Որոնել

2023.01.17 Settimana unità cristiani chiese Libano

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի շաբթուան բացման արարողութեան

Կիրակի, 15 Յունուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 06։00-ին, Լիբանանի մէջ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան բացումը կատարուեցաւ Պսալիմի յոյն ուղղափառ Սուրբ Ճաուրճիոս եկեղեցիին մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոպսութեան մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի շաբթուան բացման արարողութեան

1908 թուականէն ի վեր, ամէն տարի, Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը կը յատկացուի աղօթքի՝ եկեղեցիներու միութեան համար: Աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ եկեղեցիներ աղօթքներու, շարականներու, աւետարանական ընթերցումներու եւ քարոզախօսութիւններու ճամբով կը շեշտեն եկեղեցիներու միութեան անհրաժեշտութիւնը:

Արդարեւ, Կիրակի, 15 Յունուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 06։00-ին, Լիբանանի մէջ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան բացումը կատարուեցաւ Պսալիմի յոյն ուղղափառ Սուրբ Ճաուրճիոս եկեղեցիին մէջ։ Բացման արարողութեան ներկայ էին հոգեւոր պետեր, համայնքներու առաջնորդներ, հոգեւորականներ եւ հաւատացեալներ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ յիշեալ արարողութեան մասնակցեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։

Յայտնենք, որ 2019-ին, Լիբանանի մէջ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան փակման արարողութիւնը տեղի ունեցած էր Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու եւ եկեղեցական առաջնորդներու: Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական պատգամը ուղղած էր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2023, 07:19