Հարցազրոյց - Հանդիպում Գերշ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեմեզեանի հետ
Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Վերջին օրերուն Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի խմբագրութիւնը առիթը ունեցաւ հանդիպելու եւ զրուցելու Խմբագրութեան վաղեմի բարեկամ ` Գերշ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեմեզեանին հետ, որ Հռոմ ժամանած էր յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, մասնակցելու Համար Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետի յուղարկաւորութեան, որ տեղի ունեցաւ անցեալ 5 Յունուար 2023ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ։
*****
Ռատիովատիկանի Հայկական բաժնի խմբագրութեան հետ զրոյցի ընթացքին Գերշ. Նարեկ Արք. Ալեմեզեան խօսեցաւ նախ իր Հռոմ գտնուելու առիթին մասին, անդրադառնալով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի յուղարկաւորութեան արարողութեան, ու Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Վատիկանի հետ յարաբերութիւններու մասին, առիթէն օգտուելով նաեւ մեր սիրելի ունկնդիրներուն փոխանցելու Ամանորի, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան տօներուն բարի մաղթանքները։
Հարցազրոյցի ընթացքին շօշափուած երկրորդ նիւթը հանդիսացաւ Լիբանանն ու Լիբանանահայութիւնը յուզող հարցերը.
Հանդիպման ընթացքին շօշափուած նիւթերու շարքին կարելի չէր անտեսել Հայաստանը ու մանաւանդ Արցախ աշխարհի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն ապրած ճգնաժամային օրերը. Նարեկ Արք. Ալեմեզեանի պատասխանը.
Հարցազրոյցի վերջին նիւթը յատկացուեցաւ այս տարի յիշատակուող Հայ Եկեղեցւոյ մեծ Սուրբերէն` Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850րդ յոբելեանին։
Յայտնենք` որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին յուղարկաւորութեան մասնակցեցան նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն պատուիրակութիւն մը որ կազմուած էր` Գերշ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանէ, Գերշ. Բագրատ եպիսկ. Գալստանեանէ եւ Գերշ. Տ. Տիրան եպիսկ. Պետրոսեանէ։ Մինչ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ համապատարագիչ Պատրիարքներու շարքին էր Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս Պատրիարքը, իսկ եպիսկոպոսաց դասուն մաս կը կազմէր` Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ