեան արարողութիւններուն միջոցաւ, մասնակցութեամբ իրենց սիրտի մէջ խաղաղութեան նիւթը կրող ընկերակցութիւններու, շարժումներուն, եկեղեցական խումբերու ներկայացուցիչներու ։
Նախաձեռնութեան յայտագիրը
Աղօթքի, ծոմապահութեան նախաձեռնութիւնը սկիզբ կ՝առնէ ուրբաթ, 24 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7ին, Ասսիզիի Santa Maria degli Angeli եկեղեցւոյ մէջ խոստովանանքի արարողութեան եւ ծոմապահութեան միջոցաւ։
Յաջորդ օրը 25 Փետրուարին, Ասսիզիի Domus laetitiae կառոյցէն ներս տեղի կ՝ունենայ խմբային աշխատանքներ եւ փորձառութիւններու լսումներ, մինչ կիրակի 26 փետրուարին՝ նախաձեռնութեան վերջին օրը, Սուրբ Ֆրանչիսկոսի նուիրուած տաճարէ ներս սուրբ պատարագ կը մատուցէ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահ Կարդինալ Մաթէօ Զուփփին։
Մօտեցնող կամուրջներ կառուցել
Ասսիզի փոքրիկ եղբայրները, աղօթքի, ծոմապահութեան նախաձեռնութեան հրաւէրին մէջ իրենց փափաքը յայտնած են սկսելու հասարակաց ուղեւորութիւն մը որ կ՝առաջնորդէ զինաթափուելու՝ հանդիպելու համար ուրիշներուն, առանց պայքարելու, յարգելով ու առանց դատապարտելով։
Հրաւէրին մէջ փոքրիկ եղբայրները հրաւիրած են բոլորս որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր ճանչնալու, ընդունելու համար Սուրբ Հոգիին առաջարկութիւնները, կիսելու համար երկխօսութեան, հաշտութեան, հանդիպումի, ներումի ուղիներուն արդիւնաբեր փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ օգնելու սկիզբ տալու համար միասնական ուղի մը՝ Իտալիոյ եկեղեցւոյ համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ