Որոնել

Կարդինալ Աղաճանեանը Պօղոս Զ Պապին հետ Կարդինալ Աղաճանեանը Պօղոս Զ Պապին հետ 

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (6)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Հռոմի մէջ Աղաճանեան վարդապետի կրթական գործունէութեան:

Զ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Հռոմի մէջ Աղաճանեան վարդապետի կրթական գործունէութեան:

Ուշագրաւ է թէ՝ Աղաճանեան հազիւ Հռոմ ժամանած էր, Ուրբանեան հռչակաւոր համալսարանը փութով կ'օգտագործէ իր նախկին սանին բացառիկ կարողութիւնները, վերապահելով անոր նախ իմաստասիրութեան, ապա իսկոյն Աստուածաբանութեան իր նախասիրած դասաբեմը:

Յաջորդաբար ան կը ստանձնէ նաեւ Արեւելեան Աստուածաբանութեան մասնագիտական դասաբեմը, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ սուրբ Խորհուրդներու վերաբերեալ նիւթեր: Առաւել, Ֆրանչիսկոս վարդապետ Հռոմի Լեւոնեան Ք. Հայ վարժարանէն ներս 1921-էն 1932թ., ուսուցչական ասպարէրզի կողքին՝ կը վարէ նաեւ փոխ տեսուչի պաշտօն, ստանձնելով անոր դաստիարակչական պատասխանատուութիւնը և օժանդակելով իր յոյժ սիրելի դաստիարակին՝ Գերպ. Սարգիս Թ.Ծ.Վ. Տէր-Աբրահամեանի, որ նախկին Առաքելական Կառավարիչն էր Կովկասի Հայ Կաթողիկէ համայնքին:

Այնուհետեւ 1932-ին, կը նշանակուի Մեծաւոր Հռոմի Լեւոնեան Ք. դպրեվանքին, յաջորդելով իր հոգեւոր հօր՝ Տէր Աբրահամեան Գերապայծառին և այս պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1937թ.:

Արդարեւ, մեծաւորութեան յոյժ փափուկ պաշտօնին մէջ է որ Հ. Ֆրանչիսկոս կը նուիրուի յօգուտ երիտասարդ նորընծաներու, որոնք յոյսերն էին Հ. Կ. Նուիրապետութեան:

Ան օրինակ և ղեկավար կը հանդիսանայ այդ քահանայացուներուն. բարձր պահելով Լեւոնեան հաստատութեան վարկը, որ հիմնարկութեան օրէն պատիւ բերած է հայութեան այդ համաշխարհային կեդրոնին մէջ:

Յիրաւի, Աստուծոյ ծառայ՝ Աղաճանեան վարդապետը, այնքա՜ն խոնարհ, այնքան առլի քրիստոնէական իմաստութեամբ՝ տասնըվեց տարի անընդհատ (1921-1937), համալսարանի ուսուցչապետի և դասախօսի հանքամանքով՝ կը դաստիարակէ և կը կազմաւորէ բազմաթիւ երիտասարդ կղերիկոսներու միտքերն ու հոգիները, իր օծուն խօսքերով, իր առինքնող նկարագրով, և քահանայական օրինակելի կեանքով:

Իրաւամբ, ամէն առաւօտ ուսանողներ ամբողջ ժամ մը յափշտակութեան մէջ կ'անցնէին Աղաճանեանի ամպիոնին առջեւ: Ստուգիւ, այս պաշտօնը ինքնին պատիւ կը բերէր Հայ Եկեղեցւոյ, որովհետեւ աշխարհի ամէն կողմէն հազարաւոր աշակերտներ պատիւ կ'ունենան ունկնդրելու հայ հոգեւորականը, դիւթուելով անոր անսեթեւեթ բնաւորութենէն, քաղցր լեզուէն, որ դիւրացնելու համար աշակերտներու ըմբռնումը՝ կը գործածէր լատիներէնն ու իտալերէնը, անգլերէնն ու ֆրանսերէնը:

Անտարակոյս, իբրեւ դասատու, այդ ժամանակաշրջանի աշակերտներուն հիացմունքի առարկան դարձած էր, որոնք երբե՛ք պիտի չմոռնային իր հեզութիւնը, բարութիւնը և հայրական գորովը:

Աշակերտներէն մին՝ հետեւեալ վկայութիւնը տուած է. «Քահանայական վարուց արեգակին՝ Ս. Հաղորդութեան ճաճանչներն էին, որ կը ցայտէին անոր սրտէն և անցնելով պերճախօս լեզուէն կու գային լուսաւորելու մեր մտքերը և բորբոքելու մեր սրտերը»:

Հուսկ, Աղաճանեան վարդապետ՝ Հռոմի Ս. Աթոռին մօտ միաժամանակ կը վարէ այլ պաշտօններ եւս՝ նշանակուելով Արեւելեան Եկեղեցիներու Ս. Ժողովին խորհրդական, ապա Հռոմայ եպիսկոպոսարանին մէջ քահանայութեան թեկնածուներուն քննիչ կը կարգուի, ինչպէս նաեւ՝ անդամ կ'ըլլայ արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագրքի կազմութեան յանձնախումբին:

Տեղին է յիշել թէ այդ ժամանակաշրջանին՝ Պիոս ԺԱ. Սրբազան Քահանայապետը զայն կը նշանակէ հոգեւոր այցելու Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան և Նորընծայարանին: Եւ ահա ան կը մեկնի Լիբանան՝ Զմմառեան Միաբանութեան կանոնագիրքը պատրաստելու յոյժ կարեւոր առաքելութեամբ:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2022, 08:00