Որոնել

2019.02.16 San Sarkis

Եկեղեցական գիտելիքներ Յայտնութեան Գ. Շաբաթ (29 Յունուար- 5 Փետրուար 2023)

Շաբաթ 4 Փետրուարին ` տօնն է Ս. Սարգիսի: Այս սուրբը շատ ժողովրդական է հայերու մօտ, թէև ազգով յոյն էր: Ան Բիւզանդական բանակին մէջ կը ծառայէր որպէս զօրավար, դժբախտութիւնն ունեցաւ որպէս կայսր ունենալու Յուլիանոս ուրացողը:
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի օր` առաջաւորաց բարեկենդան է:

Աւետարանին մէջ Քրիստոս իր  աշակերտներուն կը բացայայտէ թէ ինք ունի կերակուր մը զոր իրենք չեն ճանչնար. Քրիստոսի ճշմարիտ կերակուրը հոգեկան է, կը կայանայ Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ։ Ուստի կը խրատէ զիրենք աւելի հետամուտ ըլլալու հոգեւոր կերակուրին քան թէ մարմնաւորին, որ կորստական է։

Նոյնպէս երբ կը խօսի Սամարացի կնոջ հետ, աղբիւրին մօտ` անոր կը խոստանայ տալ ջուր մը որ երբեք չի ծարաւեցներ։ Քրիստոսի խօսքերուն հետեւանքը կ՛ըլլայ ամբողջ գիւղի մը դարձը. Անոնք կը մօտենան առաքեալներուն որպէս պարարտ ու ատոք հունձք մը, զոր Տէրը իրենց համար պատրաստած է։

Երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաջաւորաց պահքի օրեր են: 

Հինգշաբթի՝ 2 Փետրուարը,  Տեառնընդառաջ է.  այսինքն երբ Յիսուսի ծնողքը զինք կը ներկայացնեն տաճար, քառասնօրեայ շրջանը ամբողջացնելէ ետք։ Յատկանշական է մանաւանդ հանդիպումը երկու ծերունիներուն, Սիմէոնի եւ Աննայի, որոնք` ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն` կու գան տաճար մանուկը տեսնելու, այն որ եկած է փրկելու ժողովուրդը, խոստացուած Մեսիան։

Հայ Եկեղեցին այդ օրը կը կատարէ մոմերու օրհնութիւնը։ Ժողովուրդը, այդ օրհնուած մոմերը առնելէ ետք` տուն կը տանի որպէս խորհրդանիշ հաւատքի լոյսին, որ կը լուսաւորէ ամէն քրիստոնեայ ընտանիք։ Նաեւ նոյն օրը, կամ նախորդ օրուայ իրիկունը, ըստ տեղւոյն յարմարութիւններուն, Աւագերէցը անդաստան կը կատարէ դպիրներուն հետ Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ. Անդաստանը զուտ հայկական սովորութիւն մըն է, ուր կ՛օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը, դառնալով վառուած կրակի մը շուրջը։

Ուրբաթ 3 Փետրուարին, կը տօնուի Ս. Վլաս Սեբաստիոյ հայրապետին տօնը։ Ոմանք զինք (Ս.Վլասը) հայ կը կարծեն ծագումով, սակայն որեւէ փաստ չկայ այդ ուղղութեամբ: Ան նշանաւոր եղած է իր բժշկութիւններով, մանաւանդ կոկորդի ցաւէ տառապողներուն համար։ Հալածանքներու ժամանակ, ինք եւս կը բռնուի եւ տարուելով Կեսարիա, շատ մը չարչարանքներու կ՛ենթարկուի. Կը մարտիրոսանայ 316 թուին։ Հռոմի  Ս. Վլասի անուան եկեղեցւոյ մէջ (Via Giulia) ամբողջ օրը պատարագ կը մատուցուի, եւ  հաւատացեալները առիթը կ՝ունենան իրենց  կոկորդը Ս. Իւղով օրհնել տալու . Երեկոյեան կը մատուցուի Հայածէս ձայնաւոր պատարագ: 

Շաբաթ  4 Փետրուարին `  տօնն է Ս. Սարգիսի:  Այս սուրբը շատ ժողովրդական է հայերու մօտ, թէև ազգով յոյն էր: Ան Բիւզանդական բանակին մէջ կը ծառայէր որպէս զօրավար, դժբախտութիւնն ունեցաւ որպէս կայսր ունենալու Յուլիանոս ուրացողը:  Սարգիս չկարենալով հանդուրժել այս մեծագոյն դաւաճանութիւնը, Յիսուս Քրիստոսի մեր ճշմարիտ Տիրոջ և Աստուծոյ հանդէպ, թողուց Բիւզանդիոնը և ապաստանեցաւ Հայաստան, ուր սակայն կ՝իշխէր նոյնպէս անօրինական թագաւոր մը՝ Տիրան, որ սպաննել տուած  էր Յուսիկ Սուրբ հայրապետը: Սարգիս իր որդւոյն Մարտիրոսի հետ,  մեկնեցաւ  Պարսիկներու մօտ,  ուր  թագաւորը մեծ հիւրասիրութեամբ   ընդունեցաւ զինք և պաշտօն տուաւ իր բանակին մէջ:  Սակայն  երբ ան սկսաւ քարոզել  քրիստոնէութիւնը,  և դարձի  բերել պարսիկ զինուորները,  զինք գլխատել տուաւ իր որդւոյն և 14  քրիստոնեայ դարձած՝ Պարսիկ զինուորներուն հետ միատեղ,  363 թուին:  

Նոյն օրը կը տօնենք Ոնեսիմոս՝  Պօղոս Առաքեալի աշակերտներէն մին,  որուն մասին վկայութիւն տուած է առաքեալը, Փիլեմոնի ուղղած իր թուղթին մէջ: 

Կիրակի 5  Փետրուարը՝  Առաջաւորի Ա. Կիրակին է: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2023, 08:15