Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (8)
Ը. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Աղաճանեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան և Զմմառու վանք երկրորդ այցելութեան:
11 Յունիս 1935-ին, Հռոմայ Ս. Աթոռը ի տես Աղաճանեան վարդապետին կարողութեանց, յաջողութիւններուն և նուիրումին՝ զինք կը կոչէ եպիսկոպոսութեան կարգին: Ամիս մը ետք, Յուլիս ամսուն 21-ին, ան ձեռամբ Սարգիս Արք. Տէր Աբրահամեանի եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի, Հռոմայ Ս. Նիկողայոս եկեղեցիին մէջ: Այսուհանդերձ, Աղաճանեան եպիսկոպոս միանգամայն կը շարունակէ վարել Լեւոնեան վարժարանի Մեծաւորի իր պաշտօնը և Ուրբանեան գոլէճէն ներս իր դասաւանդութիւնները:
Այդ օրերուն, Յուլիս ամսու 19-ին, վախճանած ըլլալով Զմմառու վանքի Մեծաւոր՝ Գերյարգելի Կարապետ Ծ.Վ. Պատուհասեան, Երջանկայիշատակ Աւետիս Պետրոս ԺԴ. Արփիարեան Կաթողիկոս Պատրիարքը կ'իմացնէ վանքի հասարակութեան թէ նորօծ եպիսկոպոս՝ Ֆրանչիսկոս Աղաճաեան Զմմառու Միաբանութեան դարձեալ Առաքելական այցելու նշանակուած է և կը խնդրէ վանականներէն նոր Մեծաւորի մը ընտրութեան համար՝ սպասել անոր ժամանումին: Այնուհետեւ, իր նուրբ և խոստումնալից առաքելութեան երկրորդ հանգրուանի կատարումին համար, Ֆրանչիսկոս Եպիսկոպոս իսկոյն 8 Օգոստոս 1935-ին, շոգենաւով Պէյրութ կը ժամանէ և երկու օր ետք Զմմառ կը բարձրանայ: Ա
յդ օրը, վանքի զանգակներու զուարթագին ղօղանջիւնով՝ վանաբնակ վարդապետները և Ընդհանուր ժողովին համար հրաւիրուած միաբան պատուիրակները և ամբողջ հասարակութիւնը մեծ խանդավառութեամբ կը դիմաւորեն Արհիապատիւ Աղաճանեանը: Վերափոխման տօնին առթիւ՝ ան սուրբ Պատարագ կը մատուցանէ և յետ պատարագին կը կատարէ խաղողօրհնէք:
Յաջորդ օրն իսկ կը գումարուի Միաբանութեան Ընդհանուր ժողովը նախագահութեամբ՝ Աղաճանեան Եպիսկոպոսի, և մասնկացութեամբ զանազան երկիրներէ հրաւիրուած միաբան պատուիրակներուն: Ժողովի սկիզբը, Զմմառու Միաբանութեան կանոնագրին անդրադարձ ըլլալէ ետք, կ'ընտրուի և կը կազմուի նոր վարչութիւնը վերոյիշեալ կանոնագրքին համաձայն:
Ի միջի այլոց՝ Պապական Այցելուն հետամուտ կ'ըլլայ Զմմառու կղերանոցի բարգաւաճման և կու տայ նաեւ ուրախալի լուրեր Միաբանութեան նորընծաներու մասին, որոնք նախորդ տարին Հռոմ գացած էին: Ան կը գովէ անոնց բարեպաշտութիւնը և ուսումներուն մէջ արձանագրած փայլուն յաջողութիւնները: Եզրակաբար, Զմմառու վանքին մէջ հակիրճ կեցութեան միջոցին՝ յատուկ սէր մը կը ծնի ապագայ Պատրիարքին և Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան միջեւ: Եւ յիրաւի, Զմմառու վանքը և Միաբանութեան արժանիքները ի սպաս Եկեղեցւոյ՝ Աղաճանեանի սրտին մէջ հիացում կը ստեղծեն: Միաբանութիւն մը որ պատկառելի Հայրապետներ, նուիրեալ առաքեալներ և նահատակներ տուած էր Հայ ժողովուրդին և Եկեղեցւոյ:
Առաւել, Աղաճանեան Եպիսկոպոսին այս նախաձեռնութիւնը և իրագործումը մեծ գնահատանքի արժանացած էր, և Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներուն մտքին ու սրտին մէջ՝ ան իւրայատուկ տեղ գտած: Յետ այսորիկ, Աղաճանեան յաջողութեամբ պսակելէ ետք Զմմառու վանք կատարած իր առաքելութիւնը կը վերադառնայ Հռոմ: Հետագային, իր գահակալութեան շրջանին՝ նոր կանոնագիրքերով պիտի օժտուէին Զմմառեան Կաթողիկոսական Միաբանութիւնն ու Անարատ Յղութեան Քոյրերու Միաբանութիւնը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ