Նիճերիոյ մէջ կաթողիկէ քահանայի մը սպանութիւնը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Կիրակի 15 Յունուարի առաւօտեան լուսաբացին, Նիճերիոյ Միննա Թեմին Քաֆին-Քորօ քաղաքի մէջ գտնուող Սուրբ Պետրոս և Պօղոս կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծխական նստավայրը թիրախ դարձաւ խումբ մը աւազակներու յարձակումին որուն հետեւանքով սպաննուեցաւ Ժողովրդապետ Հայր Իզաաք Աչին եւ վիրաւորուեցաւ անոր օգնականը հայր Քոլլինսը։
Անվտանգութեան ուժերու ժամանումին, աւազակները փախուստ տուած են, հրկիզելով տունը եւ առաջացնելով հայր Աչիի մահը։ Հայր Քոլլինսը անմիջապէս փոխադրուած է հիւանդանոց, ուր կը ստանայ պէտք եղած դարմանները։
Ըստ տեղական ոստիկանութեան տեղեկութիւններուն հետաքննութիւն կը կատարուի եւ ամէն ջանք կը գործադրուի ձերբակալելու համար աւազակները։
Նշենք, թէ այլ յարձակում մըն ալ արձանագրուած է Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան Քասինտի քաղաքի քրիստոնեայ մէկ եկեղեցւոյ դէմ, այսպէս կոչուած «Իսլամական Պետութեան» մարտիկներու ձեռքով,բորուն պատճառով վիրաւորուած են 17 մարդիկ։
Յարձակումը տեղի կ՛ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապին այս ամսուայ աւարտին Քոնկօ եւ Հարաւային Սուտան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ