Որոնել

Mesrop_Mashtots_by_Francesco_MajottoAEM.jpg

ՀԱՂՈՐԴԱՇԱՐ. "Հայ եկեղեցւոյ շարակնոցը հարստացնող հայրերը"

Արեւմտեան Հայաստանի եկեղեցիներուն մէջ արարողութիւններն ու կրօնական դպրութիւնը յունարէնով կը կատարուէր, իսկ արեւելեան Հայաստանի մէջ՝ ասորերէնով: Խուսափելու համար հայ եկեղեցիի ջլատումէն, հարկաւոր էր եկեղեցական-կրօնական արարողութիւնները ըլլային հայերէն լեզուով եւ ոչ օտար լեզուներով, որոնցմէ ժողովուրդը ոչինչ կը հասկնար:
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ներածական

Ե. դարուն, Հայաստանը բաժնուած էր արեւելեան եւ արեւմտեան մասերու: Երկրին քաղաքական միասնութիւնը ապահովելու համար, անհրաժեշտ էր որ քրիստոնէութիւնը խոր եւ կայուն արմատներ դնէր, դառնար ազգային միացման ուղին եւ յենարանը: Ճիշդ է, հայերը դեռեւս մէկ դար առաջ արդէն քրիստոնեայ դարձած էին, բայց քրիստոնէութիւնը դեռեւս չէր թափանցած երկրին բոլոր անկիւնները եւ հաստատուն տեղ չէր գրաւած հայ կեանքին մէջ:

Արեւմտեան Հայաստանի եկեղեցիներուն մէջ արարողութիւններն ու կրօնական դպրութիւնը յունարէնով կը կատարուէր, իսկ արեւելեան Հայաստանի մէջ՝ ասորերէնով:

Նոյն դրութիւնը կը տիրէր նաեւ դպրոցներէն ներս, ուր կ'ուսուցանուէր յունարէն եւ ասորերէն լեզուները:

Խուսափելու համար հայ եկեղեցիի ջլատումէն, հարկաւոր էր եկեղեցական-կրօնական արարողութիւնները ըլլային հայերէն լեզուով եւ ոչ օտար լեզուներով, որոնցմէ ժողովուրդը ոչինչ կը հասկնար: Միւս կողմէն, հայ մտաւորականները, որոնք յունական եւ ասորական կեդրոններուն մէջ կը ստանային իրենց ուսումը, հետզհետէ կը հեռանային հայ ազգային մշակոյթէն՝ ձեռք բերելով օտար կրթութիւն:

Ինքնահաստատման միջոցը եւ պայքարի ներքին յենարանը՝ այս ամէնուն դէմ դարձած էր հայոց եկեղեցին եւ քրիստոնէութիւնը: Յատկապէս, երկրին արեւելեան հատուածին համար նոր կրօնի արմատաւորումը քաղաքական խնդիր էր՝ ընդդէմ զրադաշտական Պարսկաստանին:

Կրօնական այս նոր փիլիսոփայութիւնը կը հետապնդէր նաեւ մշակութային զարգացման ուղիներ, ուրուագծերու՝ հայկական ընդհանուր մտածելակերպ, որու համար հարկաւոր էր արարել սեփական գիրեր, որովհետեւ բոլոր հարցերու լուծումը Աստուծմէ է եւ ոչ մարդոցմէ, ապա ինչպէս Հին Կտակարանին մէջ Աստուած օրէնսգիրքը պարգեւեց Մովսէսի ձեռամբ իր ժողովուրդին, այդպէս ալ Հայոց Այբուբենի տառերը շնորհեց Մաշտոցի ձեռքով: Երբ վերջինս անդորրային գիշերով մը ոչ քուն, ոչ արթուն վիճակի մէջ կ'երազէր, սոյն երազը սրտի աչքով տեսիլքի մը վերածուելով յայտնուեցաւ Հայոց սրբազան գիրերը, սրբազան որովհետեւ ստեղծուեցաւ յանուն քրիստոնէական կրօնի եւ ճշմարտի հաւատքի ամրապնդման ի խնդիր, իսկ կարեւորագոյն բարիքը եղաւ այն, որ երկու գերտէրութիւններու՝ Պաստկաստանի եւ Բիւզանդիոնի լուծերու միջեւ խարխափող հայը՝ ձեռբազատելով վերոյիշեալ երկիրներու կապանքներէն, գտաւ ինքզինք եւ նոր ստեղծուածգիրերով խոյացաւ դէպի մշտնջենաւորութիւն:

Ս. Մեսրոպ Մաշտոցէն մեզի հասած են հոգեւոր երգերու հարուստ գանձարան մը, իրեն կը պարտինք հարիւրէ աւելի շարականներ, որոնցմէ կարեւորագոյնները ապաշխարութեան երգերը, որոնք մաս կը կազմեն («Հարցեր», «Ողորմեաներ» եւ «Տէր Յերկնիցներ») կոչուող շարականներուն:

Հարցերը – 42 երգեր են, բաղկացած վեցական տուներէ: Իւրաքանչիւր երգ բաժնուած է երկու մասի, առաջին երեք տուները կը կոչուին Հարց, ուր հեղինակը կը յայտնէ իր գաղափարը, իսկ յաջորդ երեք տուներ՝ Գործք՝ որտեղ կը փառաբանուի Տէրը՝ «Երգէին մանկունքն ի հնոցին եւ ասէին...»:

Ողորմեաները – Այստեղ վերջին դատաստանի գաղափարէն սարսափած Մաշտոց, ամենաբարին Աստուծմէ կը խնդրէ ողորմութիւն եւ մեղքերու թողութիւն, որոնք «Ծանր են քան զաւազ ծովու», «Հայր բազումողորմ... թող ինձ զմեղս իմ եւ ողորմեա»:

Տէր Յերկնիցները – Որոնք 3_4 տուներէ բաղկացած փառաբանական եւ օրհներգական բնոյթի, զղջումի եւ ողբի զգացումներու՝ փոխարինումն է ապաշխարութեան՝ «Օրհնեցէ՛ք զՏէր» եւ «Բարձր արարէ՛ք զնա յաւիտեան»: «Անկանիմք առաջի քո»:

Ս. Մաշտոց առաջինն է, որ սաղմոսերգութեան երեք կանոններուն համապատասխան ստեղծեց շարականներու վերոյիշեալ՝ Հարցերը, Ողորմեաները, Տէր Յերկնիցները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2022, 07:36