Որոնել

Յիսուս Մանուկ Յիսուս Մանուկ 

«Եկուր Տէր Յիսուս թէ հեռացիր մեզմէ» Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը հրաւէր է մեզի, որպէսզի մեր սրտերը մաքրենք, եւ հրաւիրենք Յիսուսը, որ գայ եւ իր բնակութիւնը հաստատէ մեր մէջ:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ըստ ծիսական օրացոյցին կը գտնուինք Յիսնակի ժամանակաշրջանին մէջ: Յիսնակը, եկեղեցւոյ դասաւորումով, մեզ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան պատրաստով ժամանակաշրջանն է: Այս ժամանակահատուածը կը կոչուի նաեւ Գալստեան Յիսնակ(L'Avent), մատնանշելով Յիսուս առաջին գալուստը աշխարհ :
Յիսուս ՝ խօսելով իր աշխարհ գալստեան նպատակին մասին ըսաւ՝

«Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. վասն զի զիս օծեց աղքատներուն աւետարան քարոզելու, զիս ղրկեց կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու,mգերիներուն ազատութիւն եւ կոյրերուն տեսութիւն քարոզելու, հարստահարութիւն կրողները ազատելու, Տէրոջը ընդունելի տարին քարոզելու» (Ղուկ. 4:18-19):

Մեզմէ ո՞վ չուզէր բժշկութիւն, աղքատութենէ ազատագրող աւետիսը ... Անշուշտ ասոնք Քրիստոսի փրկութիւնը դրսեւորող վիճակներ են: Ան եկաւ աշխարհ « որպէս զի կորսուածը փնտռէ ու փրկէ» ( Ղուկ. 19:10):

Սակայն մարդը այս բարի լուրը շատ ալ հաճոյքով չընդունեց:

Ս. Մարկոս իր աւետարանին Ե. Գլխուն մէջ կը պատմէ դէպք մը, ուր Յիսուս անցնելով ծովուն անդիի կողմը՝ Գադարացիներուն երկիրը կ'երթայ: Հոն կար շղթայակապ դիւահար մարդ մը, որ գերեզմաններուն մէջ կը բնակէր: Ան գիշեր ու ցորեկ գերեզմաններուն ու լեռներուն մէջ կը կանչվռտէր ու իր մարմինը քարերով կը ճեղքռտէր (Մարկ, 5:1-5): Յիսուս տեսնելով այս մարդը, կը հրամայէ պիղծ ոգիներուն, որպէսզի թողուն զինք եւ մօտակայ գտնուող խոզերուն երամակին մէջ մտնեն: Ապա խոզերու «երամակը գահավէժ տեղէն ծովը վազեց, երկու հազարի չափ կային, ու ծովուն մէջ խեղդուեցան»: Այս դէպքին ետք քաղաքացիները «եկան տեսան դիւահարը, որ հագուած ու խելքը վրան եկած նստեր էր ու վախցան ... Անոնք ալ աղաչեցին Յիսուսին, որպէս զի իրենց սահմաններէն երթայ»։
Կրնանք խորհիլ, թէ Յիսուսի բերած բժշկութիւնը ուրախութիւն պիտի պատճառէր եւ մարդիկ պիտի խնդրէին իրմէ, որպէսզի իրենց հիւանդներն ալ բժշկէ: Սակայն հակառակը եղաւ. ի տես այս խեղճ մարդուն ազատագրումին, անոնք խնդեցին Յիսուսէն, որ հեռանայ իրենց քաղաքէն:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ «մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, քանզի իրենց գործերը չար էին» (Յովհ. 3:19): Անոնք կ'ապրէին պատուիրանազանցութեամբ՝ զբաղելով խոզերու անասնապահութեամբ: Ընդունիլ Յիսուսը, պիտի նշանակէր իրենց մեղսալից աշխատանքէն հեռանալ: Հետեւաբար ընտրեցին խաւարը, Յիսուսի բերած լոյսին փոխարէն:
Ներկային ալ շատ բան չէ փոխուած: Մարդիկ կը պատրաստուին Ծնունդ տօնախմբելու, «Տէրունի օրը սուրբ պահէ» պատուիրանը խախտելով: Յիսնակը, որ պատրաստութիւն է Յիսուս ընդունելու, այլեւ ոչ մէկ իմաստ ունի: Մարդ՝ անգամ մը եւս կը նախընտրէ խաւարը եւ մեղքը, Յիսուսի բերած փրկութեան փոխարէն: Եւ զարմանալին այն է, որ նոյն այս մարդը միշտ գանգատի մէջ է իր իսկ ձեռքով հիւսած դժբախտութենէն:

Եկեղեցւոյ «Ամէն Եկուր Տէր Յիսուս» աղաղակը, փոխարինուած է «հեռացիր մեր քաղաքէն» խնդրանքով:
Հակառակ ծննդեան հրճուելի երեւոյթներուն, Յիսուս տխուր է մարդկութեան մեղքին համար: Մարդուն բոլոր գործերը ցոյց կու տան, որ ան կը մերժէ Յիսուսը:

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը հրաւէր է մեզի, որպէսզի մեր սրտերը մաքրենք, եւ հրաւիրենք Յիսուսը, որ գայ եւ իր բնակութիւնը հաստատէ մեր մէջ: Որովհետեւ միայն սրտով մաքուրները կրնան տեսնել զԱստուած (Մտթ.5:8): Ան ժամանակ պիտի վայելենք իր բժշկութիւնն ու ազատագրումը. մեր սրտերը իսկական ուրախութեամբ պիտի լեցուի եւ իր հետ պիտի քալենք արքայութեան տանող ճամբով:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2022, 08:07