Որոնել

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս եւ Ֆրանսացի պատգամաւոր  Ֆրանսուա Կզավիէ Պելլամի Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս եւ Ֆրանսացի պատգամաւոր Ֆրանսուա Կզավիէ Պելլամի 

Եւրոպական Խորհրդարանի ֆրանսացի պատգամաւոր Ֆրանսուա Կզավիէ Պելլամիի այցելութիւնը Հոգեւոր Տիրոջ

Ողջունելով յարգարժան հիւրը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր խոր մտահոգութիւնը փոխանցեց Հայաստան Արցախ կեանքի ճանապարհ հանդիսացող Կորիս Ստեփանակերտ ճանապարհի ապօրինի փակման կապակցութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Չորեքշաբթի 20 Դեկտեմբեր 2022 Զմմառու մայրավանքին մէջ կայացաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի հանդիպումը Լիբանան այցով ժամանած Եւրոպական Խորհրդարանի ֆրանսացի պատգամաւոր տիար Ֆրանսուա Կզավիէ Պելլամի հետ։

Եւրոպացի պատգամաւորի խնդրանքով Հոգեւոր Տէրը զայն ընդունեց Զմմառու դարաւոր վանքին մէջ եւ հանդիպման մասնակցեցան Զմմառու Վանքի Մեծաւոր եւ Պատրիարքական Փոխանորդ գերյ. Գաբրիէլ Ծ. Թ. Վրդ. Մուրատեան եւ վանական Հայրեր։

Ողջունելով յարգարժան հիւրը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր խոր մտահոգութիւնը փոխանցեց Հայաստան Արցախ կեանքի ճանապարհ հանդիսացող Կորիս Ստեփանակերտ ճանապարհի ապօրինի փակման կապակցութեամբ։

Ան շեշտեց որ Լաչինի միջանցքի փակումը դէմ է ոչ միայն 2020 թուականի նոյեմբեր 9ին կնքուած եռակողմ յայտարարութեան կէտերուն այլ նաեւ մարդկային տարրական իրաւունքներուն եւ կը յանգեցնէ մարդասիրական աղէտի։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ այլ կարեւոր հարցեր հայող Հայաստանին եւ Արցախին։

Եւրոպացի պատգամաւորը համաձայն գտնուեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ հետ թէ Եւրոպան պէտք չէ միայն աջակցութիւն յայտնէ այլ ժամանակն է որ ան գործնական քայլեր ձեռնարկէ։

Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ Միջին Արեւելքի կացութիւնը ի մասնաւորի կենդրոնացան Լիբանանի առկայ խնդիրներուն վրայ կարեւորելով երկխօսութիւնը ու ներլիբանանեան հաստատութիւններու զօրացմամբ առկայ ճգնաժամեր յաղթահարելու հրամայականը։

Հանդիպման աւարտին Հոգեւոր Տէրը առ ի շնորհակալութիւն տիար Ֆրանսուա Կզավիէի անցելութեան անոր նուիրեց Զմմառու Տիրամօր իւղաներկ պատկերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2022, 07:19