Արցախի Թեմի եկեղեցիներուն մէջ միասնական աղօթք
Արցախի թեմի եկեղեցիներուն մէջ պիտի հնչէ միասնական աղօթք: Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի տարածած յայտարարութեան մէջ կը նշուի.
«Սիրելի արցախցիներ,
Պատերազմի հետեւանքով ազգային մեր կեանքին մէջ տեղ գտած խնդիրներն ու դժուարութիւնները յաղթահարելու համար այսօր անհրաժեշտ է միաւորուիլ բոլոր ոլորտներուն մէջ, եւ առաջի՛ն հերթին՝ հոգեւոր դաշտի, քանզի «Հոգին է կենդանարար. Մարմինը ոչ մի բան չի կարող անել» (Յովհ. 6:64):
Արցախի թեմի եկեղեցիներուն մէջ Կիրակի օրերուն, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, պիտի կատարուի խաղաղութեան աղօթքի յատուկ կարգ, իսկ Ուրբաթ օրերուն, ժամը 18:00-ին, միասնական աղօթք:
Կը հրաւիրենք բոլորդ միանալու մեր երկրի խաղաղութեան եւ անսասանութեան համար կատարուող աղօթքներուն: Կը տեղեկացնենք նաեւ, որ ամէն օր ժամը 18։00-ին կատարուող երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին տեղի կ՝ունենայ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն եւ բացատրութիւն»:⠀
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ