«Պենետիկտոս ԺԶ Պապէն սորվինք քաջութիւնը, իմաստութիւնը բարեպաշտութիւնը եւ սիրոյ ու խոնարհութեան մշակոյթը». Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոսի ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը ընկերակցութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանին եւ Հայր Արամ Աբրահամեանին, Պէյրութէն մեկնեցաւ Հռոմ, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներու անունով մասնակցելու համար Սուրբ Պետրոսի մէջ կայանալիք Պենետիկտոս ԺԶ պապին յուղարկաւորութեան արարողութեան։
Ըստ հաղորդագրութեան, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը հաստատած է, թէ «Պենետիկտոս ԺԶ Պապը, առանցքային դեր ունեցած է` Լիբանանին թիկունք կանգնելու գործին մէջ, ու կարեւոր դիրքորոշումներ որդեգրած է 2012ին Լիբանան կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին, ու թէ Անոր կեանքը բնորոշուեցաւ նաեւ հանգրուաններով, որոնց ընթացքին ան յաւակնեցուեցաւ իր խոր աստուածաբանութեամբ եւ հաւատքի հաւատարիմ պահպանումով, իրականացնելով նաեւ յիշողութեան արժանի եկեղեցական ու ընկերային մեծ նպատակներ»։
Հայ Կաթողիկէներու Պատրիարքը աւելցուցած է, որ «Պենետիկտոս ԺԶ Պապը իր Աստուծոյ նկատմամբ սէրը հաստատած է կեանքին վերջին վայրկեաններուն, երբ Ան, ըստ Վատիկանեան աղբիւրներուն ըսաւ. «Տէր` քեզ կը սիրեմ»։
«Թող որ Անոր այսօրուայ անցումը մեզի համար ըլլայ կայարան, ուրտեղէն սորվիլ քաջութիւն, իմաստութիւն, բարեպաշտութիւն և սիրոյ ու խոնարհութեան մշակոյթ» մաղթանք յայտնած է հայ կաթողիկէներու հայրապետը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ