Որոնել

Ս. ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ Ս. ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ  

Ս. ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ (348_440) - ՀԱՂՈՐԴԱՇԱՐ. "Հայ եկեղեցւոյ շարակնոցը հարստացնող հայրերը" (2)

Արեւմտեան Հայաստանի եկեղեցիներուն մէջ արարողութիւններն ու կրօնական դպրութիւնը յունարէնով կը կատարուէր, իսկ արեւելեան Հայաստանի մէջ՝ ասորերէնով: Խուսափելու համար հայ եկեղեցիի ջլատումէն, հարկաւոր էր եկեղեցական-կրօնական արարողութիւնները ըլլային հայերէն լեզուով եւ ոչ օտար լեզուներով, որոնցմէ ժողովուրդը ոչինչ կը հասկնար: (Հաղորդաշարը պատրաստած են` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեան)
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Հայ ազգի մեծագոյն Հայրապետներէն մին՝ Սահակ, որդին է Մեծն Ներսէս Կաթողիկոսին, ուստի եւ թոռան թոռը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի: Ան ուղարկուած էր Կոստանդնուպոլիս ուսման համար եւ ամուսնացած էր: Սակայն բախտաւորուած դուստրով մը՝ Սահականոյշ, որ ազգային հերոս՝ Վարդան Մամիկոնեանի մայրն էր: Իրմով վերջ կը գտնէ Լուսաւորիչի տոհմը, մանչ զաւակի չգոյութեամբ ժառանգութիւնը կ'անցնի Մամիկոնեաններու:

Իր հօր՝ Ս. Ներսէսի վախճանումէն ետք, կաթողիկոսական գահ բարձրացաւ Ասպուրակէս վանականը, սակայն անոր մահէն ետք ժողովուրդի բուռն խնդրանքին անսալով, Խոսրով Գ. թագաւորը պահանջեց, որ Սահակ գրաւէ հայրապետական աթոռը: Տրուած ըլլալով, որ տուեալ ժամանակաշրջանի հայերը պարսկական իշխանութեան ներքոյ կը գտնուէին եւ պարսից թագաւորէն թագուն եղած էր այս անուանումը: Ուստի Շապուհ պարսիկ թագաւորը վար առնել տուաւ թէ՛ թագաւորը, թէ՛ Կաթողիկոսը: Իսկ քիչ անց, վերահաստատեց Հայրապետը իր աթոռին վրայ եւ Խոսրովի տեղ՝ թագաւորական գահը բարձրացուց անոր եղբայրը՝ Վռամշապուհ:

Այն ժամանակ է, որ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Ս. Սահակ Պարթեւին պարզեց հայկական գիրերու ստեղծման գաղափարը: Սոյն ծրագրին մասնակից եղաւ նաեւ Վռամշապուհ թագաւորը եւ ամէն աջակցութիւն ցուցաբերեց: Վերոյիշեալ երեք նուիրեալներու շնորհիւ է, որ հիմը դրուեցաւ հայկական մատենագրութեան՝ ոսկեդարին:

Շապուհի մահէն ետք, Պարսկաստանի գահին բարձրացաւ Յազկերտ Ա. թագաւորը, որու օրով հալածանքներ շղթայազերծուեցան քրիստոնեաներու հանդէպ, ասոր համար Սահակ շրջան մը ապաստանեցաւ Կեսարիա: Հրաման հայցեց Թէոդոս կայսրէն այնտեղէն առաջնորդելու իր հօտը, իրեն պատուիրակ ուղարկելով Ս. Մեսրոպն ու իր թոռը՝ Վարդան Մամիկոնեանը: Կայսրը անսաց Կաթողիկոսին խնդրանքին եւ այդ առթիւ Վարդանը կարգեց հրամանատար հայկական գունդերուն:

Երբ Յազկերտի յաջորդեց Վռամ պարսից թագաւորը, հալածանքները դադրեցան եւ Ս. Սահակ կրկին վերադարձաւ Հայաստան: Հայոց Վռամշապուհ թագաւորը վախճանած ըլլալուն՝ հայ նախարարներու խնդրանքին հիման վրայ եւ Վռամի հրամանով գահ բարձրացաւ անոր որդին՝ Արտաշիր: Հետագային միեւնոյն նախարարները, դժգոհ Արտաշիրէն խնդրեցին Կաթողիկոսէն, որ գահընկէց ընէ, սակայն Հայրապետը չընդառաջեց: Առ այդ, հայ նախարարները գանգատեցան եւ չարախօսեցին Վռամին թէ Արտաշիրի եւ թէ Ս. Սահակի մասին, Պարսից թագաւորը երկուքն ալ պաշտօնանկ ըրաւ: Ս. Սահակ վերջնականապէս քաշուեցաւ Բագրեւանդ գաւառ, Դուինի մօտ եւ հոն վախճանեցաւ՝ սրբութեան մեծ համբաւով 440-ին, 92 տարեկանին:

Ս. Սահակին կը վերագրուի Աստուածաշունչի կարգ մը գիրքերու հայերէն թարգմանութիւնը: Բացի այդ, ան ունի կանոնական նամակ մը ուղղուած Հայ Եկեղեցւոյ, բաղկացած՝ վեց գլուխներէ, որոնց նիւթը կը վերաբերի գլխաւորաբար՝ Եպիսկոպոսներու, քահանաներու եւ կրօնաւորներու: Ունի չորս քարոզներ եւ աղօթքներ՝ գիշերային ժամերգութեան մէջ, ինչպէս նաեւ երկու տասնեակէ աւելի շարականներ, որոնք Աւետարանի բովանդակութենէն քաղուած տաղեր են, որոնցմէ յիշատակութեան արժանի են՝ Ղազարոսի Յարութեան վերաբերող շարականները «Օրհնութիւն», «Տէր Երկնից», «Ողորմեա», «Ճաշու» եւ «Տուն Տնօրէնութեան»:

Ծաղկազարդի նուիրուած «Ուրախ լեր Մայր Լուսոյ», «Զգալուստ Քո Քրիստոս այսօր», «Թագաւոր գոլով», «Յորժամ եկն Յիսուս», «Ի Յարութեան աւուր»...

Իսկ Աւագ Հինգշաբթի օրուայ ծէսին «Այսօր կանգնեցաւ», «Արծաթ սիրութեամբ», «Ի Գիշերին յորում», «Ով Սքանչելի»...

Սոյն շարականները յօրինուած են՝ վիպական պատկերումով եւ երբեմն ալ ներքին ապրումներով: Ս. Սահակ Պարթեւի գրութիւնները ունին պարզ ու մաքուր լեզու, բանաստեղծական հանճար, ամփոփուած գեղեցիկ իմաստներով:

Հաղորդաշարը պատրաստած են` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2023, 07:58