Տօն Ծննդեան Քրիստոսի «Դուն Հօրմէն ծագեցար, որպէս արդարութեան արեգակ»
Մեր աննման շարականներու գանձէն կը քաղեմ այս խօսքը. Խորհուրդ մեծ շարա-կանի 7-րդ տունն է, որ դժբախտաբար յաճախ չերգցուիր։ Քրիստոս այն լուսաւոր արեւն է արդարութեան, որ ծագեցաւ Հօրմէն եւ հանգեցաւ մեր վրայ։ Մեր շարականները լի են աստուածաբանական ճոխ բովանդակութեամբ, ինչպէս նաեւ հոգեկան խորք ունեցող բացատրութիւններով։ Որով մեր վարդապետական դպրոցները, որ աւա՜ղ այսօր գո-յութիւն չունին այլեւս, ժամանակին ծաղկած էին ամբողջ Հայաստանի մէջ, նոյնիսկ երկրի ճգնաժամային ու նեղ օրերուն, գործելով որպէս հայ հոգիի եւ մտքի դաստիարակչական անուանի կեդրոններ եւ պահելով ու պահպանելով մեր հերոս ժողովուրդի ամէնէն սրբազան աւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ միշտ կանգուն ու կենդանի պահելով անոր աննկուն հաւատքը Քրիստոսի հանդէպ։
Արդարութեան այս արեգակը, Յիսուս է` որ կու գայ Հօր ծոցէն, կը լուսաւորէ բոլոր արարածները։ Քրիստոսի ծննդեան անուանի նկարիչները միշտ այնպէս կը ներկա-յացնեն ծնունդը, իբրեւ թէ լոյսը Յիսուսէն կը ծագի եւ կը լուսաւորէ իր շուրջը գտնուող բոլոր էակները։ Ուրեմն այդ լոյսը բնական չէ, այլ գերբնական։ Ան է ճշմարիտ լոյսը, որ կու գայ բոլոր արարածներու մտքերն ու սրտերը աստուածային գիտութեամբ լուսաւորելու։ Հրեշտակները հոգեղէն արարածներ են. Կարելի չէ զանոնք տեսնել մեր հողեղէն աչքերով. Սակայն այս պարագային` աւետելու համար Քրիստոսի ծնունդը հովիւներուն, անոնք երեւութապէս կը յայտնուին մարդոց` պարուրուած լոյսերով, ներկայանալով որպէս լուսեղէն արարածներ, որոնք լոյս կը սփռեն իրենց շուրջը։
Շարականը կ՛աւելցնէ թէ` հովիւները, տեսնելով արդարութեան արեգակը, հրեշ-տակներուն հետ միանալով կ՛երգէին. Փառք ի բարձունս Աստուծոյ։ Այսօր աստուա-ծութիւնը կը միանայ մարդկութեան, Արարիչը կը դառնայ արարած, հակառակ աշխար-հի մէջ ի զօրու եղող բնութեան բոլոր օրէնքներուն։ Այլեւս նոր օրէնք մը կը սկսի տիրել աշխարհի վրայ, մարդոց առջեւ բանալով դռները նոր թագաւորութեան մը։ Շարականը կ՛աւարտի մեզ ամէնքս հրաւիրելով որ միանանք հրեշտակներու եւ հովիւներու ձայնե-րուն եւ մենք եւս փառաւորենք արդարութեան արեգակը։
Հարց պիտի տանք մենք մեզի թէ Քրիստոսի գալուստով` արդեօք աշխարհն աւելի՞ արդար եղաւ. Արդեօք վերացա՞ն ընկերային անհաւասարութիւնները մարդոց մէջէն. Արդեօք մարդիկ սորվեցա՞ն իրար սիրել եւ իրարու իրաւունքները յարգել. Թէ ամէն ինչ նոյնպէս կ՛ընթանայ, իրաւունքը միշտ զօրաւորին է ու բռնաւորին, հարուստ եւ աղքատ դասակարգերու միջեւ եղած վիհը օրէ օր աւելի կ՛աճի, փոխանակ նուազելու։ Եթէ այդ-պէս է, ուրեմն ի՞նչ փոխուեցաւ Քրիստոսի գալստեամբ։ Շատ տեղին է այս հարցումը, եւ անոր պատասխանը կենսական հարց մըն է մեզմէ ամէն մէկուն համար։
Ճիշդ է որ Քրիստոս չհարստացուց աղքատները բայց ըսաւ` երանի՜ աղքատներուն. Չմխիթարեց սգաւորներն ու տառապեալները, բայց ըսաւ` երանի՜ լացողներուն. Բռնա-բարուած անձերու իրաւունքին տէր չկանգնեցաւ, բայց ըսաւ` երանի՜ հալածուածնե-րուն… Այս խօսքերով մենք այլեւս գիտենք թէ ուր կը գտնուին իսկական արժէքները մարդկութեան. Այժմ կը հասկնանք գէթ մասամբ Քրիստոսի պատգամին իսկական իմաստը. Անով աշխարհ մտաւ հոգւոյ առաջնահերթութիւնը։ Մարմնաւոր կեանքը կը պահէ իր արժէքը, սակայն հոգեւորը գերադաս է։ Հրեշտակներուն հետ մենք եւս երգենք.
Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ խաղաղութիւն` երկրի բոլոր մարդոց. Ամէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ